Յունուարին Աշոցքի մէջ պիտի բացուի դահուկային զբօսաշրջութեան բացառիկ կեդրոն մը:
«Արմէնփրէս»ի մամլոյ սրահին մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց Հայաստանի դահոյկի դաշնակցութեան գլխաւոր քարտուղար Գագիկ Սարգսեան:
«Մենք Եւրոմիութենէն ֆինանսական աջակցութիւն ստացած ենք, եւ այնտեղ կը կառուցուի դահուկային փոքր կեդրոն մը, որ ունի մեծ հեռանկար: Պիտի փորձենք Աշոցքը դարձնել Հայաստանի դահուկային կեդրոններէն մէկը: Անիկա պիտի դառնայ ձմեռնային, արկածային զբօսաշրջութեան կեդրոն», յայտնեց Սարգսեան՝ աւելցնելով, որ այս ձեւով նաեւ զարկ պիտի տրուի մարզական զբօսաշրջութեան զարգացման:
Դահուկային կեդրոնին բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 19-20 Յունուարին: