Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ
– «Արամ Մանուկեան. Նամականի», ժողովածուի կազմութիւն, խմբագրութիւն եւ ծանօթագրութիւններ՝ Երուանդ Փամպուքեան, հրատարակութիւն՝ Երեւանի Պետական համալսարանի Հայկական հետազօտութիւնների հիմնարկի, Երեւանի Պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018:
– Արիսեան Նորա, «Հայոց Տարագրութիւնը Տէր Զօրի Մէջ՝ 19րդ Դարու Վերջին Եւ 20րդ Դարու Սկիզբին», յառաջաբանը՝ Նեպիլ Թոհմէի, Դամասկոս, «Ալ-Շարք» հրատարակչութիւն, 135 էջ (արաբերէն):
– Եորկի Հայկ Ժան, «Հայոց Այբուբենի Պատմութիւնը եւ Ծագումը», Քլերմոն-Ֆերրան քաղաք, Ֆրանսա, 2017, 180 էջ (Մաշտոցեան գիրերու համեմատումը յունական ու եբրայական այբուբեններու գիրերուն հետ, Աստուածաշունչ Մատեանի ազդեցութիւնը հայոց գիրերուն վրայ) (ֆրանսերէն):
– Եսայեան Զապէլ, «Շնորհքով Մարդիկ» եւ «Հլուները եւ Ըմբոստները» (մէկ կողքի տակ), «Երկու Վէպ» վերջաբանը՝ Գրիգոր Պըլտեանի, «Արաս» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 2018. (գիրքի վերջաւորութեան՝ Սեւան Տէյիրմէնճեանի բանասիրական ուսումնասիրութիւնը):
– Եօթնեղբարեան Լեւոն, «Անապատի Ագռաւներ. Լեւոն Եօթնեղբարեանի Յուշերը», անգլերէնէ արեւելահայերէն թարգմանեցին Արամ Գույումճեան եւ Հայկ Մովսիսեան, խմբագիրներ՝ Լեւոն Փարեան եւ Մարօ Փարեան, «Հայաստան» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2017, 152 էջ (14.2 x 21.4 սմ.). (Ա. Աշխարհամարտին օսմանեան բանակ զօրակոչուած եդէսացիի յուշերը, բազմաթիւ լուսանկարներ):
– Էօքեր Ահմետ Ֆեւզի, «Մեր Երաժշտութեան Երանգ Տուողներ (Հայ երաժիշտներ)», «Էմ. Ճէ.» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 2018, 150 էջ. (հայազգի երաժիշտներու ներդրումը՝ թրքական երգարուեստին մէջ, բազմաթիւ լուսանկարներ) (թրքերէն):
– Թաշճեան Լոռի, «Ցեղասպանութիւնը Վերապրածների Ծննդավայրերը Լիբանանի Տապանագրերում», Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի գիտական ուսումնասիրութիւններ, մատենաշար թիւ 18, «Հ. Ճ. Ու». հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018, 164 էջ (20.8 x 29.4 սմ.). (Լիբանանի հայկական գերեզմանատուներուն մէջ մինչեւ 1916 թուական ծնածներու տապանաքարերու լուսանկարներ, տապանագիրներու շարադրանքներ, քարտէսներ, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր):
– Հատտէճեան Ռոպեր, «Մարդիկ, Որոնք Անցան Կեանքիս Մէջէն», Ա. հատոր, «Յուշատետր» մատենաշար թիւ 88, Սթամպուլ, 2018. (յուշեր, լուսանկարներ):
– Ճպրան Խալիլ Ճպրան, «Մարգարէն», Բ. հրատարակութիւն, անգլերէնէ թարգմանողներ՝ Վազգէն Էթիեմէզեան, Անուշաւան վրդ. Դանիէլեան, Խաչիկ Տէտէեան եւ Հրաչ Սարգիսեան, հրատարակութիւն՝ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Համալսարանական ուսանողներու միութեան, տպարան կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, Լիբանան, 2018:
– «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը Ա. Աշխարհամարտի եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Տարիներին (1914-1920թթ.)», Ա. եւ Բ. հատորներ, կազմող՝ Գոհար Աւագեան, գլխաւոր խմբագիր՝ Ամատունի Վիրապեան, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, Վաղարշապատ, 2018, 678 + 648 էջ. (393 + 456 փաստաթուղթ, հրապարակուած փաստաթուղթերու, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր): Երկհատորեակը լոյս տեսած է Փառէն արք. Աւետիքեանի մեկենասութեամբ:
– Մելքոնեան Մարգար, «Եղբօրս Ճանապարհը», «Թատէ» հրատարակչութիւն, Փարիզ, 2018 (ֆրանսերէն). (Մոնթէ Մելքոնեանի կեանքի եւ գործունէութեան մասին):
– Մինասեան Էտուըրտ, «Անոնք Արարատէն Եկան», Քալիֆորնիա, 2018, 372 էջ. (Հայոց պատմութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ամերիկահայ գաղութի կազմաւորման պատմութեան մասին) (անգլերէն):
– Մխճեան-Յովակիմեան Շաքէ, «Իմաստուն Խօսքեր, Ժողովրդական Ասոյթներ, Մտածումներ, Խորհուրդներ եւ Առածներ», տպագրութիւն՝ «Նուպար Տիճիթըլ», Գահիրէ, 2017:
– Յարութիւնեան Աւետիս, «Վան-Վասպուրականի Կրօնամշակութային Կեանքը եւ Պետականութեան Ստեղծման Փորձը (1908-1918)», հրատարակութիւն՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի հրատարակչական մարմինի, Վաղարշապատ, 2018։ Լոյս տեսած է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ:
– «Սփիւռքահայ Պատմուածք», կազմեց եւ խմբագրեց՝ Յովսէփ Նալպանտեան, Լոս Անճելըս-Երեւան, 2018, 434 էջ. (43 հեղինակի 44 պատմուածքներու ընտրանի):