Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ. Ոչ

$
0
0

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

0120norayrdadourianՀայրենի լեռներուն վրայ, աշակերտական հանրակառքի մէջ, Բարինի հետ ժամ մը առաջ «այո» բառի մասին սկսած զրոյցը իր աւարտին կը հասնի: Հասած ենք Գորիս: «Միրհաւ» հիւրանոց: Ծաղկաւէտ բուսականութեամբ պարուրուած գողտրիկ տուն-պանդոկ մը, որ իր անունը առած է յայտնի թռչունէն:

– Բարի՛ն, ի՞նչ էր հարցումդ:

– Պարո՛ն, կա՞ն այո-էն աւելի դրական ոչ-եր:

– Անկասկա՛ծ: Նախ, բոլորս սեղան նստինք, ապա մտածենք «ոչ»ին մասին:

Ո՛չ յոգնածութիւն, ո՛չ ձանձրոյթ: Հակառակ երկարատեւ ճանապարհորդութեան, ճաշասրահէն ներս կայ պատանեկան աշխուժութիւն: Կը շուրջբոլորենք հաւաքական սեղանը: «Ճաշակեսցուք խաղաղութեամբ…»: Կը նստինք հացի ու կը վայելենք ա՛յն, ինչ հայրենի հողը պարգեւած է. լաւաշ, պանիրի տեսականի, կանաչիներ, լոլիկ-վարունգով աղցան…: Խանդավառութիւնը նաեւ կը գտնէ իր զուարթ ձայնը: Վէմը, ինքնաբուխ մեներգիչ, կը սկսի «Երգ Բաքոսի»ն երգելու: Ինք՝ հինգ տուները, դասընկերները՝ կրկներգները:

«Ակոռիի մեծ կարասին բոլորտիքն են բազմեր, աւագ իշխանք եւ պարոնայք ժողովք են հոն կազմեր…»: Բոլորս կը ձայնակցինք. «Այո՜, այո՜, ժողովք են հոն կազմեր»:

– Բարի՛ն, «ոչ»ը շատ դրական է, շինի՛չ: Հակառակ իր սահմանափակ չափերուն, անիկա եղաւ զարմանալիօրէն պտղաբեր, առատաձեռն: Այս փոքրակազմ միավանկը մայրենիին պարգեւեց երեսունի չափ բառ, ինչպէս՝ ոչինչ, ոչուփուչ, ոչնչութիւն, չաստուած, չքմեղանք, չնաշխարհիկ… Յիշէ՛, թէ ոչ մէկ բառ ծներ էր այո-էն: Եւ նայէ Սուրբ Գիրքին: Հոն «այո»ի 42 գործածութեան դիմաց՝ ոչ-ի ընտանիքը ունի խոշոր ներկայութիւն՝ 8000 գործածութիւն:

Վէմը կը շարունակէ խանդավառել սեղանը. «Սաստիկ է վէճն, մեծ է խնդիրն, զոր այնտեղ կը խորհին, թէ ի՛նչ կերպով դարման մ՛ընեն հիւանդ մեր աշխարհին»: Կրկներգը կու գայ միաբերան. «Այո՜, այո՜, հիւանդ մեր աշխարհին»:

– Պարո՛ն, առօրեային մէջ աւելի շատ ոչ-ե՞ր կան, թէ այո-ներ:

– Ո՛չ-եր: Փա՞ստը. ոչ-ով կազմուած բազմաթիւ դարձուածքներ եւ արտայայտութիւններ: Ո՛չ ոք գիտէ, թէ ե՛րբ եւ ո՛ւր ծնունդ առած են անոնք, սակայն կը շարունակեն համեմել մեր զրոյցները: Քանի մը օրինակ. ոչ այլ կերպ, ոչ արասցէ, ոչ իսկ, ոչ արեւ տեսած՝ ոչ անձրեւ թակած, ոչ ոք, ոչ ապաքէն, ոչ բարով, ոչ միայն հացիւ… Հայաստանի ոտնագնդակի հաւաքականը Յունիսին խաղացած էր Մալթայի դէմ: Արդիւնքը կը յիշե՞ս:

– Ո՛չ ոքի:

Ճաշասրահին մէջ ո՛չ միայն մենք ենք, այլեւ կան բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ: Մեր կողմ դարձած ու անակնկալի եկած, ժպտադէմ կը լսեն մեր երգը: Ափսո՜ս, որ չեն կրնար ձայնակցիլ կրկներգներուն. «Այո՜, այո՜, աւանին պետն արթուն»:

– Բարի՛ն, ըմբռնելի է «ոչ»ին ստուգաբանութիւնը: Ունի երկու տառ. «ո» եւ «չ»: Առաջինը՝ բուն արմատն է, իսկ երկրորդը՝ մասնիկը: Մեզի ծանօթ է անոր նախագրային, ամենահին գործածութիւնը: Խորենացին է փոխադրեր. «Զի վասն միոյ քինու ոչ է օրէն դիւցազանց»: 1922-1940 թուականներուն միջեւ, շնորհիւ խորհրդահայ քաղաքագէտներու հնարած վերանորոգեալ ուղղագրութեան, ոչ-ը 50 տոկոս աճեցաւ եւ դարձաւ «վոչ»:

«Այո՜, այո՜, եւ գահն ալ յԱրտաշատ»:

– Բարի՛ն, տե՛ս, «ոչ» բառը հետաքրքրական է…, աղցան պիտի չուտե՞ս…

– Ո՛չ, պարոն:

– …ո՛չ իբրեւ հարցումներու ժխտման պատասխան, այլ՝ իբրեւ սիրելի դարձուածք: Տէրեանը կը յիշե՞ս՝ Ներսէսին արտասանածը. «Ո՛չ տրտունջ, ո՛չ մրմունջ սգաւոր…»: Իսկ «Կարուսել»ի մէջ՝ «Ո՛չ վերջ կայ, ո՛չ ըսկիզբ այս երգում»: «Ոչ»ը յարմար եկաւ նաեւ Համօ Սահեանի գրիչին. «Ոչ թէ հողով ու հացով, այլ քարերով ես հարուստ»:

– Սա մե՛ր երկիրն է:

– Սահեանը ունի դեռ աւելին. «Մի տեսակ տագնապ կայ, որ չես ասի ոչ մի բառով», եւ «Աւաղ, ոչ երբեւէ հանդիպել ենք կարող, ոչ հեռանալ… Ոչ յիշել ենք կարող, ոչ մոռանալ»:

– Պարո՛ն, կամարի տակ չարտասանեցի՞նք՝ «Իմ կարօտած սրտի համար, ո՛չ մի ուրիշ հեքիաթ չկայ»:

0728nop

– Իսկ Մխիթար Սեբաստացին տուած է մէկ խրատ. «Նիստ եւ ուսի՛ր սիրով լռիկ, այլ ո՛չ շարժուն որպէս սնդիկ»: Քուչակի համար ինքնանկարագրութիւն էր անիկա. «Եկէ՛ք, զողորմուկս տեսէք, ոչ մեռած է, ոչ կենդանի»: Մինչ Մատթէոս Զարիֆեան կը դժգոհէր իր սիրածէն. «Ահ լոկ փուշեր կը ծաղկին. ի՛րը՝ Ոչին ճամբան է…»: «Ոչ»ը նաեւ գիրքի խորագիր դարձաւ: Թիւով շատ չեն, չորս հատ, 20րդ դարու առաջին տասնամեակին. «Մի մանկան հոգու պատմութիւն. Վէպիկ՝ ոչ մանուկների համար»՝ Վաղարշապատ, «Վերջին Երգեր: Ոչ սկսել եմ, ոչ էլ դադարել»՝ Պաքու, «Ոսկեդարեան Եւ Ոչ Ոսկեդարեան Հայերէնի Խնդիրը»՝ Գրիգորիս Գալէմքեարեանի աշխատասիրութիւնը, Կ. Պոլիս, իսկ վերջինը՝ «Կանոնագիր Ոչ-իսլամ Տարրերու Զինուորագրութեան»՝ Կ. Պոլիս: Բարի՛ն, «ոչ»ի ամենամեծ վերելքը եղաւ 10րդ դարուն, Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» ստեղծագործութեան մէջ: Սուրբը 1100 անգամ դիմած է անոր: Հոն կան «ոչ»ով սկսող յաջորդական տողեր. տասը, քսան, նոյնիսկ երեսուն բանատող: Բանաստեղծութեան 82րդ հատուածին մէջ՝ «Ոչ ես դատապարտիչ, ոչ ես կորուսիչ, ոչ ես մահացուցիչ, ոչ ես տարագրիչ…», 43րդ հատուածին մէջ՝ «Ոչ փակեալ… Ոչ պարունակեալ… Ոչ արգելեալ…»: Առաւել սրտառուչը՝ Բան 28. «Ոչ ինչ օգտիմ, ոչ հասանեմ, ոչ ժամանեմ, ոչ տեսանեմ, ոչ հանդիպիմ եւ ոչ պատահիմ»: Բարի՛ն, թող մեր բոլոր ծրագիրները իրականանա՛ն: Չպատահի մեզի, ինչպէս Նարեկացին կ՛ըսէ՝ «Երկնել եւ ոչ ծնանել, ողբալ եւ ոչ արտասուել, խորհել եւ ոչ հառաչել, ամպել եւ ոչ անձրեւել, ընթանալ եւ ոչ հասանել»:

Վերջին կրկներգը՝ յոտնկա՛յս: Կը բարձրանան թարխունի բաժակները: Եւ չես գիտեր ինչո՛ւ, զբօսաշրջիկներն ալ կը բարձրացնեն իրենց բաժակները ու ոտքի կ՛ելլեն. «Այո՜, այո՜, եւ նոր մեր աշխարհ հին»: Երբ կը վերադառնանք ուտելու, ձայնասփիւռէն կը լսենք Թաթային երգը. «Չկայ ո՛չ մի պատնէշ, ո՛չ մի փշալար՝ ազատութեան ճանապարհին, հայերի համար»:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles