Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ- Գօտի

$
0
0

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

Մեր եօթնագոյն գեղեցկուհին…

– Պարո՛ն, ես գօտի չեմ բերած:

– Չե՜ս բերած… Ուշ չէ՛, դեռ ժամանակ ունինք: Վէ՛մ, ընկերոջ մը հետ հիմա թաքսի նստէ՛, գնա՛ Ֆիրտուսի շուկայ: Հեռու չէ՛: Այո՛, վարորդը տեղը գիտէ: Հոն յարմար գօտի կը գտնես:

0120norayrdadourianԳօտիի մը բացակայութիւնը հարց պիտի չըլլար, եթէ յաջորդ օրուան ուղեգրութեան վրայ գրուած չըլլար՝ «Էջմիածին», ու աշակերտներէն ակնկալած չըլլայինք «պատշաճ արտաքին ունենալ»: Տղոց պարագային, այդ կը նշանակէր՝ երկար թեւով նոր արդուկուած շապիկ, կերպաս տաբատ եւ սեւ կաշի կօշիկ: Փողկապը պայման չէ, բայց՝ յանձնարարելի՛: Վէմն ու Տարօնը կը մեկնին: Միչեւ որ վերադառնան՝ պանդոկին մէջ բաժակ մը թէյ խմելու առիթ կ՛ունենանք:

– Կը ներէ՛ք… Սեւ թէյ, երկո՛ւ հոգիի համար: Շնորհակալութի՛ւն…: Պերճուհի՛, այդ գօտին, որ արտադրուած է Չինաստանի մէջ, հասած է Երեւան՝ Պարսկաստանի կամ Վրաստանի ճամբով, եւ այժմ կը վաճառուի Ֆիրտուսի փողոցի բաց շուկայի սեղանիկի մը վրայ. այդ գօտին, որուն համար Վէմը երեք կամ չորս հազար դրամ պիտի վճարէ, ունի իր հասակէն աւելի երկար եւ ոլորապտոյտ պատմութիւն:

– Մենք գօտի չունի՞նք:

– Տեղական արտադրութիւն մը, կասկած չունի՛մ, թէ կայ: Սակայն, այնպէս կ՛երեւի, թէ մենք աւելի կարեւորած ենք բառը եւ անոր հետ շինուած դարձուածքներն ու արտայայտութիւնները, քան՝ իսկակա՛ն առարկան: Նախ պէտք է յիշել, թէ Հայկական Առաքելական եկեղեցին Օգոստոսի վերջին շաբաթը պիտի նշէ Սուրբ Մարիամ Աստուածամօր գօտիին գիւտը: Տօն մը, որ 1774էն ի վեր կը նշենք: Սակայն, հայը եւ գօտին իրարու կապուած են շատ աւելի հին դարերէ: Հայկական յայտնի աւանդազրոյցը կը պատմէ, թէ անյիշելի ժամանակներուն, մեր լեռները յաղթանդամ եւ հսկայ եղբայրներ էին: Ամէն առտու կ՛ամրացնէին իրենց գօտիները, ապա կը բարեւէին միմեանց. «Բարի լոյս, եղբա՛յր»: Դարեր անցան: Անոնք ծերացան: Օրը մը ուշ արթնցան եւ ծուլացան…

– Հասկցա՛յ ինչ եղաւ. չկապեցին իրենց գօտիները:

– Ճի՛շդ այդպէս: Աստուած տեսաւ, բարկացա՛ւ: Խախտուած էր ծիսակարգը: Անոնք քարացան եւ լեռներ դարձան:

– Գօտինե՞րը, հապա:

– Գօտիները դարձան մեր լեռնաշխարհի դաշտերը: Բանաստեղծ Վահան Գէորգեան ունեցաւ նման պատկերացում. «Հայաստան աշխարհ յաւիտենական, չորս գետերը քո գօտիդ արծաթեայ»: Հայ ազգի մտածողութեան մէջ գօտին մինչեւ այսօր կը ներկայացնէ գործի առջեւ կազմ ու պատրաստ ըլլալու գաղափարը: Ռափայէլ Պատկանեանը գրած է.

«Ա՜ մարդ, վեր կաց, սառը ջրով լուացուի՛ր,

Գօտիդ կապէ, գերանդիդ ա՛ռ, դաշտ հասի՛ր»:

1006kodiՊերճուհի՛, դժբախտաբար յայտնի չէ «գօտի» բառին ծագումը: Հրաչեայ Աճառեան իր առաջարկը ունի, իսկ այլ լեզուաբաններ ունին այլ մեկնաբանութիւններ: Յամենայնդէպս, կը հաւակնինք ըսել, թէ աշխարհի հնագոյն գօտիները Հայաստանի մէջ են, ինչպէս՝ Սանահին գիւղին մէջ քրմապետի դամբարանէն յայտնաբերուած օրացոյց-գօտին, որուն վրայ արտայայտուած են եղանակները, ամիսը, շաբաթը, ինչպէս նաեւ՝ արեւադարձային եւ լուսնային տարին: Գօտի բառը Աստուածաշունչին մէջ ունի այսպիսի պատմութիւն մը. «Երբ դուն պատանի էիր, ինքն իրմէ՛դ գօտի կը կապէիր, կ՛երթայիր ո՛ւր որ կ՛ուզէիր. բայց երբ ծերանաս՝ ձեռքերդ վեր պիտի բռնես, եւ ուրի՛շը քեզի գօտի պիտի կապէ ու պիտի տանի ուր, որ չե՛ս ուզեր»:

– Պարո՛ն, ինծի եւ դասընկերուհիներուս համար գօտին պարզ զարդարանք է:

– Աւելի՛ն, «գօտի» բառը հայկական մշակոյթին մէջ կը նոյնանայ ամուսնութեան եւ պտղաբերումի հետ: Եւ այդ բարակ, կարմիր գօտին՝ համշէնցիի «կօդի»ն, հաճընցիի «գուդի»ն եւ արցախցիի «կէօտէ»ն, իր նախշերով եւ արծաթ ճարմանդով զգլխեց հայ աշուղը եւ դարձաւ գեղջկական երգ: Տաղասաց Դաւիթ Սալաձորցին երգեր է. «Որպէս ակունք զարդարեալ ես, գօտիդ թուլումուլ կապեր ես»: Կոմիտաս Վարդապետը լսեց ժողովրդական երկու երգեր, սիրեց ու մշակեց զանոնք. «Կարմիր խնձոր գօտիդ եմ, սարին, օ՜, եար ջան, եարին, օ՜, եա՜ր ջան…», «Կապել ես քիրման գօտիկ, վա՜յ, քիրման գօտիկ»: Որպէս արմատ՝ «գօտի» բառը, հակառակ բարդութիւն կազմող «գօտի-», «գօտե-» եւ այլ տարբերակներու՝ մնաց կարճահասա՛կ: Անոր հետ կազմուած բառերուն թիւը աւելի մեծ չէ, քան՝ գօտիի մը վրայ բացուած ծակտիկներուն թիւը: Կան ուշագրաւ բառեր. գօտեպինդ, գօտելոյծ, գօտեկռիւ, գօտկազարդ, գօտեմարտ, համագօտի, միագօտի, ոսկեգօտի, պարագօտի եւ քաջագօտի:

«Գօտի»ի ամէնէն համապարփակ յաջողութիւնը եղաւ իր ստեղծած դարձուածքները. 80 հատ: Տպաւորիչ թիւ մը: Ան շրջանցեց կեանքի բոլոր ոլորտները՝ տնտեսական, ռազմական, քաղաքական, եւ մեզի տուաւ պատկերաւոր արտայայտուելու հնարաւորութիւն: Երբ նիւթական դժուարութիւն ունեցանք եւ խնայողութիւն պէտք էր՝ «սեղմեցի՛նք, կամ՝ ամրացուցինք գօտիները», երբ մեր ուժերը պէտք էր հաւաքել՝ «ժրեցինք գօտիները», իսկ երբ շատ կերանք՝ «պնդեցան մեր գօտիները»: Ունինք նաեւ տեսակաւոր այլ գօտիներ. այրեցեալ, սառուցեալ, անվտանք, բարեխառն, անմիջուկազէն, առափնեայ, առաջնային, արգիլուած, լռութեան, քայքայման…:

– Ես կը կարծէի, թէ անոնք կաշիէ, մետաքսէ, թաւշէ կամ արծաթէ կ՛ըլլան:

– Աւելի՛ն, Երեւանը ունի ծառապատ «Կանաչ գօտի», իսկ մեր բնաշխարհը ունի «լերանց գօտիներ», այսինքն՝ լեռնաշղթաներ: Հանրապետութեան հարաւային սահմանին մօտ կը գործէ «Տնտեսական ազատ գօտի», իսկ սահմանէն անդին, Պերճուհի՛, կան գօտիներու ամէնէն սարսափելիները՝ «հակամարտութեան» եւ «մարտական գործողութիւններու» գօտիներ: Մէկ այլ տխուր տեսարան է Գիւմրի քաղաքը: Ան կը շարունակէ ունենալ «Աղէտի գօտի»: Կը զգամ, թէ անհամբեր կը սպասես լսելու ամենաերկար գօտիները՝ տառերո՛ւ հաշիւով. «Հակաօդային պաշտպանութեան միջոցներու անսահմանափակ գործողութեան գօտի» եւ «Ռա-տիօտեղորոշումային կայանի անտեսանելիութեան գօտի»: Պերճուհի՛, այս բոլոր պատմութիւններէն ետք, եթէ երազիդ մէջ գօտի տեսնես, մի՛ վախնար, անիկա պարզապէս կը նշանակէ, թէ ամուսնանալ կը փափաքիս, բայց դեռ չես հանդիպած այդ տղուն, զոր պիտի սիրես: Բայց, եթէ կորսուած է գօտիդ՝ սա վատ նշան է: Աչալո՛ւրջ եղիր: Թշնամիներդ աշխուժացեր են:

Տղաները կը վերադառնան:

– Պարո՛ն, շատ լաւ գօտի գտայ եւ աժան, չորս հազար դրամ:

– Ուրախ եմ, Վէ՛մ: Դուն պիտի չքարանաս…: Պերճուհին հիմա կը բացատրէ քեզի: Հակառակ իր քաղաքական եւ զինուորական փոթոթութիւններուն, «գօտի» բառը իր ամենապայծառ, եօթնագոյն արտայայտութիւնը գտաւ ծիածանի մէջ, որուն համար մեր մայրենին ունի ինչ-ինչ անուանումներ. գօտի, գօտեկ, գօտիկ, Աստծու գօտի, Յիսուսի գօտի, Աստուածամարու գօտի, Մարիամ մօր գօտի, ծիրանի գօտի, կանաչ-կարմիր գօտի, սուրբ Կարապետի գօտի, Աստուածհայրիկի գօտի, Տէրունական գօտի, գօտի Արամազդայ… Աշակերտներ կ՛արժէ այս զրոյցը աւարտել գեղջկական մէկ այլ երգով…: Կը ներէք, մեր հաշիւը կրնա՞ք բերել… այո՛, երկու թէյ, շնորհակալութի՛ւն:

«Թէ ձիւն անի, սարից իջնեմ,

Գօտիս կապեմ, շեմիդ կ՛անգնեմ,

Սաթ ու փիրուզ խալիչաներ

Փռեմ ճամբին, իմ տուն բերեմ»:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles