Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

«Պոչ Խածնել»ու Հետամուտ

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ

 

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

 

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Church
Կենդանական աշխարհը բացառիկ օրինակ է մարդկութեան: Բայց մարդն ալ բանաւոր ըլլալով հանդերձ, դո՞ւրս է միթէ բնութենէն: Ան անբաժան մասնիկն է անոր, մանաւանդ որ իր բնութիւնն իսկ հողայնական է:

Մեր լեզուն ունի «Պոչ բռնել», «պոչէն կախուիլ», «պոչ դառնալ», «պոչի պէս անուղղայ» եւ շա՜տ այլ արտայայտութիւններ, որոնք փոխաբերական իմաստով կը գործածուին յաճախ, նոյնիսկ գրական պատկերներու անհաղորդ մարդոց բերանով:

Երկար շարքի մը մէջ մտնելը, որ կարգ ու կանոնի համար որոշուած կ՛ըլլայ, կը կոչուի «պոչ բռնել», որուն մէջ կը կանգնինք ստիպողաբար, երբ մեզի հետ բազմաթիւ մարդիկ ալ նոյն նպատակով ժամանած են այդ վայրը: Նման շարքերու հսկողները ո՛չ միայն վարձուած պաշտօնեաները կ՛ըլլան, այլեւ նոյնինքն շարքին մէջ կանգնողները, որոնք երբեմն երկար ժամեր ստիպուած կ՛ըլլան ոտքի վրայ կեցած սպասել իրենց հերթին: Տեսնուած է, որ հերթի մէջ կանգնողները երբեմն աւելի խիստ կը վարուին շարքը խախտողներուն, կամ՝ նոր հասնելով իրենցմէ առաջ անցնելու փորձ կատարողներուն հետ, քան՝ տեղի պաշտօնեան: Անոնք արդարօրէն բողոքի ձայն կը բարձրացնեն, ըսելով, որ իրենք արդէն ժամերով շարքի մէջ կանգնած են եւ իրենց հերթին կը սպասեն: Ուրեմն, չեն արտօներ նման օրինազանցութիւն, մանաւանդ, որ նոյն նպատակին համար այնտեղ կը գտնուին բոլորը: Ուստի, կարգի կը հրաւիրեն օրինազանցները, ամէնէն խիստ դիտողութիւնը ընելով անոնց:

«Պոչէն կախուիլ» արտայայտչաձեւը յաճախ կը գործածուի աւելի ուժեղ, հեղինակաւոր, կամ նիւթապէս հզօր անձի մը ենթակայ դարձող մարդը վարկաբեկելու նպատակով: Կեանքի պարագաներու բերումով կամ՝ ստիպողաբար նման որոշում կայացնողներ, վերականգնելու ամէն յոյս կորսնցուցած, իբրեւ վերջին ապաւէն կը դիմեն վերոյիշեալ առաւելութիւնները ունեցող մարդուն, որուն հլու հնազանդ ըլլալու պարտաւորութեան դիմաց կը գտնուին անշուշտ: Ուրեմն անոր «պոչէն կախուելու» խոր պատրաստակամութեամբ կը հետեւին անոր ցոյց տուած բոլոր ուղղութիւններուն ու խրատներուն, սեփական կամքը պահ մը ծրարելով ու մէկ կողմ դնելով: Նման վարքի ականատես մարդիկ երբեմն հեգնական արտայայտութիւններով կը վարկաբեկեն ուրիշէն ենթակայ եղողները, վիրաւորական շեշտով ըսելով անոնց. «անոր պոչէն կախուեր էք»:

«Պոչ դառնալ»ը աւելի ստորադաս իրավիճակ է, քան՝ «պոչէն կախուիլ»ը, որովհետեւ մինչ առաջինի պարագային ստիպողութիւնն է պատճառը այդ վարքին, երկրորդի պարագային կամաւոր յանձնառութիւնը կը մղէ ենթական, ուղղակի ստրուկ դառնալու այն զօրաւորին, որ իրեն պիտի պաշտպանէ, պիտի հոգայ, պիտի յագեցնէ հարկ եղած ատեն: Ուրեմն, ինքնավստահութեան ամբողջական բացակայութեան մէկ երեւոյթը ի յայտ կու գայ այստեղ, երբ անձ մը յանձն կ՛առնէ ուղղակի «պոչ դառնալ», ուրիշին հրահանգները տեղն ու տեղին գործադրելով, այնպէս ինչպէս շունը իր պոչին հրահանգ կու տայ ոլորուելու եւ վերստին բացուելու:

«Պոչի պէս անուղղայ» արտայայտութիւնը, շատ աւելի առնչուած է բնաւորութեան մէկ գիծին հետ, քան փոխյարաբերական կեանքի: Լսուած խօսք է, որ շան պոչը քառասուն օր մամլակի մէջ պահած են, սակայն հազիւ մամլակը թուլցուցեր են, վերստին ոլորուեր է…։

Մարդկային ընկերութեան կեանքի խաչմերուկներուն վրայ շա՜տ կարելի է հանդիպիլ նման մարդոց, որոնք բառին բուն եւ վաւերական իմաստով անուղղաներ են: Ինչքա՛ն բացատրես անոնց, թէ ի՞նչ է պահանջուածը, կամ՝ թէ ինչպէ՛ս կրնան յաջողիլ այս կեանքին մէջ, չեն կրնար համաձայնիլ քեզի հետ: Միշտ առարկութիւն մը կ՛ունենան ընելու: Լաւագոյն պարագային՝ լուռ կը մնան խրատուելու պահուն, սակայն հազիւ հեռացած ձեզմէ, իրենց թիւր սկզբունքներէն չեն շեղիր: Ահա թէ ինչպէ՛ս անոնք կը նմանին շան անուղղայ պոչին…։

Վերոյիշեալներէն անկախ ու անոնցմէ շատ աւելի տարբեր հասկացութիւն է «պոչ խածնել» արտայայտութիւնը: Երեւոյթ մը, որուն թէպէտ շատ կը հանդիպինք, սակայն յաճախ չենք անդրադառնար: Նախ ըսենք, որ «պոչ խածնել»ու դէպքը շատ նեղ շրջանակի մէջ տեղի կ՛ունենայ:

Այսինքն, պէտք չէ սպասել որ երկու հոգի իրարու «պոչ խածնեն» ընդարձակ վայրի մը մէջ: Վստահաբար անոնցմէ մէկը իր ամբողջ ոյժը հաւաքելով պիտի հեռանայ անոր քովէն, որ կը փորձէ իր «պոչը խածնել»: Ուրեմն առաջին նախապայմանը այս արարքի գործադրութեան, նեղ միջավայրն է:

Վստահաբար գիտէք, որ կենդանիները շատ զգոյշ կ՛ըլլան իրենց պոչին: Վտանգի ժամանակ, անոնք զայն կը հաւաքեն, կամ վրան կը նստին: Իրենց մարմինի ամէնէն զգայուն հատուածը եւ հաւասարակշռութիւնը պահող կշիռքն է պոչը: Անոնք ընդհանրապէս չեն թողուր, որ նոյնիսկ հարազատ անձ համարուողը երկար ատեն շողէ իրենց պոչը: Վստահաբար նկատեցիք նաեւ, որ «պոչ»ին հետ առնչուած վերոյիշեալ բոլոր արարքներն ալ, հոգեբանական բարդ վիճակներ կը ներկայացնեն: Սակայն անոնցմէ ամէնէն դժուարին իրավիճակը վերապահուած է այս վերջինին՝ «պոչ խածնել»ուն: Իրարու պոչ խածնողները, իրարու շատ լաւ ծանօթ կ՛ըլլան: Այս ունակութիւնը ունեցողներ պատահական պոչեր չեն խածներ, այլ՝ իրենց ծանօթ պոչին կը ձգտին: Իրենց չի՛ հետաքրքրեր պոչին երկար կամ կարճ ըլլալը, մազապատ կամ անմազ ըլլալը. կարեւորը՝ ծանօթ պոչ ըլլալն է:

«Պոչ խածնել»ու նախապայման դրինք նեղ միջավայրը: Փակ տարածքը առիթ չի՛ տար փախուստի: Ուրեմն, անոնք, որոնք շատ նեղ եւ փակ տարածքի մէջ են եւ հնարաւորութիւն չունին դուրս գալու, ո՛չ ալ նստելու տեղ ունին իրենց համար, ստիպողաբար զիրար պիտի հալածեն, անընդհատ իրարու «պոչը խածնել»ու տեւական փորձեր կատարելով: Յատկապէս շուներու կլոր-կլոր դառնալով իրարու պոչին հասնելու պատկերը կրնայ ծանօթ ըլլալ շատերուն:

«Պոչ խածնել»ու փոխաբերական իմաստը բացայայտ կը դառնայ, երբ սահմանափակ գիտութեամբ մարդիկ, աշխարհագրական միեւնոյն վայրին մէջ երկար տարիներ ապրելով, զիրար լաւապէս կը ճանչնան, իրարու թերութիւններուն մանրամասնօրէն ծանօթ կ՛ըլլան, բայց եւ չեն յոգնիր զիրար հալածելէ, կամ՝ իրարու մասին խօսելէ, մէկը միւսին ծրագիրի յաջողութեան արգելք դառնալէ կամ՝ մէկզմէկու բարձունքի հասնելու վերելքի թափը կասեցնելէ:

Ահա, թէ ինչպէ՛ս մէկը միւսին «պոչը խածնել»ու հետամուտ կ՛ըլլան անոնք, երբ ուրիշ ընելիք ալ չեն ունենար: Անոնց միակ նպատակը, միւսին պոչին հասնիլն է: Կը պատահի նաեւ, որ իրենց կատաղութեան մէջ անոնք յաջողին իրարու «պոչ խածնել», իսկական կլոր մը ստեղծելով եւ համահաւասար դժբախտութեան մէջ յայտնուելով…։ Առաջինը՝ երկրորդին, եւ երկրորդը՝ առաջինին պոչը խածած, կլոր-կլոր կը դառնան իրենց նեղ պարունակին մէջ: Մէկ կողմէ եթէ դժբախտութիւն է այս, միւս կողմէ սակայն, բարեբախտութիւն պէտք է համարել, որովհետեւ իրարմով զբաղած ըլլալով, պահ մը կը մոռնան, որ ուրիշներ ալ կան այդ շրջանակէն դուրս, եւ իրենցմէ հեռու եղողը առիթ կ՛ունենայ շունչ մը քաշելու, ու իր սեփական շինիչ աշխատանքին լծուելու:

«Պոչ խածնել»ու հետամուտ ըլլալը մինչեւ հիմա տեղ չէ՛ հասցուցած այս գործին «նուիրեալներ»ը: Միակ յառաջդիմութիւնը, զոր նկատած ենք այս գործընթացին մէջ, մէկուն կամ միւսին պոչին արիւնլուայ դառնալն է, այսինքն՝ այն վէրքը, որ կը գոյանայ այս անիմաստ պայքարի ահեղ վիրաւորանքէն…։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles