ԵՂԻՎԱՐԴ (Եղիշէ վ. Տէրտէրեան)
Օրերն անդարձ, խոստմնադրուժ ճամբորդներ են,
Որոնք, նման տերվիշներու, բոկոտն անձայն,
Ժամանակի անծայր ճամբէն կ՛անցնին-կ՛երթան:
Ձեռքերուն մէջ իրենց ունին թագ ու աստղեր
Եւ շրթներուն՝ իմաստութիւն, վիշտ ու ծիծաղ,–
Մեծ իղձերու անոնք աներգ մեռելաթաղ:
Ոչինչ մնաց, անցեալի դուռն է յաւէտ փակ,
Եւ մանկութիւնս՝ հեռու պարտէզ կախարդական:
Մեկնող օրեր զիս խաբեցին ու ետ չեկան:
Բայց կը սպասեմ ես տակաւին իրենց դարձին՝
Ստանալու խոստումն անուշ, որ կ՛ուշանայ,
Մինչ երկինքը կ՛ըլլայ օրուան դագաղն անհուն: