Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ- Աւազ

$
0
0

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

0120norayrdadourian

– Պարո՛ն, հոս քանի՞ ժամ կրնանք մնալ:

– Որքա՛ն որ ուզենք:

Անակնկալ որոշում էր իրիկնամուտին Սեւանի ափին վերջացնել օրը: Հակառակ անոր որ հայաստանեան մեր պտոյտը մանր-մանր ծրագրուած կ՛ըլլայ, այսօր, հրաժեշտ տուող արեւուն եւ զովացնող ալիքներուն առջեւ որոշած ենք ընել՝ ոչի՛նչ: Աշակերտները աւազի վրայ նստած կը հիանան տեսարանով: Վահէն, Ալիքը, Կաթիլը եւ քանի մը ուրիշներ ձեռքերնին իրենց գլխուն բարձ դրած՝ երկինքը կը դիտեն: Պերճուհին եւ Փաթիլը խեցիներ կը հաւաքեն: Անդին Լոռին եւ Վէմը իրենց ոտքերը ջուրին երկարած՝ կը զրուցեն ո՛վ գիտէ ինչի մասին, մինչ Նարեկը կիթառ սկսած է նուագելու:

– Պարո՛ն, իսկ ես կը սիրեմ աւազի վրայ գրել:

– Անոնք մնայուն չեն ըլլար:

– Նորերը կը գրեմ:

– Վանա՛, կարելի է կարծել, թէ միայն երեխաները կը սիրեն աւազով խաղալ: Մինչդեռ, մեր մատենագրութեան հսկաներն ալ ժամեր անցուցած են աւազի շուրջ ու սիրած են զայն գիրի եւ գրականութեան վերածել: Աւա՜ղ, «աւազ»ի բազմաթիւ պատմութիւններ այժմ հանգչած կը մնան մեր մայրենի ովկիանոսի խորութիւններուն մէջ: Կ՛արժէ զանոնք գուրգուրանքով եւ համբերութեամբ, հատիկ-հատիկ դուրս հանել, քանզի փայլուն են եւ ունին աչքառու գեղեցկութիւն: Նարեկը ի՞նչ կը նուագէ:

– Ռոպերթ Ամիրխանեան, «Այնպէս ուզում եմ»:

– Տղան շատ սիրեց այդ երգը:

– Բոլորս սիրեցինք, «Այնպէս ուզում եմ անունդ թողնել, կէսգիշերային աւազի վրայ»:

0804avaz

– Ալիսիա Կիրակոսեանի զգլխիչ բառերը… «Աւազ» բառը, Վանա, բնի՛կ հայկական է: Կը կարծուի, թէ առաջին մասը նախաձեւն է՝ «աւ»: Անիկա կապուած է լատիններու sabulum, ինչպէս նաեւ sand, zand, santa, sampt եւ sandr բառերուն: Աւելի հետաքրքրականը յոյներու «փսամմոս» բառն է, մեր «աւազ»ին մօտիկ դրացին եւ դեռեւս հեռաւոր զարմիկը: Այդ բառով է կոչուած Պոլսոյ յայտնի ծովեզերեայ հայաբնակ մէկ թաղամասը՝ Սամաթիա, «աւազուտ»: Եղած են նաեւ լեզուաբաններ, որոնք փորձած են բառը ստուգաբանել պարսկական արմատներով: Բայց, վերջնական լուծում չկա՛յ: Ուստի, մենք կեդրոնանանք հայկական գրաւոր ժառանգի վրայ: Պերճուհի՛, կ՛երեւի, խեցիներու հաւաքածոյ մը ունենալու կը պատրաստուիք:

– Ասոնք իբրեւ յիշատակ պիտի պահենք: Պարո՛ն, Նորավանքի մէջ ալ տուֆի կտորներ հաւաքեցինք:

– Հաճոյքո՛վ դիտեցի… Վանա՛, գիտե՞ս, թէ որքա՛ն մեղաւոր էր Մեսրոպ Մաշտոցը:

– Սուրբը մեղաւո՞ր…

– Անշուշտ, թէ ո՛չ: Բայց ի՛ր իսկ գրած շարականը կ՛ըսէ… «Մեղք իմ բազում եւ յոյժ, ծանր են քան զաւազ ծովու»: Տե՛ս, աւազը փոքր է, աննշան, բայց ծնունդ տուած է փոխաբերական մեծութիւններու: Երբ մեր պատմիչը, Փաւստոս Բիւզանդ, պարսիկ Շապուհ արքայի հսկայական բանակը պիտի նկարագրէր, իբրեւ նմանութիւն՝ որոշեց «աւազ» բառը գործածել. «… անչափ եւ անթիւ եւ անհամար՝ իբրեւ զաւազ ծովու, չորեքհարիւր բեւր (բիւր) զօրս բազումս»:

– Քանի՞ զինուոր:

– Չորս միլիոն: Բիւրը տասը հազար է, չորսհարիւր բիւրը՝ չորս միլիոն… «Աւազ» բառը սիրած է ածականներ առինքնել ու պատկերալից տեսարաններու վերածուիլ. «Դիւրացնդիկ ծովափնեայ աւազ», «Պղտոր աւազ շիկակարմիր» եւ այլն: «Աւազ»ով կազմուած ունինք բազմաթիւ դարձուածքներ եւ արտայայտութիւններ, ինչպէս՝ «աւազի փոս», «աւազի ժամացոյց», «աւազէ պարան հիւսել», «աւազի վրայ տուն շինել», «աւազի հետ մաղուիլ», «ջուրի պէս գնա՝ աւազի՛ պէս մնա»: Վերջինը անախորժելի հիւրի համար կը գործածուի՝ ցանկալով, որ շուտով երթայ… Թէեւ, կարելի չէ ծովու աւազահատիկները համրել, բայց յաջողեր ենք Սուրբ Գիրքի «ա-ւազ»ներուն թիւը ճշդել. 41 հատ: Անոնց մէջ առկայ է «աւազի պէս բազմանալ» գաղափարը. «Եւ եդից զաւակ քո իբրեւ զաւազ ծովու», «Ոչ թուին զօրութիւնք երկնից, եւ ոչ չափի աւազ ծովու, նոյնպէս բազմացուցից զզաւակն Դաւթի»: Աւելին, ունինք բազմաթիւ աւազուտ բառեր, ինչպէս՝ աւազածիր, աւազակապ, աւազահիմն, աւազախտ, աւազկոկել, աւազատիպ, աւազահանք: Եւ այս բոլորը, հակառակ ծովեզերեայ աւազածին բերդերու կամ աւազաշէն աշտարակներու, դիմացեր են դարերու քանդիչ ալիքներուն ու կը շարունակեն մեր մայրենին փայլեցնել:

– Ըսել կ՛ուզէք՝ կը մնա՛ն աւազով գրուած խօսքերը…

– Կը մնա՛ն: Անոնք անմոռանալի կ՛ըլլան, երբ ժողովուրդի սիրտին յատակը նստին: Այդ ժամանակ, ո՛չ մէկ ալիք կամ քամի կրնայ ջնջել զանոնք: Անոր համար է, որ կը մնայ Նարեկացին եւ իր խօսքը. «Ի վերայ աւազոյ զշինուածս յիմարութեան կառուցի»: Ան հնարած է նաեւ «աւազափուլ շինուածք» բառակապակցութիւնը:

– Սուրբը չէր ուզեր այդպիսի անձնաւորութիւն մը ըլլալ, չէ՞:

– Ճի՛շդ է, չէր ուզեր այդպէս ներկայանալ Բարձրեալին: Վանա՛, եւ կայ Սայաթ Նովան ու անոր ինքնանկարագրութիւնը. «Հիմքս աւազից չիմանաս, քա՛րափ է, քա՛րուկրէն է»: Աւազին մէջ աշուղը տեսեր է նաեւ կեանքի իմաստասիրութիւն. «Որքա՛ն էլ որ քամին տանի՝ ծովիցը աւազ չի պակսի»: «Աւազ»ը, այս աննշան, այս չնչին, այս մանր տարրը, ի՛նչ զարմանալի բան, 20րդ դարուն կրկին մակերես ելաւ: Հայ քերթողի գրիչին տակ, անիկա նկարագրեց ցեղի ցաւն ու վիշտը: Նախ եկաւ Չարենցը: Ան «աւազ»ը յարմար գտաւ մեր նորակառոյց մայրաքաղաքը գովաբանելու համար. «Երեւա՛ն, ես սիրում եմ քեզ, գորշաւազ շէնքերդ քարէ»: Ապա, Սիլվա Կապուտիկեանը նկարագրեց ազգին չսպիացած վէրքը. «Եւ քանի մեծեր, օ՜, անլուր օրհաս, սրահար ընկան անապատի մէջ, շիրմի փոխարէն տատասկ ու աւազ…»: Պարոյր Սեւակը աւազ բառի չորս տառերուն մէջ ամփոփեց Հայաստան աշխարհի պատմութիւնը. «Վշտերդ՝ ջուր, ի՛նքդ՝ աւազ»: Տէրեանը հայրենաբաղձ տողեր երգեց աւազէ. «Թողի երկիրն իմ հայրենի, բոլորը ծուխ, բոլորն աւազ»: Տէրեանը խօսեցաւ նաեւ Մասիսին. «Շարժի՛ր, հա շարժի՛ր, աւազդ Մասիս… Որ քո մանկըտեաց յուսոյ նշան լինի»: Այս օրերուն, Վանա՛, երբ նոր հայրենիք կը կառուցենք, պէտք է վերյիշել Պարոյր Սեւակը: Ա՛ն էր, որ կը բաղձար նորաշէն Հայաստան մը. «Ապրելով նոյնիսկ համակ-անսպառ աւազի վրայ՝ մեզ հարկաւոր է, յատկապէս հիմա, աւազ ներմուծել մեր շէնքի համար: Հարկաւո՜ր աւազ»: Իսկ այսօր, աւազը դարձած է գեղարուեստի նոր տեսակ եւ համապատասխան խոշոր բառ՝ աւազանկարչութիւն: Կը մթննայ, Վանա՛, բոլորին լուր տանք, երթալո՛ւ ժամ է:

– Պարո՛ն, ես թողեցի երգին խօսքերը եւ անուն մը աւազին վրայ:

Երբ հազիւ ոտքի կ՛ելլենք, անպիտան ալիք մը կու գայ ու կը հարթէ աւազը:

Ընթեռնելի կը մնայ քանի մը բառ, քանի մը տառ… ուզում… գիշերա… աւա… Մ…տ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles