Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Նոր Հրատարակութիւններ

Image may be NSFW.
Clik here to view.
top-10-confidence-books

Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԵՃԵԱՆ

 

– Աճառեան Սոֆիա, «Իմ Յուշերը Աճառեանի «ասին», «Ասողիկ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018, 286 էջ (14.8 x 20.6 սմ.) (մեծանուն եւ երախտաշատ հայագէտի տիկնոջ յուշերը իրենց համատեղ կեանքէն, լուսանկարներ): «Հրատարակչական ծախսերը հոգացել են ՀՀ Գ.Ա.Ա.Հ. Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտը եւ բանասիրական գիտութիւնների դոկտոր Ամալիա Խաչատրեանը»:

– Աճեմեան Գէորգ, «Ամբողջական Երկեր», Դ. եւ Ե. հատոր, գլխաւոր խմբագիր՝ Սուրէն Դանիէլեան, պատասխանատու խմբագիր՝ Քնարիկ Աբրահամեան, Դ. հատորի յառաջաբանի հեղինակներ Սուրէն Դանիէլեան եւ Քնարիկ Աբրահամեան, «Սփիւռք» գիտա-ուսումնական կենտրոն, «Զանգակ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018, 568 + 424 էջ (16.5 x 23.7 սմ.) (Դ. հատորի խորագիր՝ «Քննադատական Երկեր»՝ գրաքննադատութիւն, գրական նիւթերու մասին հարցազրոյցներ եւ նամակներ, Ե. հատորի խորագիր՝ «Հրապարակագրական Երկեր»՝ Հայ Դատի եւ ազգային ազատագրական պայքարի մասին յօդուածներ՝ լոյս տեսած մասնաւորապէս «Սփիւռք» պարբերականին մէջ. երկու հատորներուն մէջ՝ անուանացանկեր, ծանօթագրութիւններ): Հատորները տպագրութեան երաշխաւորած է Խաչատուր Աբովեանի անուան Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի բանասիրութեան բաժանմունքի խորհուրդը:

– Աւագեան Արծրուն (կազմող, նախաբանի եւ յօդուածներու հեղինակ), «Վահան Թէքէեան. Ազնուական Քերթողը», խմբագիր՝ Վազգէն Գաբրիէլեան, Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018, 215 էջ: Հրատարակութեան հովանաւորն է Լոս Անճելոսի «Նոր Օր» շաբաթաթերթը: Գիրքը նուիրուած է Վ. Թէքէեանի ծննդեան 140ամեակին:

– Աւշարեան Ռուբէն, «Արձանագրութիւններ – Լիբանանի Խորհրդարաններու Հայ Երեսփոխանները», Ա. հատոր՝ 1922-1972, Բ. հատոր՝ 1972-2017, Հայկազեան համալսարանի հրատարակչութիւն, Պէյրութ, 2017, 653 + 679 էջ (17,4 x 24,6 սմ.) (հանրագիտարանային բնոյթի կոթողային աշխատութիւն Լիբանանի հայազգի երեսփոխաններու մասին, կենսագրութիւններ, ընտրապայքար, գործունէութիւն, խորհրդարանին մէջ ելոյթներ, փաստաթուղթեր, լուսանկարներ, օգտագործուած գրականութեան ցանկ, յատուկ անուններու եւ եզրերու ցանկեր) շարադրանքը՝ անգլերէն, ելոյթներ՝ արաբերէն:

– Բանեան Գառնիկ, «Հայ Որբի Մը Յուշերը 1914-1920», հայերէնէ թարգմանեցին Շանթ Մարճանեան եւ Ժան-Միշել Պիլեմճեան, ներածական խօսք՝ Յարութիւն-Ռեմոն Գէորգեանի, «Հեմիսֆեր» հրատարակչութիւն, Ֆրանսա, Օգոստոս 2018, 307 էջ, ֆրանսերէն:

– Գարայեան Սարգիս Ե., «Հայերը Օսմանեան Թուրքիոյ Մէջ, 1914 – Աշխարհագրական Եւ Ժողովրդագրական Տեղեկագիրք», ներածութիւնը՝ Գարլա Կարապետեանի, «Կոմիտաս» հիմնարկի հրատարակութիւն, 2018, 674 էջ (առաւել քան 4000 հայաբնակ վայրերու հին եւ նոր անուններն ու աշխարհագրական դիրքը, անոնց բնակչութեան ընդհանուր թիւը, հայ բնակիչներուն քանակը եւ այլն, քարտէսներ, լուսանկարներ, օգտագործուած աղբիւրներու ցանկ, գիւղերու անուանացանկ), անգլերէն:

– Էքինճեան Յովհաննէս Կ., «Ֆրանսայի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը – Երկար Ճամբու Մը Ոլորանները», «լ՛Հարմաթան» հրատարակչութիւն, Փարիզ, Մարտ 2018, 222 էջ (15,5 x 24 սմ.) (Ֆրանսայի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթը 1918ի վերջէն մինչեւ 2001ին Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ անոր «ճանաչումը»), ֆրանսերէն:

– «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս», ԼԸ. հատոր, պատասխանատու խմբագիր՝ Անդրանիկ Տագեսեան, Հայկազեան համալսարանի հրատարակչութիւն, Պէյրութ, 2018, 852 էջ:

– Ղորղանեան Ստեփան, «Կարսի Մարզը Հայաստանի Հանրապետութեան Կազմում (1919 Ապրիլ –1920 Հոկտեմբեր) – Կարսի Նահանգապետ Ստեփան Ղորղանեանի Յուշերը», աշխատասիրութեամբ՝ Վլատիմիր Յարութիւնեանի, հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2018, 643 էջ (Կարսի նահանգապետի յուշերը նահանգի 1919ի Ապրիլ–1920ի Հոկտեմբեր ժամանակահատուածի կեանքի, 30 Հոկտեմբեր 1920ին Կարսի խայտառակ անկման եւ Աղեքսանդրապոլի պայմանագիրի բանակցութիւններուն մասին, լուսանկարներ): «Գրքի հրատարակութիւնն իրականացուել է «Սամուէլ Սարուխանեան» հիմնադրամի միջոցներով»:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles