ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Հարցասիրութեան դրական եւ ժխտական երեւոյթներուն ծանօթ ենք բոլորս: Տեղին, եւ խելացի հարցումներուն պատասխանելը հաճոյք է, բնականաբար, եւ կը տեսնենք յաճախ, թէ որքան ուրախութեամբ կը պատասխանեն մարդիկ, երբ նման հարցումներ հարցուին իրենց: Մինչ, անտեղի եւ նիւթին շրջագիծէն դուրս տրուած հարցումները նոյնիսկ ջղագրգիռ կը դարձնեն մարդս, որ իր տուած չոր ու ցամաք պատասխանով լռութեան կը փորձէ մատնել զայն հարցնողին:
Հարցասիրութեան «ծննդոց»ը կը սկսի մանկութեան վաղ տարիներէն, երբ աշխարհը իր բոլոր գոյներով կը սկսի զգալի դառնալու երեխային: Մինչեւ հիմա իր չնկատած իրերն ու անձերը, գոյներն ու տեսակները, չափերն ու քանակը կը դառնան հետաքրքրական, որոնց ինչ ըլլալուն մասին հարցումներ կը սկսին հարցնելու անոնք, յատկապէս իրենց հարազատներուն:
Տարիքի հասունացումով, աւելի՛ գիտակցութեան գալով, մանաւանդ երբ կրօնական զգացողութիւնը բնական ընթացքով կը ծաղկի իրենց հոգւոյն մէջ, մանուկներուն ամէնէն շատ հետաքրքրող նիւթը կը դառնայ աստուածաբանութիւնը…։ Երեխաները մեծ «աստուածաբաններ» կ՛ըլլան անգիտակցաբար, երբ իրենց հարցումներուն վրայ դրած մեծ հարցականներով կը դիմեն իրենց ծնողներուն. «Ո՞վ է Աստուած», «ո՞ւր է Աստուած», «ի՞նչ կայ երկնքի կապոյտէն անդին», «ինչպէ՞ս կը թռչին հրեշտակները», «ո՞ւր է հիմա Յիսուս», «ինչո՞ւ Աստուած չ՛երեւիր», «ինչպէ՞ս Յիսուս երկինք համբարձաւ» եւ նման բազմաթի՜ւ հարցումներով, մանուկները կ՛ուզեն մեզի հետ քննարկել աստուածաբանական ամէնէն բարդ խնդիրները:
Աստուածաբանական հարցումները, անշուշտ, կ՛ընկերանան մարդոց իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին. անոնցմէ շատերուն պատասխանը միայն հաւատքով կը գտնեն մարդիկ: Երկնային աննիւթեղէն մարմիններու եւ երեւոյթներու մասին հարցումներէ բացի, մարդիկ կը փնտռեն շա՜տ ուրիշ հարցումներու պատասխաններ, որոնք առհասարակ կապ ունին իրենց առօրեայ կեանքին հետ: Այսպէս, օրինակ, իրենց ձախորդութիւնը եւ ուրիշներու յաջողութիւնը հարցական մը կը ստեղծէ իրենց միտքին մէջ: Ոմանք արդարօրէն կ՛ըսեն, որ իրենք ալ կեանքի նոյն ճամբայէն կը քալեն, կը տքնին ուրիշներու նման, կը փորձեն բազմաթիւ ձեւեր գտնել յաջողութեան հասնելու, սակայն բախտը ուրիշներուն կը ժպտայ, իսկ իրենց՝ ո՛չ: Մարդիկ չեն ուզեր ընդունիլ, անշուշտ, որ բախտը բոլորի՛ն կը ժպտայ, սակայն քիչեր այդ ժպիտը կը նշմարեն եւ ըստ այնմ կ՛ընդառաջեն բախտին: Եղած են մարդիկ, որոնք բացառիկ շնորհքներ ունեցած են, սակայն չեն անդրադարձած անոնց, մինչեւ որ մէկը արթնցուցած է զիրենք, ըսելով որ կրնան մեծ յաջողութիւններու հասնիլ, եթէ զարգացնեն իրենց մէջ այս կամ այն բնատուր կարողութիւնը կամ ձիրքը: Ո՞վ է այստեղ յանցաւորը. բա՞խտը, թէ անբախտ ըլլալու համար լացող հարցասէրը: Բնականաբար՝ երկրորդը, որ իսկապէս տեղեակ չէր իր բախտաւոր ըլլալէն:
Հարցում հարցնելու սովորութիւնը ամբողջ կեանքին ընթացքին կ՛ընկերանայ մարդուն: Երեխան երբ մեծնայ ու դպրոց սկսի յաճախելու, իր դասերուն վերաբերեալ հարցումներով կը դիմէ ուսուցիչին: Աւելի մեծնալով երբ յաճախէ համալսարան, աւելի բարդ նիւթերու մասին հարցումներով կը մօտենայ իր դասախօսներուն, իր միտքը չարչրկող հարցումներուն տրամաբանական պատասխաններ ստանալու համար:
Հարցումը, սակայն, ինչպէս վերը նշեցինք, ճիշդ տեղին պէտք է հարցուի, ո՛չ թէ անժամանակ եւ անհիմն: Տեսնուած է, թէ ինչպէս ուսուցիչներ կամ դասախօսներ չեն պատասխաներ իրենց հարցուած այն հարցումներուն, որոնք նիւթէն դուրս են եւ ընդհանրապէս պատասխան ստանալու համար տրուած հարցումներ չեն:
Առհասարակ հանրային դասախօսութիւններու ընթացքին հարցում հարցնողներու մասին տարբեր կարծիք կրնան կազմել ունկնդիրներ: Ոմանք կը հարցընեն՝ միայն հարցում մը հարցուցած ըլլալու համար: Ուրիշներ, կ՛ուզեն ներկաներուն փաստել, թէ իրենք խօսուած նիւթին մասին յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ կատարած են: Երրորդ խումբի մարդիկ հարցում կը հարցնեն, անուղղակիօէն դասախօսին բացթողումները ամբողջացնելու եւ անոր խօսքին թերի մասերը ցուցադրելու աժան մեծամտութեամբ: Չորրորդ խումբի մարդիկ հարցում կը հարցնեն, իսկապէս լուսաբանուելու համար: Ընդհանրապէս այս խումբի մարդոց հարցումին ականջ չեն տար ներկաներ, կա՛մ իրարու հետ զրուցելով կամ՝ աւելորդ համարելով այդ հարցումը: Չենք զարմանար, երբ նոյնիսկ այդ մարդուն յիմարի տեղ դնէ ներկայ բազմութեան մեծ տոկոսը: Միայն գիտակ դասախօսն է, որ շուտով կը ճանչնայ հարցումը հարցնողին կարողութիւնը, թէ՝ ո՞վ է այդ հարցումը հարցնողը: Որովհետեւ այդպիսի հարցումներ հարցնողները հինգ վայրկեանի համար յիմար կը ձեւանան, իրենց միտքին մէջ մութ մնացած խնդիրին ամբողջական լուսաւորութիւն բերելու նպատակով: Մինչդեռ սրահին մէջ գտնուողներէն շատեր, որոնք անոր նման հարցում չեն կրնար հարցնել, իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին յիմար պիտի մնան, որովհետեւ կարեւոր հարցումի մը տրուած ճիշդ պատասխան մը, կրնայ մեր կեանքը ամբողջութեամբ յեղաշրջել դէպի բարին…։
_ Ո՞վ է հարցումը հարցնողը:
Դասախօսին համար կարեւո՛ր այս հարցումը, պէտք է նո՛յնքան հետաքրքրէ նաեւ սրահին մէջ գտնուող բազմութեան: Որովհետեւ աւելի լաւ է հինգ վայրկեանի համար յիմար թուիլ մարդոց եւ ապա լուսաբանուիլ ու գոհանալ տրուած պատասխանով, քան թէ ամբողջ կեանքին ընթացքին յիմար ըլլալ եւ տուժել…։
Տեսնուած է դարձեալ, որ սրահին մէջ երբ հարցում մը հարցուի մէկու մը կողմէ, որ վերջին շարքին նստած է, առջեւը նստողները բնական մղումով իրենց վիզը ետեւ կը դարձնեն, տեսնելու համար թէ ո՞վ է խօսողը: Տուեալ անձին արտաքին տեսքին, հագուած հագուստին, դրած փողկապին կամ գործածած ակնոցին մասին մտածելու փոխարէն, այդ պահուն պէտք է մեզի հետաքրքրէ այդ հարցումը, զոր «հինգ վայրկեանի համար յիմար» կոչուելու պատրաստակամութեամբ կը հարցնէ այդ մարդը: Ան չուզեր, ուրիշ շատերու նման, իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան յիմար դառնալ, որովհետեւ գիտէ, որ լուսաբանական կարճ նախադասութիւն մը, գուցէ եւ բա՛ռ մը, լուսաւոր ճամբայ մը կրնայ բանալ իր դիմաց, եւ ինք կրնայ օգտուիլ այդ պատեհ առիթէն: Ահա՛ թէ ինչպէ՛ս մարդիկ իրենց բախտը «կ՛որսան»:
Բախտն ալ ջուրին մէջ ձուկ է, որուն ո՞ր կողմ լողալը չենք տեսներ եւ իրաւունք չունինք պահանջելու, որ դէպի մեր ուղղութեամբ լողայ անիկա: Ոմանք իրենց երեւակայութեան թափ տալով, իրենք զիրենք երազներով կ՛օրօրեն, ուրիշներն ալ իրենց հետ խաբելով, թէ սպասուած «ձուկ»ը արդէն մօտեցած է իրենց: Եթէ մենք մեր կարթը ջուր չենք նետած, հապա ինչպէ՞ս կ՛ուզենք որսալ այդ ոսկեայ ձկնիկը, որուն կը կապենք մեր կեանքի բոլոր երազներուն իրականացումը…։
Հարցում հարցնողը յիմար չէ՛, այլ իմաստուն հարցում չհարցնո՛ղն է յիմարը, որ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին պիտի տարուբերի իր հարցումներուն պատասխանները գտնելու յոյսի օրօրոցին մէջ, սակայն՝ առանց հարցումը ճիշդ տեղին եւ յարմար ժամանակին հարցնելու…։
_ Ո՞վ է հարցումը հարցնողը: Ան կրնայ ճիշդ ծոծրակիդ ետին նստած ըլլալ: Վիզդ պէտք է դարձնես, եւ եթէ պէտք եղաւ՝ ամբո՛ղջ մարմնովդ պէտք է ետեւ դառնաս, լա՛ւ տեսնելու համար զայն, եւ երկու ականջներով լսելու հարցումը, զոր կը հարցնէ ան: