Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ. ՔԱՐ

$
0
0

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

Մեր Բառերուն Ամէնէն Փափուկը:

 

0120norayrdadourianՄետաքս է, ծիածան է, աղօթք է, հեքիաթ է, նազանք է, արցունք եւ ժպիտ է: Ո՛չ, յարգելի ընթերցող, այս ազնիւ եւ քնարական խօսքերը չեն ուղղուած դէպի գեղեցկուհիի մը, անոր մազերուն, կամ՝ դէպի անոր բանած նուրբ ասեղնագործութեան: Այս խօսքերով հայ ժողովուրդը նկարագրած է՝ քարը: Այո, այն կարծր նիւթը՝ որ ագուլիսցիի համար «քօր» էր, զէյթունցիի եւ հաճընցիին համար «քօյ», իսկ մուսալեռցիին համար՝ «քուր», եւ որուն վրայ նստած է ամբողջ ժողովուրդ մը, եւ որուն քարհատ, քարտաշ եւ քարկոփ վարպետները, իրենց քարածին ձեռքերով, դարեր շարունակ ստեղծեր են քարակոթողներ, քարարձաններ եւ «քարէ մատեաններ»: Տեսնելու համար, թէ ինչպէ՛ս քարացած բառ մը հայու մտածողութեան մէջ փափկացաւ ու դարձաւ նոյնիսկ «սիմֆոնիա», ձեզ կը հրաւիրեմ մտովի ճամբորդել Երեւանէն Սեւան ուղղուող «Մ4» միջպետական ճանապարհ, կանգ առնել անոր 14րդ քիլոմեթրին վրայ, ու դիտել մեր աշակերտները, որոնք հանրաշարժէն իջած՝ ճամբու եզրին կը հաւաքեն «սատանի եղունգ»: (Ժողովուրդը այսպէս կը կոչէ հրաբխային, ապակենման, կիսաթափանցիկ այն սեւ քարը, որ երկրաբանական շրջանակներու մէջ յայտի է որպէս «ոպսիտիան»:

– Պարոն, նոյն քարերն են հոս կամ հոն: Տղաները ինչո՞ւ վեր-վեր կ՛ելլեն:

– Այո… Մեղեդի, երբ տղայ զաւակ ունենաս կը հասկնաս:

1013kar

Երբ աշակերտներուն մեծամասնութիւնը մեր մօտակայքն է ու տաբատի մը գրպանը լեցնելու չափ քար հաւաքելով զբաղած է, Շանթն ու Աւօն, հայկական լեռնաշխարհի պարզ զաւակներ, քարեր գլորելով դարվար՝ սկսած են բլրակի վրայ բարձրանալու: Անոնք կը նմանին քոթոթներու, որոնք կը սիրեն խաղի համար մայր արջուկի գլուխը կամ ուսը մաքլցիլ:

– Մեղեդի, թէեւ «քար» բառին բուն իմաստն է «կարծր», ու գիտնականներ թող շարունակեն չափել ու կշռել անոր նիւթական յատկութիւնները, տե՛ս հայու երեւակայութիւնը ինչպէ՛ս նրբացուցեր է զայն: Սուրբ Գիրքի մէջ անիկա գործածուած է «գոհար, ակունք» իմաստով, ուրկէ կու գայ Գեղարդի քարափոր տաճարին մէջ ձեր երգած «շարական»ներուն իմաստի մեկնաբանութիւնը: Իւրաքանչիւր տօնի համար յատուկ ստեղծուած այդ հոգեւոր երգերու շարքը կը ստուգաբանուի որպէս թանկագին քարերու՝ «ակն»ներու շարք‘ «շար-ական»:  Իսկ եթէ երգ է քարը, նախերգանքը պէտք է, որ կատարէ Վահան Տէրեանը: Կը յիշե՞ս «Մի՛ խառնէք մեզ» բանաստեղծութիւնը:

 

– Այո, ա՛ն, որ Նաիրան արտասանեց արտասանութեան երեկոյին:

– Այո, այդ մէկը, ուր Տէրեանը աշխարհին կը յորդորէ.

«Չի հասկանայ ձեր հոգին եւ ծոյլ, եւ օտար,»

«Տաճար է մեր երկիրը, սուրբ է ամէն քար»:

Գիտե՞ս Մեղեդի, թէ՛ ինչու բանաստեղծներ այսպիսի սուր եւ արդար տեսողութիւն ունին:

Աշուղ Ճիւանին տուեր է պատասխանը.

«Բանաստեղծի աչքերը փորձաքար են հաստատուն,

Չեն դադարի քննելուց լաւ ու վատը օրն ի բուն»:

Աւօն, «Հայաստան» կոչուած քարակոյտի այժմ սփիւռքաբնակ զաւակը, իր հայրենի կարօտին չափ մեծ քարեր կը պեղէ: Յատուկ ջանք կը թափէ ամէնէն ծանրը յայտնաբերելու համար:

– Մեղեդի, եզակի երեւոյթ է աշխարհի բոլոր լեզուներուն մէջ, որ հայերէնը ունի չորս հարիւրի չափ, ո՛չ, սխալ չլսեցիր, չորս հարիւր բառ՝ «քար»ով շինուած: Փոքրիկ բառարան մը պէտք պիտի ըլլար բոլորը ցանկագրելու համար:

– Չեմ զարմանար, պարոն, երբ մեր երկիրը քարերով է հարուստ, թէեւ աղքատ է անոր իւղով…

– Իսկ ինչպէ՞ս չյիշել մեր «քարէ» տեղանունները: Ըստ «Հայաստանի եւ յարակից շրջաններու տեղանուններ» բառարանին՝ Ծոփքէն Ուտիք, Գուգարքէն Սիւնիք, կէս հազարի չափ են անոնք: Եւ քարակերտ մեր երկրամասի կեդրոնն է քարերուն ամէնէն սրբազանը՝ Արարատը, ու մեր քարաշէն բնակավայրերը, որպէս լոյսի կաթիլներ, փռուած են այդ հսկայութեան փեշերուն տակ, ինչպէս՝ Քարաբերդը, Քարախաչը, Քարաղբիւրը, Քարաշամբը, Քարավաճառը, Քարավանքը, Քարաձորն ու Քարուտը… Բայց, Մեղեդի, օրեր եղան ու մեր քարը ծովը ինկաւ: Անիշխան երկրի մէջ քար քարի վրայ չմնաց, քարադէմ ասպատակողներ քարուքանդ ըրին նրբակերտ այդ գեղեցկուհին: Երկրի մէջ տիրեց քար լռութիւն: Բանաստեղծ Գէորգ Էմինը, որուն տապանաքարը Աշտարակի Կարմրաւոր եկեղեցիի բակի մէջ է, քարացաւ, երբ իր աչքերով դիտեց պատմութեան այդ քարասիրտ էջերը: Երբ սթափեցաւ, բանաստեղծը ծանրօրէն վերսկսաւ շարժելու իր գրիչը. «Քարաշատ այն երկիրը, որտեղ քարէ տուն ունէր միայն Յիսուսը, եւ որը յաճախ չէր կարողանում մի կտոր քար դնել իր ամենից սիրելի զաւակների շիրիմներին… Գառնին ու Զուարթնոցը, իմ Ախթամարն ու Տեկորը… աւերուա՛ծ անգամ, նրանք մեր քարէ ստորագրութիւնն ու կնիքն են այս հողի վրայ»: Սակայն, Մեղեդի, քարի կամք ունեցող ժողովուրդը, ամուր որպէս քարաբեկոր, քարէն հանեց իր հացը: Նկատեցի՞ր նաեւ, թէ որքա՛ն հարուստ են մեր «քարէ» դարձուածնքները:

– Պարոն, մեր քովէն անցնող-գացող օտար զբօսաշրջիկներուն ինչպէս բացատրել այս ամէնը ու մեր «քարահաւաք» այս արարողութիւնը:

– Գիտեն: Միթէ՞ մեր քարակերտ վանքերէն, Քարին Տակերէն ու Քարահունջերէն գրաւուած չեն անոնք: Իսկ, եթէ աւելի համոզիչ ըլլալ կ՛ուզես, Համօ Սահեան թարգմանէ ու պատմէ անոնց.

Ուր որ նայում եմ, քարէ բարձունք է,

Քարէ արցունք է, քարէ ժպիտ,

Քարէ ծաղկունքի քնքշանք է բիրտ,

Քարէ ամպրոպ է ու ծիածան է,

Քարէ մագաղաթ, քարէ մատեան է:

Խօսիր Չարենցը ու հպարտ արտասանէ. «Ու հնամեայ քաղաքների հազարամեայ քարն եմ սիրում»: Պատմէ անոնց, նաեւ թէ մենք մայրական սէրն իսկ չափեր ենք քարով ու թարգման եղիր Շիրազին.

Հիմալայն իբրեւ կշռաքար դրի՝

Վեր թռաւ լեռը հետն իր նժարի…

Նորից մայրիկիս սէրը քաշեց վար:

Իսկ երբ այս գիշեր Երեւան վերադառնանք, լեզու եղիր Պարոյր Սեւակին ու պատմէ անոնց, թէ հայ բանաստեղծը ինչպէս նկարագրեց իր մայրաքաղաքը:

– Ճիշդ այսպէս. «Տաք է սէրը մեր շէկ քարերիդ պէս»:

– Եւ, շարունակէ… «Մեր դարէ կարօտ, մեր քարէ նազանք»… Մեղեդի, տղաներուն այլեւս կանչենք, աւելի վեր չելլեն ու վտանգաւոր բան մը չընեն: Մեր խօսակցութիւնն ալ կը շարունակենք հանրաշարժի մէջ ու կը տեսնենք, թէ մեր բառը պատմութեան ի՜նչ քարուղիներէ անցեր է:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles