Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Քանի մը շաբաթ առաջ, թղթատարին բերած ծրարին ծաւալը կը մատնէր, որ պահարանը գիրք մը
կը պարունակէր. «մարգարէութիւնս» յուսախաբ չըրաւ զիս։ Ծրարին մէջէն դուրս բերի բաւական հաստափոր 400 էջնոց գեղատիպ հատոր մը, Պէյրութի մէջ վերջերս լոյս տեսած՝ Երուանդ Հ. Քասունիի ուսումնասիրական նորագոյն գործը՝ ««Այաշի Բանտը», Տոքթ. Աւետիս Նագգաշեան եւ Մահապարտ Աքսորեալները»։
Հայկական առածը կ՛ըսէ. «Ծառը պտուղէն կը ճանչցուի». հետեւողութեամբ կարելի է ըսել՝ գիրքին բովանդակութիւնը կարելի է ճանչնալ, խորագիրէն առաջ, կողքի նկարէն, որ Գրիգոր Խանճեանի նշանաւոր «1915 թիւ» գործն է, յօրինուած՝ Ցեղասպանութեան 50ամեակի օրերուն եւ արդէն վերածուած՝ Ցեղասպանութեան ողբն ու ցասումը արտայայտող խորհրդանիշի մը։
Խորագիրին երկու բառերը չակերտուած են, որովհետեւ մօտաւորապէս դար մը առաջ լոյս տեսած հատորի մը վերահրատարակութիւնն է, այսինքն, Ցեղասպանութենէն հրաշքի համազօր բախտի բերմամբ փրկուած հայ բժիշկի մը ոդիսականը՝ Պոլսոյ մէջ ձերբակալութենէն մինչեւ աքսորի ճամբաները, մահուան դուռը բախելն ու Պոլիս վերադարձը, միջանկեալ՝ ճակատագրակից հայ մտաւորականներու եւ համեստ մարդոց գլխուն կախուած «Դամոկլեան Սուր»ին սարսափին ու հարուածներուն վիճակին պատումը։ Ընդամէնը 37 էջ բան։
Բովանդակութեան ցանկին վրայ արագ ակնարկ մը նետող ընթերցողին միտքին մէջ հարցում մը կը ծագի. մնացեալ աւելի քան 350 էջերը ի՞նչ կը խոստանան։ Հարցումը բնականաբար կ՛առաջնորդէ հատորին ընթերցման, եւ էջ առ էջ, գլուխ առ գլուխ ի յայտ կու գայ, որ յիշեալ 37 էջերը միայն ծփացող սառցալերան երեւցող բաժինն են, մնացեալը՝ լայնածիր ուսումնասիրութիւն մը, նահատակութենէ փրկուած բժիշկին մտաւորականի ժառանգութիւնը եւ դեռ՝ շատ ու շատ այլ նիւթեր, որոնց մասին կարելի է փոքր հատոր մըն ալ այստեղ արձանագրել, սակայն մեր նպատակը այդ չէ, այլ ընթերցողը մղել ծանօթանալու Ցեղասպանութեան ծալքերն ու ստուերի մատնուած կարգ մը էջերը լուսարձակի տակ բերող հատորին մանրամասնութիւններուն։
Բովանդակութեան մանրամասնութիւնները արձանագրելէ առաջ, նշենք, որ հատորը պատրաստուած է ՄԱՀԱԵ Միութեան գրասենեակին կողմէ ու նուիրուած է Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան հիմնադիրներուն՝ 100ամեակին առիթով։ Նախաձեռնութիւնը հեղինակինն է։
ԵՆԹԱԲԱԺԱՆՈՒՄՆԵՐԸ
Հատորը ունի ընդամէնը 8 ենթաբաժանումներ, որոնցմէ միայն մէկն է «Այաշի Բանտը», առաջին անգամ լոյս ընծայուած Պոսթընի «Հայրենիք»ին կողմէ, 1925ին, ապա, արժանացած է վերահրատարակութիւններու, որոնք միշտ ալ լիակատար չեն եղած։ Ընթերցողը կը հետեւի ողբերգական դիպաշարի մը, որ կը սկսի Պոլսոյ մէջ Կոմիտաս Վարդապետի ձերբակալութեան դէպքով, կը յաջորդեն նոյնինքն հեղինակին ու աւելի քան 200 հայ գրողներու, հոգեւորականներու ու մտաւորականներու ձերբակալման ծանօթ «արարները»։ Ողբերգական վէպ մը կարդալու պէս, ընթերցողը կը հետեւի ականաւոր դէմքերու ձերբակալման ու աքսոր քշուելուն մասին հաղորդական ոճով ու սեղմ նկարագրականներով զարգացող յուշագրութեան, մահապարտներուն հետ կը կտրէ Անատոլուի կարգ մը շրջանները, հասնելու համար Անգարայի մօտակայ Այաշի տխրահռչակ բանտը, ուր ինկած են նաեւ Գարեգին Խաժակի, Ակնունիի եւ Չէօկիւրեանի նման տաղանդներ։ Այնթապցի հեղինակը տխուր զուարթախոհութիւնը ձեռքէ չի հաներ, նկարագրելու համար բանտային առօրեան, կարգ մը մեծերու նահատակութիւնը եւ, ի վերջոյ, իր ու հազուադէպ ճակատագրակիցներու փրկութիւնն ու Պոլիս վերադարձը։ Փրկութիւնը խառն զգացումներով ու ապրումներով կը դիմագրաւէ. ուրախ է, որ գերեզմանի դռնէն ետ դարձած է, սակայն ափսոսանք եւ կսկիծ ունի, որովհետեւ ճակատագրակիցներէն շատեր նահատակուած են, մարդիկ՝ որոնց հետ բանտին մէջ եղբայրական մտերմութիւն մը ստեղծած էր, տագնապը միասնաբար դիմագրաւած են արիութեամբ եւ այն գիտակցութեամբ, որ «անհեթեթ ու անիմաստ վիճակին բացատրութիւն գտնելը անիմաստ է»…
27րդ էջէն սկսող այս առանցքային բաժինէն առաջ, հեղինակը ունի երկու արժէքաւոր եւ ուշագրաւ գլուխներ. առաջինը յառաջաբան մըն է, որ լուսարձակի տակ կը բերէ Համիտեան քաղաքականութիւնը շարունակող՝ Իթթիհատականներու վարքագիծը, ոչ անծանօթ էջեր, սակայն կենսական՝ հատորին մնացեալ բաժինները ընկալելու համար։ Կը հետեւի «Փոխան ներածականի» խորագրեալ գլուխ մը, որ կ՛երկարի 9էն 26րդ էջերուն վրայ. սա խտացեալ մէկ բաժինն է հեղինակին մէկ ընդարձակ ուսումնասիրութեան, որ կը ներկայացնէ Ցեղասպանութեան պատմական ենթահողն ու որոշ մեկնաբանութիւններ, սկսելով Հայկական Հայցի միջազգային բեմ հանուելէն՝ Սան Սթեֆանոյի ու Պերլինի դաշնագիրներէն, հասնելու համար Լօզանի դաշնագիրի հանգրուանը. լուսարձակի տակ կ՛առնուին Արեւմուտքին ու ռուսական Արեւելքին հետ Օսմանեան Թուրքիոյ ու զայն ժառանգած՝ իթթիհատականներու եւ քեմալականներու խարդաւանանքները, թրքական ոճրային վարքագիծին Անգլիոյ, Գերմանիոյ եւ այլ արեւմուտքցիներու մեղսակցութիւնը, ցարական ու համայնավար Ռուսիոյ զուգահեռ վարմունքը։ Ուշագրաւ էջեր կը կազմեն Թուրքիոյ ներքին զարգացումները՝ սկսելով 19րդ դարու առաջին կէսերէն, ներառելով համա-իսլամութեան եւ համա-թուրանականութեան խմորումները, կիրարկումները, թրքական կայսրութեան դիմագրաւած վիճակները, որոնք ի վերջոյ հարկադրեցին կայսրութեան կծկումն ու փլուզումը, սակայն նաեւ հզօր ուժերու կողմէ չարաշահումը՝ ի շարս այլոց՝ ի հեճուկս մեր իրաւունքներուն։
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԲԱԺԻՆԸ
«Այաշի Բանտը» հատորին վերահրատարակումը եթէ կատարուած է յստակ նպատակով, այսինքն՝ Ցեղասպանութեան որոշ ծալքերուն ու մթագնած մանրամասնութեանց վրայ լուսարձակ բերելու դիտաւորութեամբ, այդ գլուխին կը հետեւի «մանր համայնագիտարան»ի գլուխ մը՝ հատորին մէջ յիշատակուած անձերու, վայրերու եւ դէպքերու մասին ծանօթագրութիւններու ծաւալուն բաժին մը, որ կը տարածուին շուրջ 230 էջերու վրայ։ Կ՛ընդգրկէ 93 խորագիր՝ հատորին մէջ յիշատակուած հայ եւ թուրք դէմքերու, տեղանուններու եւ պատմական դէպքերու մասին սեղմ ու աւելի ընդարձակ տեղեկութիւններով, որոնց կրնայ ծանօթ չըլլալ երիտասարդ սերունդը (չենք ուզեր կանգ առնել այն հարցումին առջեւ, թէ ինչո՛ւ. սակայն նման ծանօթագրական բաժինի մը տրամադրուած էջերը կը մատնեն հեղինակին մէկ լուռ մտահոգութիւնը…)։
Ծանօթագրութիւնները յաճախ կը բովանդակեն մեր մտաւորականներուն նահատակութեան մանրամասնութիւնները, կը մատնեն լուսանցքայնացուած դէմքեր «վերապրեցնելու» հեղինակին նախանձախնդրութիւնը։
Յաջորդ բաժինով, ընթերցողը կը ծանօթանայ տոքթ. Աւետիս Նագգաշեանի կենսագրութեան ու կեանքի բազմներես ոդիսականին (ծնած է 1868ին, մահացած՝ 1943ին. հատորը, ուրեմն, լոյս կը տեսնէ զոյգ տարեդարձներու առիթով)։ Վերապրողին վկայութիւնները ոչ միայն վաւերագրական արժէք ունին, այլ նաեւ զանոնք կարելի է համարել մէկ մանրանկարը բազմաթիւ ճակատագրակիցներու ոդիսականներուն, որոնք մեծ մասամբ գրի չեն առնուած (ոչ միայն այն պատճառով, որ մեծ մասը նահատակուած է), իսկ հազուադէպ յուշագրողներէն մէկը՝ Երուանդ Օտեան, ժառանգ թողած է «Անիծեալ Տարիներ»ը։ Ընթերցողը կը ծանօթանայ այնթապցի ու աւետարանական համայնքի զաւակ Աւետիս Նագգաշեանի կեանքի հանգրուաններուն, որոնք չեն մնացած սեփական ուղի կերտելու շրջագիծին մէջ, այլ անկէ լայն բաժին հանուած է համայնքին, ազգին ու մամուլին։ Մանկութեան, ան զրկուած էր հայերէն խօսելու բնական իրաւուքնէն։ Աւելի ուշ հանգրուաններու՝ կը պատմէ, թէ թրքական իշխանութիւնները ինչպիսի խաղերու եւ քաղաքականութեան դիմած են օսմանեան թէ իթթիհատական «դարաշրջաններուն», իրաւազրկելու համար հայերն ու ճակատագրակիցները, սակայն նաեւ՝ կ՛իմանայ թէ այս բժիշիկին նման հնարամիտ մարդիկ ինչպիսի միջոցներով յաղթահարած են անիմաստ պատնէշները։ Ուշագրաւ է, օրինակի համար, Ատանայի մէջ անոր բնակութեան տարիներուն, բնակարանի շինութեան դէմ բարձրացած «օրինական» դժուարութիւնները, հարկադրաբար փախստական դառնալն ու «ներման արժանանալ»ը, սակայն վերջին յաղթականը, բնականաբար, կ՛ըլլայ աւազակ Թուրքը։
Կենսագրականին դրուագները ընթերցողը կը հասցնեն մինչեւ անոր կեանքի վախճանը, Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Այս բաժինը ամբողջական դարձնելու համար, Ե. Քասունի օգտագործած է բազմաթիւ աղբիւրներ։
Հատորին յաջորդ բաժիններով, լուսարձակի տակ կը բերուին տոքթ. Նագգաշեանի մտաւորական ժառանգութիւնն ու հրապարակագիրի արժանիքները։ «Այաշի Բանտը» անոր գրաւոր ժառանգութիւններէն մէկն է միայն, ունի նաեւ այլ հատորներ եւ յուշագրական էջեր։ Անկէ կը մնան զուարթ պատմութիւններու հաւաքածոյ մը, նաեւ անգլերէնով վերջին գործ մը, որ կազմուած է ծննդավայր երկրէն ու բժշկական փորձառութիւններէն քաղուած յուշերով։ Հրապարակագրական ժառանգութիւնն ալ ունի երկու երես. հայատառ թրքերէնով եւ հայերէնով գրութիւններ ու յօդուածներ, որոնք տարածուած են Պոլիսէն մինչեւ Պոսթըն եւ Նիւ Եորք։
Նախավերջին բաժինով, տրուած են ուշագրաւ էջեր, ինչպէս՝ ցեղասպան իթթիհատականներու դէմ թուրքի մը վկայութիւնը, ոճրագործի մը իր կողմէ հետապնդման ու դատարան բերուելուն պատմութիւնը, պատմական դէպքերու մասին մեկնաբանական էջեր, մինչեւ իսկ Սուրիոյ անկախութեան առաջնորդող բանակցութեանց արժեւորման գրութիւն մը։ Այս բաժինները կը ծառայեն տոքթ. Ա. Նագգաշեանի դիմանկարին ամբողջացման։
Հատորին վերջին գլուխը յաւելուածներու բաժին մըն է, ուր նմանապէս կան հետաքրքրական եւ շահեկան էջեր։ Հայ Աւետարանչականին 100ամեակին նուիրուած գլուխի մը կը հետեւին սուլթանական Թուրքիոյ գահաժառանգ Ապտիւլ Մեճիտի կեցուածքին մասին գլուխ մը, Վատիկանի հետ հաղորդակցութեանց ու դերակատարութեան մասին բացատրական մը, օրուան հայ երեսփոխաններուն գործունէութեան վերաբերող գնահատական բաժին մը, ՀՅԴի ղեկավարութեան ուղղուած Նազարէթ Տաղաւարեանի մէկ նամակը, ուր կոչ կ՛ըլլայ Սուլթանը սարսափեցնելու, որպէսզի մեղմացնէ հակահայ հալածանքները, Գարեգին Խաժակի վերջին նամակը՝ իր կնոջ, բարացուցական էջ մը մեծ գործիչին ու նահատակին նկարագիրին մասին, Ցեղասպանութենէն փրկուած հայուհիի մը ոդիսականը՝ պատմուած անոր կողմէ, Ցեղասպանութեան վերապերող վերլուծական էջ մը։ Այս բաժինը կը փակուի հեղինակին՝ Ե. Քասունիի կողմէ խորհրդածութեամբ մը, որ կատարուած է պատրաստուած հատորին «վերջին ընթերուցմէն ետք»։
Մեծարժէք այս հատորին յիշատակելի արժանիքներէն մէկն ալ՝ օգտագործուած աղբիւրներուն առատութիւնն է։ Աղբիւներու ցանկին յատկացուած է… 8 էջ, որ կրնայ օգտակար ըլլալ հատորին ընդգրկած ժամանակաշրջանն ու դէպքերը ուսումնասիրողներուն։ Այս ցանկէն առաջ, հատորին ամփոփումը տրուած է անգլերէնով եւ արաբերէնով։ Մատենագիտութեան էջերուն կը հետեւին անձնանուններու եւ տեղանուններու ծանօթագրութեան երկու էջեր, վերջապէս՝ հեղինակին կենսագրութիւնն ու գրաւոր ժառանգութեան ընդհանուր պատկերը. կը բովանդակէ Ե. Քասունիի դաստիարակի վաստակը, պատմագիտական ուսումնասիրութեանց եւ գրաւոր այլ ժառանգութեանց ընդհանուր ցուցակը։
Նշենք, որ հատորի խորագիրի էջին կողքին, մուտքին, տեղադրուած է հեղինակին լուսանկարը, իսկ տոքթ. Ա. Նագգաշեանի կենսագրութեան ու մտաւորական ժառանգութեան բաժինը կը բացուի անոր մէկ գծանկարով, գործ՝ հեղինակին որդւոյն՝ արուեստագէտ Տիգրան Քասունիի։ Վերջապէս, հատորին մէջ տեղադրուած են քարտէս ու յիշատակելի լուսանկար մը՝ Թալէաթի գործակիցներէն Խալիտէ Էտիպ, Այնթուրայի որբանոցին մէջ ապաստան գտած որբերուն թրքացման գործադիր հեղինակը՝ իր «լուսամիտ» երեսով…
Հատորին ետեւի կողքին վրայ կան Տէյվիտ Լոյտ Ճորճէն եւ Թէոդիկէն վկայութւններ։
Դժբախտաբար հատորը լոյս տեսած է միայն 400 օրինակով, ինչ որ մտածումի այլ հորիզոն մը կը բանայ ընթերցողին դիմաց…
Ինչ որ ներկայացուցինք այս նեղ սիւնակներուն մէջ, միայն ուրուագծային գաղափար մը կու տայ հատորին մասին։ Ընթերցողը, մանաւանդ երիտասարդ ընթերցողը գիտելիքներու վիթխարի պաշար մը պիտի գտնէ այս հատորին մէջ, լուսանցքներէ դուրս պիտի բերէ դէպքեր ու դրուագներ, որոնց այլապէս ծանօթ կը կարծէր ինքզինք։ Տակաւին, այս ու նման հատորներ արժանի են օտար լեզուներու թարգմանուելու, իբրեւ Ցեղասպանութեան ծալքերուն ու էութեան ծանօթացման ուղղակի միջոց։