ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Ի՛նչ բախտաւորութիւն է ունենալ բառ մը, որ հակառակ իր փոքր չափերուն, յաջողած է պատկերաւոր կերպով ներկայացնել մեր հպարտութիւնները, երջանկութիւնները եւ… հերոսական մահերը: «Լամբակ»ն է անիկա: Ըստ բառարաններու, անոր առաջին իմաստն է՝ «կոճակամայր, բաճկոնի կամ շապիկի կոճակը անցնելու բացուածք, օղակ»: Մինչդեռ, ազգային մեծերու կեանքը, ինչպէս ճարտարապետ Թորոս Թորամանեանի, մեզի կը յուշէ պատմութիւն մը, որ շատ աւելի ընդարձակ է՝ քան կոճակի մը նեղլիկ անցքը:
1913 թուականն է: Թորամանեան, Անիի պեղումներուն դադար տուած՝ եկած է Վիեննա ու կը պատրաստուի պատուաբեր մրցանակ մը ստանալու: Զայն շնորհաւորելու համար այցելութեան եկած է բառագէտ հին բարեկամ մը՝ յիսուննոց պարոն, ալեհեր եւ բարձրահասակ, որ միեւնոյն ժամանակ բարձր ծովերու աղուէս նաւավար մըն է:
– Պարո՛ն Թորամանեան, ի՛նչ մեծ պատիւ պիտի ըլլայ ձեր լամբակին վրայ աւստրիական կայսերական շքանշան մը կրել՝ արուեստի լաւագոյն աշխատանքի համար:
– Պարո՛ն ստուգաբանութիւն, այդ յաջողութիւնը ես կը պարտիմ ընտանիքիս եւ ծննդավայրիս: Ճշմարտութիւ-նը, յարգելի՛ բարեկամ, որ մենք՝ շապին-գարահիսարցիներս, հողին կառչած, յամառ եւ ա-զատատենչ արհեստաւորներ ենք: Մեր քաղաքի շուկային մէջ կան երկու տասնեակ արհեստներու տաղանդաւոր հայ վարպետներ: Մեր ընտանիքը հողագործ է: Երբ կը լսեմ «լամբակ» բառը, միտքիս մէջ կ՛արթննան մանկական, յուզումնալից պատկերներ… Շա՜տ փոքր եմ: Մայրս կուժը լամբակով ուսէն կախած՝ սարի պաղ ջուր կը բերէ: Ուրիշ օր մը, ընկերոջս Անդրանիկի քոյրը՝ Նազելին, լամբակէն բռնած է կովկիթը: Ան մեզի տաք կաթ կու տայ: Անդրանիկը ինձմէ մէկ տարի պզտիկ էր: Միասին կը խմենք այդ կաթը: Մենք կը յաճախէինք Մուշեղեան վարժարան: Անդրանիկը գեղադէմ էր: 17 տարեկանին սիրահարեցաւ: Սկսաւ ամէն Կիրակի իր լամբակին վրայ ճերմակ շուշան դնելու: Նոյն տարին ամուսնացաւ: Իսկ ես գացի Պոլիս. Հիւսնի մօտ աշխատեցայ: Ուսում առի Պոլսոյ Կայսերական գեղարուեստից վարժարանի ճարտարապետութեան բաժինին մէջ: Իսկ այժմ, Վիեննայի համալսարանը որոշեր է լամբակիս վրայ շքանշան զետեղել:
– Պարո՛ն Թորամանեան, կեանքի բաժակը ցմրուր քամած էք:
– Ինչպէս ամէն երջանկութիւն, նոյնպէս եւ ամէն կորուստ եւ ամէն ցաւ մեր լամբակներուն վրայ յայտնուեցան: Անդրանիկի սիրելի կինը, ամուսնութեան առաջին տարին մահացաւ, երբ իրենց առաջին զաւակին ծնունդ կու տար: Այն ժամանակ, բոլորս մեր լամբակներուն վրայ թուղթէ սեւ շուշաններ դրինք:
– Չենք գիտեր, թէ ապագային մեր լամբակներէն ինչե՜ր պիտի անցնին. ծաղիկնե՞ր, շքանշաննե՞ր, թէ սուգի սեւ նշաններ: Բայց, մէկ բան ստո՛յգ է. բառին ծագո՛ւմը: Հայկական մատենագրութեան մէջ անիկա ընդհանրացած է 13րդ դարուն: Նախապէս ունեցեր է «լամբ» ձեւը եւ այդպէս ալ մէկ անգամ մուտք գործեր է Աստուածաշունչ. «Եւ եղիցին օղամանեակքն լամբք լծակացն՝ բառնալ նոքօք զսեղանն»: Պարզապէս՝ օղակ է լամբակը, կամ՝ ընդունարան, ագոյցք, որուն մէջէն ձող կամ փայտ անցնելով՝ բեռ կը վերցնեն: Կը կարծուի, թէ սեռած է յունարէն «լամվանօ» բայէն, որ կը նշանակէ՝ «բռնել, կրել, ընդունիլ, առնել, պարունակել»: Այդ արմատէն աճեցան «լամբաւոր», «օղալամբ» եւ «լամբել» բառերը: Վերջինը կը նշանակէ շալակել, բառնալ, վրան առնել: Բառը Ալաշկերտի մէջ «լամբայ» է, Բինկեանի եւ Անկայի մէջ՝ «լամբոկ»: Վերջինին մէջ «լամբօնք» կը կոչեն այն պարանը, որ կուժի բերանին կը կապեն՝ ուսի վրայ առնելու համար:
– Ինչպէս մայրս եւ Նազելին կ՛ընէին տարիներ առաջ:
– Իսկ «լամբօնք»ը Զէյթունի մէջ գլխարկի այն կապն է, որ ծնօտի տակէն կ՛անցնի: Պարո՛ն Թորամանեան, բառը սիրած է ճամբորդել: 19րդ դարուն, Կովկասի եւ ձեր լեռնանիստ քաղաքին մէջ անիկա տեղ գտած է այծենկաճ կոչուած ուղղանկիւն ուսերով, լայն քղանցքներով երկար թիկնոցին վրայ:
– Յիշեցի՛, այծի չխուզած մորթէն շինուած այն աւանդական հագուստը, զոր մեր հովիւները կը գործածեն:
– Այո՛: Անոնք կոճակներու փոխարէն կ՛ունենան կուրծքի աջ եւ ձախ եզրերուն ամրացուած լամբակներ:
– Անդրանիկը կը պատմէր, թէ 1826-28 թուականներուն Ռուս-պարսկական պատերազմին մար-տնչող հայ կամաւոր զինուորները հագած են լամբակաւոր այծենկաճներ:
– Իսկ քաղաքներու մէջ, պարո՛ն Թորամանեան, լամբակը քայլ յարմարցնելով քաղաքակրթութեան եւ եւրոպական նորաձեւութիւններուն հետ՝ վայելուչ երիտասարդներու, ուսումնատենչ սանիկներու, ազգային հերոսներու եւ հայրենանուէր մտաւորականներու բաճկոններու օձիքին վրայ պատուաւոր տեղ գրաւեց: Այդ լամբակներուն մէջէն անցան բուրումնաւէտ ծաղիկներ, ոսկեզօծ մետալներ, խաչաձեւ կրծ-քանշաններ եւ պատուոյ ժապաւէններ… Իսկ հիմա կարգը ձե՛րն է, պարո՛ն Թորամանեան:
– Չգիտե՛մ: Դժուար ժամանակներ են: Կը վախնամ, թէ պիտի փլուզուին աշխարհիս հզօր կայսրութիւնները ու արիւնի հեղեղներ պիտի հոսին արեւելքէն արեւմուտք: Անկասկած կարդացած էք Վարուժանի «Առկայծ Ճրագ» բանաստեղծութիւնը. անցեալ տարի լոյս տեսաւ «Հեթանոս Երգեր» ժողովածուին մէջ:
– Պոլսոյ «Շանթ» տպագրատան ճաշակաւոր հրատարակութիւնը… Այո՛, կարդացի: Թէեւ ծաւալով փոքր էր, բայց բովանդակութեամբ՝ շա՛տ խոր:
– Սրտաճմլիկ պատմութիւն մը ունի այդ բանաստեղծութիւնը: Ողբերգութիւն մը իսկակա՛ն: Վերջին խօսքերը կը յիշէ՞ք. «Հերոս տղաս հոն զարնուա՜ծ է սրտէն, ա՜խ հարս, ճրագդ մարէ՜…»: Պարո՛ն ստուգաբանութիւն, այդ բանաստեղծութիւնը, դժբախտաբար, մեզի կը յիշեցնէ, թէ լամբակէն կ՛անցնի նաեւ… թշնամիի փամփուշտը: Այդ ժամանակ, արիւն չի վազեր նահատակի կուրծքէն, այլ՝ «հոն կը ծաղկին կարմիր շուշաններ»:
– Այնպէս, ինչպէս Պէշիկթաշլեանն ու Իսահակեանը մեզի հաւատալ կու տան իրենց հերոսական քերթուածներուն մէջ:
– Պարո՛ն ստուգաբանութիւն, ես կը լսեմ սարսափելի օրերու ոտնաձայները: Միակ մաղթանքս այն է, որ մեր լամբակները զարդարուին միա՛յն յաղթանակի նշաններով եւ սիրոյ անմեղ շուշաններով… Դէպի ո՞ւր՝ ձեր յաջորդ ճանապարհորդութիւնը:
– Պոլիս, ապա՝ Կովկաս:
– Նոյնպէս ես կ՛երթամ Կովկաս, ապա՝ Անի: Պիտի շարունակեմ պեղումներ եւ չափագրութիւններ կատարել, որպէսզի հայկական ճարտարապետութեան բոլոր օ-ղակները միացնեմ ու վերջնականապէս փաստեմ, թէ ինքնուրո՛յն է անիկա:
– Կասկած չունիմ, որ կը յաջողիք ու ձեր լամբակին վրայ կ՛աւելնայ պատուանշան մը եւս: Այդ մէկը՝ ազգին կողմէ նուիրուած: