Առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի մէջ տեղի կ՛ունենայ բացառիկ ցուցահանդէս մը, որ նուիրուած է Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառով Արեւելեան Հայաստան գաղթած եւ այնտեղ հաստատուած հայ որբերու օգնութեան հասած երկու ամերիկացի ԵՄՔԱի (Երիտասարդ Տղամարդոց Քրիստոնէական Միութիւն-Young Men՛s Christian Association-YMCA) կամաւորականներու՝ Ճան Էլտըրի եւ Ճէյմզ Էրոլի:
Ճան Էլտըր եւ Ճէյմզ Էրոլ Հայաստան մեկնած են 1918ի Յունուարին եւ յայտնաբերած, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքները հոն տակաւին կը զգացուին՝ Արեւելեան Հայաստանի թրքական զօրքերու իւրաքանչիւր յառաջխաղացումով: Ճան Էլտըրի կողմէ հաւաքագրուած ապացոյցները կը բացայայտեն, թէ Արեւելահայաստանը զերծ չէ մնացած երիտթուրքերուն իրականացուցած Ցեղասպանութեան հետեւանքներէն:
Չորեքշաբթի, Օգոստոս 8ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Ամերիկայի հայկական համագումարը, Ուաշինկթընի Հայկական ազգային հիմնարկը (ANI) եւ «Նարեկացի» արուեստի միութիւնը համատեղ պիտի ներկայացնեն «Ամերիկեան օգնութիւնը 1918-1920 թուականներուն՝ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան օրերուն» խորագիրով պատմական լուսանկարներու եւ ժամանակակից փաստաթուղթերու վրայ հիմնուած բացառիկ ցուցահանդէսը:
Ցուցահանդէսը կը վերարտադրէ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին հայերը բազմաթիւ արհաւիրքներէ փրկելու միտող Ճոն Էլտըրի եւ Ճէյմզ Էրոլի ի գործ դրած գերմարդկային ջանքերը՝ հիմնուած Էլտըրի անձնական օրագիրին, անոր պահպանած բնօրինակ ծառայողական փաստաթուղթերուն եւ մակագրած լուսանկարներուն վրայ:
Արդարեւ, խանդավառ կամաւորականներ Էլտըրն ու Էրոլը, նուիրուելով անվերջ թուացող Ա. Համաշխարհային պատերազմին մասնակցող ու սարսափելի պայմաններու մէջ կռուող զինուորներու օգնութեան՝ իբրեւ հերոսներ կանգնած են նաեւ հայ ժողովուրդի կողքին: Անոնք Երեւան մեկնած են՝ ԵՄՔԱի կեդրոն հիմնելու նպատակով, զոր կրցած են իրականացնել 11 Փետրուար 1918ին: Անոնք չեն պատկերացուցած սակայն, որ առաջնագիծի իրավիճակի վատթարացումով՝ Երեւան մնացած միակ ամերիկացիները պիտի ըլլան, առանց արտաքին աշխարհին հետ կապի հնարաւորութիւն ունենալու:
Մինչեւ Օգոստոս 1919՝ Երեւանէն իրենց մեկնումը, Էլտըրի ու Էրոլի պատասխանատուութեան տակ կը գտնուէին ամերիկեան օգնութեան ծրագիրներու իրականացման գործընթացը. այդ օրերուն Ամերիկայէն Հայաստան կ՛ուղարկուէին հրատապ օգնութիւն եւ կամաւորականներ: Յետագային Էլտըր իր օրագիրին մէջ կը գրէ. «Մէկ տարի Երեւանի մէջ, այդ ալ՝ ինչպիսի՜ տարի: Եթէ մէկ տարի առաջ ինծի ոեւէ մէկը ըսած ըլլար, թէ բացի ԵՄՔԱն գլխաւորելէն՝ պիտի ղեկավարեմ նաեւ 7500 աշխատակից ունեցող գործարաններ, 350 երեխայի օթեւան դարձած որբանոցներ ու 120 մահճակալ ունեցող հիւանդանոց, կը մտածէի, որ ան խենթ է»:
26 Մայիս 1918ին, երբ Օսմանեան կայսրութեան ուժերը կը յառաջանային դէպի Երեւան, Ճան Էլտըր կը գրէ. «Երբե՛ք չէք կրնար ըսել, թէ ի՛նչ կրնայ տեղի ունենալ: Կը թուի, թէ վերջը մօտ է, ճօճանակը կը թեքուի միւս կողմ… Սարդարապատի մէջ երկօրեայ պատերազմէ ետք՝ թուրքերը ամբողջութեամբ ետ էին շպրտուած»:
Յաղթելով վճռորոշ ճակատամարտերուն՝ երկու օր անց, 28 Մայիս 1918ին, Հայաստանը անկախութիւն հռչակեց: Միայն մարտերու աւարտէն ետք էր որ ի յայտ եկան կործանարար պատերազմին հետեւանքները. Էլտըրն ու Էրոլը ականատես եղան պատմական իրադարձութիւններու եւ մարդկային աղէտի: Մէկ տարի անց, մինչ մարդասիրական օգնութեան աշխատակիցներու նոր խումբի ժամանումը Երեւան, անոնց ծանր բեռը թեթեւցաւ: Այդ ժամանակ, իրենց գործադրած ջանքերն ու ձեռքբերումները արդէն հերոսային դարձած էին ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Ամերիկայի մէջ:
Նշեալ ցուցահանդէսին ընթացքին կը ներկայացուին 95 լուսանկարներ, որոնցմէ 64ը՝ Ճան Էլտըրի լուսանկարներու հաւաքածոյէն, 8ը՝ ժամանակակից արձանագրութիւններ ու փաստաթուղթեր, իսկ 4ը՝ քարտէսներ: Էլտըրի օրագիրին 32 մէջբերումները լոյս կը սփռեն նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին տարուան վրայ: Ցուցադրուած լուսանկարներու ամբողջ շարք մը կը պատմէ Էլտըրի Հայաստան ապրած տարիներուն մասին, ուր կը նշուին ամերիկեան մարդասիրական օգնութեան քանի մը այլ աշխատակիցներ եւս:
Ցուցադրութեան ընթացքին ներկայացուող միւս ամերիկացիներէն են՝ Թիֆլիսի մէջ այդ օրերու Միացեալ Նահանգներու հիւպատոս Ֆ. Ուիլլուկպի Սմիթ, որ կ՛աջակցի մարդասիրական օգնութեան աշխատակիցներու գործունէութեան, Ռապըրթ ՄըքՏաուըլ, որ ռազմաճակատ կը մեկնի, երբ թրքական ուժերը կը ներխուժեն Աղեքսանդրապոլ (Գիւմրի), դոկտ. Ճան Մէյն՝ Այոուա նահանգի «Կրինել» համալսարանի նախագահը, որ Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան օգնութեան կոմիտէին կողմէ ականատես կ՛ըլլայ Հայաստանի մէջ տիրող սարսափելի իրավիճակին, ինչպէս նաեւ միսիոնար Կրէյս Նեփփ եւ Ամերիկեան ԵՄՔԱի երկարամեայ նախագահ Ճան Մոթթ, որ իր ընկերոջ՝ Ամերի-կայի նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի քաջալերանքով, երիտասարդ ամերիկացիներ կ՛ուղարկէր Հայաստան, զինուորներու թիկունքին կանգնելու համար:
Նշենք, որ ցուցահանդէսին ներկայացուող ապացոյցները ձեռք բերուած են տարբեր մարմիններու համագործակցութեամբ: Էլտըրի ընտանիքին ու ԵՄՔԱի աշխատակիցներու տրամադրած ապացոյցներուն շնորհիւ է, որ այս նուիրեալ մարդասէրներուն պատմութիւնը չէ մոռցուած յատկապէս Հայաստանի մէջ: Ճան Էլտըրի կը վերագրուի 15,000 հայ որբերու ցուցաբերուած աջակցութիւն:
Ցուցահանդէսին բացումը պիտի ըլլայ սահմանափակ՝ հրաւիրատոմսով միայն, եւ անոր ներկայ պիտի գտնուին Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն պաշտօնեաներ. այնուհետեւ, ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ Օգոստոս 25, ազատ մուտքով: