26 Յուլիսն Կլենտէյլ քաղաքին մէջ գտնուող «Ապրիլ» գրատան «Ռոսլին» արուեստասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պօղոս Շահմելիքեանի «Յիշատակներ… Անցած Օրեր» գիրքին անգլերէն թարգմանութեան՝ “Dawn of the Armenian Pop Music” հատորին շնորհահանդէսը:
Մինչ ներկաները կը գրաւէին իրենց տեղերը, մեծ պաստառի մը վրայ կը ցուցադրուէր համանուն գիրքին հայերէն տարբերակին՝ 2012ին Լոս Անճելըսի Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին կազմակերպած գինեձօնէն տեսարաններ:
Ձեռնարկին ներկայ էր խումբի անդամներէն Վագօ Տելալեան:
«Ապրիլ» գրատան սեփականատէր Առնօ Երէցեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ի մասնաւորի պատուոյ հիւր Եփրեմ արք. Թապագեանին, ապա հակիրճ կերպով ներկայացուց հեղինակը՝ որպէս երաժիշտ, անդրադառնալով անոր հիմնական նուագախումբի՝ «Ֆայվ ֆինկըրզ»ին:
Ան ըսաւ, որ նկատի ունենալով, թէ նուագախումբին անդամները ցիր ու ցան եղած են աշխարհի չորս ծագերը, «Սքայփ»ի միջոցով անոնց կապուելու փորձ պիտի ըլլայ»:
«Այս գիրքը կարդալով՝ պիտի տեղեկանաք, որ 60ականներու սկիզբը Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած է երաժշտական շարժում մը, որուն մասնակիցներէն մէկը եղած է Պօղոս Շահմելիքեան եւ անշուշտ՝ իր գործընկերները:
Այսօր ունինք քանի մը հիւրեր, որոնց շարքին՝ Յարութ Առաքելեան, որ ունի երաժշտական մեծ հաւաքածոյ եւ նախապէս այս սրահին մէջ քանի մը անգամ ներկայացուցած է հայկական երաժշտութիւնը Ամերիկայի մէջ 1920ական թուականներուն, եւ այդ պատճառով մտածեցինք, որ ան յարմար անձն է ներկայացնելու գիրքը» նշեց Երէցեան: Ապա ան ընթերցեց Ամերիկայի Արեւելեան ափը գտնուող գիրքի թարգմանիչ Վահէ Աբելեանի ուղարկած նամակը.
«Սիրելի՛ Պօղոս,
Շնորհակալութիւն հրաւէրիդ: Ցաւօք սրտի, պիտի չկարենամ ներկայ գտնուիլ եւ մասնակից դառնալ շնորհահանդէսին: Մեսեչուսեց տեղափոխուելու ընթացքին մէջ եմ, եւ շատ հաւանաբար այդ օր գտնուինք ճամբու վրայ:
Յոյսով եմ, որ Վագօ, Միմօ, Համբիկ եւ շատ անուններ, որոնց անունները իմացայ թարգմանութեանս ժամանակ, ներկայ կը գտնուին, նաեւ կը յիշէք մեզմէ յաւերժ հեռացած արուեստագէտները:
Առանց այս գիրքին երբե՛ք պիտի չկարենայինք գիտնալ, թէ ինչպիսի՛ երաժշտական պատմական օրեր ապրուած են 1960ական, 1970ական եւ 80ականներուն Սփիւռքի, յատկապէս Լիբանանի մէջ, եւ թէ ինչպէ՛ս սկսաւ հայ երգարուեստը:
Շնորհիւ այս իւրայատուկ գիրքիդ մենք ծանօթացանք հայկական երաժշտութեան պատմական այդ ժամանակաշրջանին:
Ձեզի կը մաղթեմ հաճելի երեկոյ՝ յուսալով, որ ներկաներէն շատեր իրենց հետ տուն կը տանին գիրքէն օրինակ մը եւ կը ծանօթանան Լիբանանի մէջ սկսած հայկական երգարուեստին»:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Յարութ Առաքելեան, որ նկատել տուաւ, թէ այս գիրքին մէջ կարեւոր անդրադարձ կը կատարուի իւրայատուկ ժամանակաշրջանի մը: Ան յիշեց, որ քանի մը ամիս առաջ նոյն այս սրահին մէջ երաժշտագէտ Պետրոս Ալահայտոյեան ներկայացուց հայ ազգագրական երաժշտութեան պատմութիւնը, որմէ ամիս մը ետք երաժիշտ, երգահան եւ արտադրիչ Պարոյր Փանոսեան իր հաւաքածոներէն հրամցուց շարք մը նշանաւոր երգեր, որոնցմէ «Ֆայվ Ֆինկըրզ»ի «Արմէնիա» երգը ամենաշատը տպաւորած է զինք, որովհետեւ եղած է Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած օտար լեզուով առաջինը:
Յարութ Առաքելեան հակիրճ պատմականը կատարեց, թէ ինչպէ՛ս 12 երգերէ բաղկացած հայերէն առաջին ձայնապնակը արձանագրուած է 1909ին, Նիւ Եորքի մէջ «Քոլոմպիա Ռեքորտծ»՝ Թաշճեան եղբայրերու կողմէ: Կարճ ժամանակ ետք «Քոլոմպիա Ռեքորտծ»ը շարունակեց արտադրել հայերէն երգեր, որոնք տարածուեցան Եւրոպայէն մինչեւ Միջին Արեւելք, եւ Պօղոսին այս իւրայատուկ գիրքին միջոցով ծանօթացանք Լիբանանի մէջ երաժշտութեան ծնունդին եւ տարածման մասին:
Ան հաստատեց, որ լիբանանահայ գաղութին մէջ թիւով մեծ էին երգեր արձանագրողները, եւ Պօղոս Շահմելիքեան հիանալի գործ կատարեց՝ յայտնաբերելով այս բնագաւառին մէջ ներգրաւուածներն ու նպաստ ունեցածները:
Տարիներ առաջ Ռուբէն Սարգիսեանի «Այն Օրը» երգը երգուած է հայ երգիչներու կողմէ եւ կոչուած՝ «Անուշ Եար», առանց յիշելու հեղինակին անունը, իսկ «Ֆայվ Ֆինկըրզ»ի յօրինած երգերէն քանի մը հատը, նմանապէս երգուած են տարբեր երգիչներու կողմէ, առանց յիշատակելու հեղինակին անունը:
Գիրքի վերջաւորութեան Պօղոսը յիշած է, թէ ինչպէ՛ս ազգային բարերար Ալեք Մանուկեան համակարծիք չէր գտնուած Աշուղ Ջիւանիի, երբ վերջինս ըսած էր՝ «Ձախորդ օրերը կու գան ու կ՛երթան»: «Լաւ օրերը կու գան ու կ՛երթան», ըսած էր Ալեքս Մանուկեան, մինչ Պօղոսը լաւատեսութեամբ աւարտած է իր գիրքը՝ ըսելով. «Ուշ կամ կանուխ վերջ կը գտնեն պատերազմի տարիները, եւ Լիբանան կը վերագտնէ իր բնականոն վիճակը», եզրափակեց Յ. Առաքելեան:
Բեմ հրաւիրուեցաւ հեղինակը՝ Պօղոս Շահմելիքեանը:
«Գրութիւններուս մէջ յաճախ ժխտական անդրադարձ ունեցած եմ, երբ հայկական ձեռնարկներ տեղի կ՛ունենան օտար լեզուներով: Ես՝ հայերէն պիտի խօսիմ, հոգ չէ թէ օտարներ կան այս սրահին մէջ: Հայ ենք, եւ ինծի համար հայերէն խօսիլը նախապայման է», իր խօսքը սկսաւ ան:
«Հիմա, որ միասնաբար ունկնդրեցինք «Արմէնիա» երգը, ուրախ եմ, որ հեղինակը՝ Վագօ Տելալեանը մեր մէջ կը գտնուի: Քիչ ետք «Ֆայվ Ֆինկըրզ»ի անդամներէն Նազօ Մոմճեան՝ Գանատայէն եւ Ստեփան Ֆրունճեան՝ Ռէյսինէն, «Սքայփ»ի միջոցով պիտի միանան մեզի, եւ բոլորս միասին պիտի ըլլանք, եւ «Ֆայվ Ֆինկըրզ»ը ձեւով մը պիտի վերամիանայ այսօր, այս սրահին մէջ:
Նախ ըսեմ, որ շատ ուրախ եմ այս գիրքին անգլերէն թարգմանութեան համար, որովհետեւ մեծ թիւով ամերիկաբնակ հայեր դժուարութիւն ունին հայերէն կարդալու, եւ վստահաբար օտարներ եւս կարդալով անգլերէն տարբերակը՝ պիտի ծանօթանան ոչ միայն լիբանանահայ երգարուեստին, նաեւ շնորհիւ գիրքի թարգմանիչ Վահէ Աբելեանին տուած յաւելեալ բացատրականներուն՝ առիթը պիտի ունենան ծանօթանալու հայ յայտնի դէմքերու, որոնք յիշուած են գիրքիս մէջ: Պիտի ծանօթանան հայկական հաստատութիւններու եւ վայրերու:
Կը ցաւիմ, որ Վահէն չկրցաւ ներկայ գտնուիլ այս երեկոյ, որովհետեւ այս շնորհահանդէսը նաեւ ի՛ր շնորհահանդէսն է», ըսաւ Պօղոս Շահմելիքեան:
Շնորհիւ արհեստագիտութեան բարիքներուն, «Սքայփ»ի միջոցով կապուեցան խումբի անդամներէն Նազօ Մոմճեան՝ Մոնթրէալէն եւ Ստեփան Ֆրունճեան՝ Ռէյսինէն:
«Ես Մոնթրէալ հաստատուեցայ 1968ին, եւ Լիբանանը ձգելէս ետքն էր, որ «Ֆայվ Ֆինկըրզ»ը սկսաւ ձայնապնակներ արձանագրելու: Իմ ատեն, միշտ կ՛աշխատէինք, որ մեր երգացանկը նոր երգերով հարստացնենք», ըսաւ Նազօն:
Պօղոսի առաջարկով, Նազօն անցեալի հին օրերէն յիշատակելի դէպք մը յիշեց. «Հին օրերը անցան, Պօղո՛ս, չես կրնար հետը ապրիլ: Անցած օրեր են, բայց անշուշտ, երբ հին օրերէն երգ մը կը լսեմ, ինծի կը դպնայ, որովհետեւ ես հիներէն եմ. այնպէս որ, «Ֆայվ Ֆինկըրզ»ի յիշատակը ինծի համար մէկ հատիկ է, որովհետեւ 5 բարեկամներ էինք, շատ մօտիկ բարեկամեր, մեր նպատակը նուագելով դրամ շահիլ չէր, բոլորս ալ լաւ կամ գէշ նուագողներ էինք, քով քովի եկանք 5 ընկերներ, միասին շա՛տ աղուոր ժամանակ անցուցինք, եւ այդ գեղեցիկ օրերն են, որոնք կ՛ուզենք օր մը կրկին վերադառնան, որ քիչ մը դժուար է անշուշտ»:
Օրերը կ՛անցնին, բարեկամութիւնը կը շարունակուի», ամբողջացուց Պօղոսը։ «Բարեկամութիւնը կը մնայ մի՛շտ, ուր որ ալ գտնուինք», ամենայն անկեղծութեամբ կրկնեց Նազօ Մոմճեան:
Ապա Ռէյսին Ուինսքանսընէն միացաւ Ստեփան Ֆրունճեան: Ան յուզուած էր:
«Սիրելի՛ Պօղոս, շա՛տ ուրախ, նաեւ շատ հպարտ եմ այս գեղեցիկ աշխատանքիդ համար: Վստահ եմ, որ տակաւին շատ տալիք ունիս: Գրելիք նիւթերդ բազմաթիւ են: Այսօր սրինգի վրայ պիտի նուագեմ «Ֆայվ Ֆինկըրզ»ի երգերէն փունջ մը:
Ձեռնարկին եզրափակիչ մասով բեմ հրաւիրուեցաւ Եփրեմ արք. Թապագեանը, տալու իր պատգամը:
«Շատ հետաքրքրական երեկոյ մըն էր: Անցնող 45 տարիներուս, որ Ամերիկա կը գտնուէի, բազմաթիւ ձեռնարկներու ներկայ եղած եմ, հանդիսութիւններու, բայց այսօրուան այս հաւաքոյթը կամ շնորհահանդէսը իր նիւթով, իր բովանդակութեամբ ուրիշ հանգամանք ունի, եւ ուրախ եմ, որ այս մէկ, մէկ ու կէս ժամուան ընթացքին, Լոս Անճելըսի աղմուկէն, ժխորէն, մտահոգութիւններէն ձերբազատած, կրցանք պահ մը այստեղ մեր հոգին լիցքաւորող մթնոլորտի մէջ ապրիլ:
Առաջին հերթին կը շնորհաւորեմ Պօղոսը, «Յիշատակներ… Անցած Օրեր» գիրքին անգլերէն թարգմանութեան ուրախ առիթով եւ կը մաղթեմ նորանոր հրատարակութիւններ, թէեւ հիմա երաժշտական աշխատանքներով չէք զբաղիր, բայց հետաքրքրական է, որ նախ՝ ես ինչո՞ւ հոս եմ: Ի՞նչ կապ ունի Եփրեմ սրբազանը «Փափ Միւզիք»ին հետ:
Ուրեմն, հրաւէրը ինծի Պօղոսը տուած է անշուշտ, եւ հետաքրքրական է, ձեզի պէտք է պատմեմ, թէ ինչպէ՛ս ճանչցայ Պօղոսը:
Երբ Լիբանան էի, ասկէ երկու, կամ երեք տարի առաջ, ձեռքս անցաւ Շահանդուխտի գիրքերէն մէկը, իր գործունէութեան մասին բազմաթիւ հեղինակներ արտայայտութիւններ ունեցած են, որոնց կարգին նաեւ մեր սիրելի Պօղոսը:
Մէկ գիշերուան մէջ կարդացի գիրքը, եւ յաջորդ օրը, Շահանդուխտին հեռաձայնեցի եւ ըսի, որ բոլոր գրութիւններն ալ լաւ էին, բայց այս Պօղոսը ո՞վ է, որ այնքա՜ն գեղեցիկ, հարազատ, տաքուկ ոճով յօդուած մը գրած է քու մասին:
«Է՜հ, չէ՞ք ճանչնար,- ըսաւ,- հոն, Ամերիկա կ՛ապրի, Լոս Անճելըս, ձեր կողմերը «Ռիսիտա», ձեզի շատ մօտիկ է»:
Ըսի, որ չեմ ճանչնար, անոր մէջ ի՞նչ կայ: Պայման չէ, որ ամէն մարդու ճանչնամ Ամերիկայի մէջ:
Ուրեմն անցան օրեր, այս անգամ սկսայ «Ազդակ»ի մէջ Պօղոսին յօդուածները կարդալու, հետաքրքրութիւնս աւելցաւ, որովհետեւ կը սիրեմ բանաստեղծութիւն, կը սիրեմ արձակ, գրական էջեր: Անգամ մըն ալ, տխուր առիթով մը, Կլենտէյլի եկեղեցին էի, կը նախագահէի յուղարկաւորութեան ննջեցեալի մը, որ Պօղոսին եղբօրը կինը՝ Մարօ թանթիկը եղած է:
Երբ որ քահանան եկաւ եւ մանրամասնութիւններ տուաւ, ըսի, որ ես այս Պօղոսը պէտք է ճանչնամ, իր գրութիւնները կարծեմ կը կարդամ: Ինծի կը կանչէ՞ք Պօղոսը վայրկեան մը:
Պօղոսը եկաւ քովս. իրեն ըսի. «Դուք կը գրէք, չէ՞», առանց մանրամասնութեան երթալու՝ ըսաւ. «Այո՛, նոյն ինքն եմ, այդ Պօղոսն եմ», եւ անկէ ետք, մեր կապը դարձեալ կտրուեցաւ, եւ իր շարունակական յօդուածները կարդալով՝ միտքիս մէջ մտածում մը ծագեցաւ. մտածեցի, որ լաւ կ՛ըլլայ, որ Պօղոսին այս յօդուածները մէկտեղուին եւ տպագրուին: Անշուշտ ասիկա ծախսի կը կարօտի, բայց միտքս եկան կաթողիկոսարանի ֆոնտերը, քանի մը ֆոնտեր կան, գրական ֆոնտեր, ուր Պօղոսին գործերը կամ գործը, այդ ֆոնտերէն մէկուն միջոցաւ կարելի է հրատարակել:
Ուրեմն, վեհափառ հայրապետին խօսեցայ, ըսաւ. «Ո՞վ է այս Պօղոսը, ո՞ւր կը բնակիջ: Ըսի, որ նախկին լիբանանահայ է, ներկայիս Լոս Անճելըս հաստատուած է:
Լա՛ւ»,- ըսաւ,- քանի դուն ես ըսողը, համաձայն եմ, վարը՝ Խաչիկին հետ խօսէ, դիւանապետին հետ: Դիւանապետին հետ ալ խօսեցայ, եւ ան ալ համաձայն եղաւ. յամենայն դէպս ըսեմ, որ պէտք էր մինչեւ հիմա պատմուածքներու իր գիրքը լոյս տեսներ, բայց աշնան մնաց, որովհետեւ կաթողիկոսարանը բազում գործեր ունի, միայն հրատարակչական գործերով չի զբաղիր, ազգային վարչական այլ գործեր, Սփիւռքի կեդրոնն է, բայց ահա այս բոլորին մէջ մէկ բան զիս ուրախացուց, որ այնուհետեւ վեհափառը սկսաւ «Ազդակ»ի մէջ Պօղոսին յօդուածները կարդալ:
Առաջին հանդիպումիս, իր տան մէջ, Պօղոսը «Յիշատակներ… Անցած Օրեր» գիրքը նուիրեց եւ ազատ ժամերուս կարդացի, եւ նաեւ կարդալով իր արձակ էջերը՝ ունիմ այն տպաւորութիւնը, որ Պօղոսը մեր սփիւռքահայ կեանքին մէջ մեծ ներդրում մը կը բերէ իր թէ՛ երաժշտական անցեալի աշխատանքներով եւ թէ իր գրական գործերով, որովհետեւ այս գործին մէջ զարթօնք մը կայ երաժշտութեան, 1960էն մինչեւ 1975-76 թուականները, պատերազմի օրերը, անկէ ետք, բոլորն ալ ցրուեցան, տարբեր երկիրներ գացին: Ստեփանը Ռէյսին է, Նազոն Գանատա է, Պօղոսը եւ Վագօն հոս են, իսկ իր յօդուածներուն գալով՝ յօդուածներուն մէջն ալ մասնաւորաբար շեփորած է Պուրճ Համուտի կեանքը, մեր աւանդութիւնները, սրբութիւնները, եւ երբ կը կարդանք իր յօդուածները, ամբողջ Պուրճ Համուտը, Սիսը, Նոր Ատանան, Մարաշը, Էշրեֆիէն՝ բոլորը իրենց զանազան գոյներով եւ պատկերներով աչքիս առջեւէն կը տողանցեն, եւ այս բոլոր գրութիւնները նաեւ իրենց մէջ պատմութիւն ունին, մեր գաղութի, սփիւռքահայ կեանքին հետ կապուած գործեր են, եւ ատոր համար ալ ամէն գնահատանքի արժանի ես, սիրելի՛ Պօղոս: Ես չեմ ուզեր հիմա աւելի մանրամասնել, որովհետեւ երաժշտական հասկացողութիւնս շատ մեծ չէ, բայց գրական գործերուդ անդրադառնալով՝ ըսեմ հետեւեալը. նախ ուրախ եմ, որ այս գործդ պիտի հրատարակուի, եւ Լիբանանի մէջ անոր շնորհահանդէսը պիտի ըլլայ, նաեւ կը խորհիմ, որ մենք շնորհահանդէս մըն ալ կրնանք Լոս Անճելըսի մէջ ընել ապագային, եւ՝ վա՛րձքդ կատար: Ազնիւին ալ մասնաւոր գնահատանք ունիմ, որովհետեւ կիները միշտ պէտք է թիկունք կանգնին իրենց ամուսիններուն, ընդունուած սովորութիւն է ատիկա, որպէսզի աշխատանքները աւելի փայլուն եւ արդիւնաւէտ ըլլան:
Ուրիշ մասնաւոր ըսելիք մը չունիմ: Գրական գործերուդ չեմ ուզեր հիմա անդրադառնալ, բայց ըսեմ, որ մեծ ուրախութեամբ, մեծ հաճոյքով կը կարդամ, նախ՝ լեզուական յստակութիւն կայ, մաքուր լեզու: Ես, երբ որ գործ մը կը կարդամ, ինծի համար շատ կարեւոր է գրութեան ոճը, քերականութիւնը, լեզուական արտայայտութիւնները, եւ Պօղոսին գործերը շատ հաճոյքով կը կարդացուին, չափազանցած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ ինչպէս Գրիգոր Զօհրապի գործերէն մէկը, այդ տիտղոսը ունի, «Կեանքը ինչպէս որ է», կեանքը ինչպէս որ է, կը պատմէ մեզի: Ինծի կը յիշեցնէ նաեւ Արամ Հայկազը: Արամ Հայկազն ալ երբ որ կը կարդայի Պէյրութի մէջ իր գործերը, իր դրացին, իր քովի փոքր նպարավաճառին, ծառերուն, ծաղիկներուն, թռչուններուն մասին կը գրէ. ես ալ կ՛ըսէի, որ Նիւ Եորքի մէջ թռչո՞ւն կ՛ըլլայ, ծա՞ռ կ՛ըլլայ:
Պօղոսին գրութիւններուն մէջ անմիջականութիւն մը կայ, կենդանութիւն մը կայ, որ կը համակէ ընթերցողը:
Վա՛րձքդ կատար: Կը շնորհաւորեմ «Յիշատակներ… Անցած Օրեր»ու անգլերէն թարգմանութեան առիթով եւ կը մաղթեմ, որ այս գրութիւնը, որ անգլերէնի թարգմանած է Վահէ Աբելեանը, օգտակար ըլլայ:
Մեծ աշխատանքը դրած է եւ լաւ գործ է: Եթէ 5 հոգի ալ այս գիրքը կարդայ եւ օգտուի, 5 հոգին ալ 5 հոգի է:
Քրիստոս 99 հատը ձգեց, մէկ հատին ետեւէն գնաց:
Վա՛րձքդ կատար, գրի՛չդ դալար», իր խօսքը աւարտեց սրբազանը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին հեղինակը մակագրեց իր գիրքերը: