ԷՋՄԻԱԾԻՆ, «Հայերն Այսօր».- Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց Ստեփան Կերտողի «Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցու Գործունէութիւնը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Տարիներին» աշխատութիւնը:
Գիրքը նուիրուած է 1918ի մայիսեան հերոսամարտերուն եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման 100ամեակին:
Յիշեալ տարիներուն Հայ առաքելական Ս. եկեղեցւոյ եւ Մայր Աթոռի գործունէութիւնը լուսաբանող սոյն աշխատութեան համար, ուսումնասիրուած են ՀՀ Ազգային արխիւին եւ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ պահուող նիւթեր, որոնց զգալի մասը առաջին անգամ է որ կը դրուի գիտական շրջանառութեան մէջ:
Մենագրութեան մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ 1918ի մայիսեան հերոսամարտերուն մասնակցած հայ հոգեւորականներուն մասին:
Գիրքը հրատարակուած է՝ մեկենասութեամբ «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամին: