ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Խաբեբայ է ան, խորամանկ, նենգադաւ, գող, իբր աղու հեզիկ ձեւացող եւ ծայր աստիճան ճարպիկ եւ ճարտար: Միեւնոյն ժամանակ, չմոռնանք ըսել՝ մշտարթուն եւ շրջահայեաց: Յարգելի՛ ընթերցող, ներողամիտ գտնուեցէք, եթէ այս տողերը ձեզ կարծել տուին, թէ խօսքը շնազգիներու ընտանիքին պատկանող, երկար եւ բրդոտ պոչով, թաւ մազով, սուր դունչով գիշատիչ ու դժնդակ կաթնասունի համար է: Ո՛չ… Վերոյիշեալ ածականները կը նկարագրեն «աղուէս» բառը: Ըսեմ, նաեւ, թէ այս պարբերութեան պատճառ կը դառնայ այն աղուէսը, որ Գառնի տաճարին առջեւ, յուշանուէրներու տաղաւարի մը թիթեղեայ ծածկէն երկու մղլակով կախուած՝ մեզ կը դիտէ:
– Պարո՛ն, տեսէ՛ք, աղուէսի իրական մուշտակ: Ի՛նչ սիրուն է:
– Չմտածես գնել եւ տուն տանիլ: Նախ եւ առաջ՝ արգիլուած է սահմանէն անասունի մուշտակ անցընել: Յուշանուէ՞ր կ՛ուզես: Տե՛ս, սեղանիկը լեցուն է բազմազան զարդեղէններով եւ ձեռագործերով… Իսկ, եթէ աղուէսները շատ կը սիրես, ապա քեզի համար նորատիպ եւ պատկերազարդ «Աղուէսագիրք» մը կը գնենք, երբ Երեւան վերադառնանք: Իսկ հիմա, թէ՛ գնում ընենք եւ թէ՝ զրուցենք: Արա՛մ, քեզ կը վստահեցնեմ, թէ «աղուէս» բառի պատմութիւնը շատ աւելի հետաքրքրական է, քան իրական աղուէսը կամ անոր չարութիւնները:
– Ես աղուէսը կը ճանչնամ Լա Ֆոնտէնի առակէն… Պարո՛ն, հակառակ իր վատ համբաւին, ի՛նչ անմեղ եւ անվնաս նայուածք ունի սա անկենդան եւ սնամէջ աղուէսը:
– Արա՛մ, մարդիկ անիկա նկատեցին: Հետեւաբար, ծնունդ առին «աղուէսածին» փոխաբերութիւնները, դարձուածքները եւ առակները: Բառը, շնորհիւ իր նկարագիրին՝ յաջողեցաւ հայկական լեզուաշխարհին մէջ գրական նախանձելի դիրքեր գրաւել… Բարե՛ւ, կը ներէ՛ք, այս ապարանջանները ի՞նչ կ՛արժեն… 1500՞: Երկու հատ: Շնորհակալութի՛ւն… Նմանապէս… Արամ, դժուար է ստուգել, թէ հայերէնի մէջ ե՛րբ սկսեր է «աղուէս»ին ճարպիկութիւնները, սակայն գիտենք, թէ բնիկ հայկական է եւ միշտ գոյութիւն ունեցեր է մեր մայրենիին մէջ, ինչպէս՝ այս լեռներուն վրայ միշտ բնակեր են աղուէսներ: Բառը բազմաթիւ ցեղակիցներ ունի, ինչպէս՝ յունարէն «ալոպիքս», լատիներէն «վուլպես» եւ պարսկերէն «ռուպա»: Հայ եւ օտար լեզուաբաններ հասած են այն եզրակացութեան, թէ բառը ունենալու էր նախաձեւ մը, որմէ սեռած ըլլային բոլոր «աղուէս»ները: Կարելի է ըսել, թէ բազմածին բառ է անիկա, եթէ նկատի առնենք աղուէսախաղ, աղուէսաբարոյ, աղուէսախօս, աղուէսակերպ, աղուէսագիր, աղուէսաթակարդ, աղուէսանալ, աղուէսաքուն, ինչպէս նաեւ «աղուէս»ով բարդուած քսան այլ բառեր, որոնք մեր լեզուին կու տան պատկերալից հարստութիւն:
– Այս պատիւներուն հասած ըլլալու համար, սրամտօրէն գործած պէտք է որ ըլլայ այդ կենդանին:
– Գրաւոր հայերէնի արշալոյսէն ի վեր… Բարի եւ ընտանի անասուններէն առաջ, Ոսկեդարուն ան յաջողեցաւ սպրդիլ հայկական մատենագրութեան ընտիր էջերէն ներս: Իր ամենամեծ յաջողութիւնը եղաւ առակներու նիւթ դառնալը: Մեր առակագիրներէն Վարդան Այգեկցին, ժողովուրդ դաստիարակելու համար քանի՜-քանի անգամ գրի առաւ աղուէսով բարոյախօսութիւններ: Աւելի՛ն, Այգեկցիի եւ անոր վերագրուած առակներու հաւաքածոն, կը հաւատա՞ս, մեր հնագոյն տպագիր գիրքերէն մէկը դարձաւ: Ան լոյս տեսաւ 1668 թուականին, Ամսթերտամի մէջ: Անո՞ւնը… Մի՛ զարմանար, «Աղուէսագիրք», հայերու 69րդ տպագիր գիրքը, երբ դեռ չկային Նարեկներ, Վարք Մաշտոցիներ եւ Ոսկեփորիկներ: Ասիկա աղուէսին համար մեծ պատիւ է, անշո՛ւշտ: Սակայն, կ՛արժէ յիշել, թէ պատմութեան մէջ ան ունի սեւ եւ անհանգստացնող էջեր եւս: Միջնադարուն մարդիկ աղուէսը, բառացիօրէն, կը կրէին իրենց մորթին վրայ:
– Դաջուա՞ծ:
– Ո՛չ: Պատժամիջոց եւ նախատինք: Արա՛մ, հինգերորդ դարուն, Հայաստանի մէջ շատ տարածուած էր աղանդաւորութիւնը: Այդ շարժումները արմատախիլ ընելու համար, աղանդաւորներու ճակատին «աղուէսադրոշմ» կը խարանէին: Հինգ հարիւր տարի ետք, այդ շարժումները դարձեալ բռնկեցան թոնդրակեան անուան տակ, եւ շարունակուեցաւ աղուէսախարանումը, ինչպէս կը վկայէ պատմիչ Լաստիվերցին. «Աղուէսախարանօք զդէմս նոցա դրոշմել հրամայէ, զի եղիցին այն նոցա նշան յաւիտենից՝ յայտնի եւ ճանաչելի ամենեցուն»: Վերջապէս՝ 1053ին, հրամանատար Գրիգոր Մագիստրոսը զինուորական միջոցներով ջախջախեց այդ շարժումը: Սակայն, ան թոյլ չտուաւ, որ իր ջոկատները աղուեսադրոշմով խարանեն հակառակորդներու ճակատներն ու դէմքերը… Արա՛մ, ժամանակները փոխուեցան: Այսօր աղուէսը կը վայելէ ժողովրդականութիւն: Նոյնիսկ կայ մէկը, որ թեթեւութեամբ կը յիշէ, թէ «աղուէս» կը կոչուէր իր դասընկերներուն կողմէ: Զահրատն է ան, պոլսահայ արդի բանաստեղծը՝ «Եսագրութիւն» բանաստեղծութեան մէջ. «Ինծի դպրոցը «աղուէս» կ՛ըսէին… Ես աղուէսը գիրքէն կը ճանչնայի լոկ, …ես – այն ատեն – ոչ պանիրի գող էի տակաւին, ոչ ալ՝ կին երազող»: Աղուէսի բանաստեղծական նկարագրութիւն մըն ալ ունի Թումանեանը.
«Աղուէ՜ս, աղուէ՜ս, փոքրիկ գազան,
Ոտներըդ կարճ ու խիստ վազան»։
Զէյթունի մէջ «աղուէս» կը կոչուէր հաստ գերանը: Պուլանըխի մէջ նոյնպէս «աղուէս» էր տան սիւնի վրայ նստած գերանը, իսկ Սեբաստիոյ եւ Վանայ մէջ՝ սայլի մէկ մասը միւսին կապող փայտը: Բազմատաղանդ կարելի է կոչել զայն, քանզի հայկական բարբառներու մէջ առաւ մէկ այլ իմաստ՝ սուրհանդակ: Պերճ Պռոշեանը վէպի մը մէջ գրեր է. «Խանին աղուէսը եկաւ»: Հարսանիքներու ժամանակ հիւրերու գալը աւետող անձն ալ «աղուէս» կը կոչուէր: Հայկական բանահիւսութիւնը այնքան հարուստ է «աղուէսակերպ» արտայայտութիւններով, ինչպէս՝ «Ծեր կամ հին աղուէս»՝ փորձառու եւ խորամանկ մարդ, «Սեւ աղուէս դառնալ»՝ քիչ երեւալ, դժուար ճարուիլ, «Աղուէս փախցնել»՝ անկարգութիւն ընել – կեսարիացիներու խօսքն է ասիկա: Շատ նիհարներուն կ՛ըսենք՝ «Ցամաք ձորի աղուէս» կամ «Օգոստոսի աղուէս»։ Մեկնաբանութեան կարիք չունի վերջինը. «Աղուէսը իր պոչը վկայ կը բերէ»: Արա՛մ, գիտե՞ս, թէ պարզ եւ միամիտներ երբեմն աղուէսէն աւելի խորամանկ կը դառնան՝ ստիպուած: Այն ժամանակ ժողովուրդը կը սիրէ գործածել՝ «Թէ նա աղուէսն է, ես էլ պոչն եմ» արտայայտութիւնը: Արա՛մ, ժամանակին ցարը հայատեաց կառավարիչ մը նշանակեր է Կովկասի վրայ: Ժողովուրդը զայն որակեր է «ցարական հին աղուէս», երբ նկատեր է անոր «աղուէսային դէմքը»: Նոյն օրերուն, Խաչատուր Աբովեանը՝ գրական նոր հայերէնի եւ լուսաւորութեան ռահվիրան, ինչպէս նաեւ «Աղուէսն ու Ագռաւն», «Աղուէսն ու Գէլը», «Աղուէսն ու Խաղողը» անուանեալ առակներուն հեղինակը, աղուէսին վերադարձուց անոր պատմական պաշտօնը՝ առակներու միջոցով ժողովուրդ դաստիարակել: Արա՛մ, չկարծես, թէ աղուէսը չար տիպար է միշտ: Ան երբեմն կը ներկայանայ երկու դրական յատկանիշներով. համբերութիւն եւ հնարամտութիւն:
– Եթէ այդպէս է, ապա յարմարած պէտք է ըլլայ նոր ժամանակներու արդիականացման, թէ չէ՝ բառն ալ կը նմանէր այդ մուշտակին, անկենդան եւ անպարունակ:
– Հնարամիտ է եւ ճարպիկ: «Աղուէս»ը այսօր Հայաստանի մէջ լայն տարածութիւն գտած ուսուցողական ծրագրաւորման լեզու է: Նախակրթարանի սանիկները զայն կը գործածեն թուային շարժանկարներ եւ խաղեր ստեղծագործելու համար:
– Կը շնորհաւորեմ զայն, իր ճարպիկութեան եւ հնարամտութեան համար… Պարո՛ն, ես որոշեցի սա քաղաքական գլխարկը գնել:
– Գալ տարի շրջանաւարտ պիտի ըլլաս: Ի՞նչ կ՛ուզես ուսանիլ:
– Միջազգային յարաբերութիւններ:
– Հասկցա՛յ… Որոշեր ես օր մը «աղուէս քաղաքագէտ» դառնալ: Քեզի թելադրութիւն մը. անմիջապէ՛ս կարդա «Աղուէսագիրք» մատեանը, որպէսզի իւրացնես մեր ժողովուրդին իմաստութիւնը, անհրաժե՛շտ՝ մասնագիտութեանդ համար:
– Անմիջապէ՛ս, պարոն: