Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ.  Մոխիր (Բ.)

$
0
0

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

Պատմութիւնը կը շարունակէ մխալ…

 

0120norayrdadourianԶգոյշ պէտք է քալել հայկական մոխիրներուն վրայ… Անտեղի քրքրել զանոնք՝ սրբապղծութիւն է, քանզի դեռ կը մխայ այդ սպիտակ վերմակին տակ հանգչածներուն յիշատակը: Հետեւեալը «մոխիր» բառին դեռ մխացող պատմութիւնն է:

Յարգելի ընթերցող, 5րդ դարէն մինչեւ Սիամանթօ եւ մինչեւ Պարոյր Սեւակ, հայ ողբերգակներ «մոխիր» բառով է, որ նկարագրեր էին հայոց դատարկ ու խաւար շէները, երբ մոխրադէմ ասպատակողներ, վայրենի աղաղակներով մեր լեռնաշխարհը կը դարձնէին, Յովհաննէս Թումանեանի խօսքով՝ «մշտական սեւ ու սուգի մի հովիտ» ու մեզի կը մնային  «խեղճ ու լալկան երգեր»: Այդ օրերուն, Վահան Տէրեան, իր գլուխը երկու ձեռքերուն մէջ առած՝ պիտի հառաչէր. «…Մոխիր երկիրս»: Հայրենիքի սրտաճմլիկ պատկերները նկարագրելու համար մեր գրիչներուն անշուշտ պէտք էին բազմապիսի ածականներ: Ուստի, «մոխիր» երկվանկը, գիտակցելով տեղի եւ ժամանակի անհրաժեշտութեան՝ դարձեր էր «մոխրապատ», «մոխրաթաթախ», «մոխրաթաղ», «մոխրատարած» եւ «մոխրամած»: Բայց, եղան օրեր ու «մոխիր»ը՝ իբրեւ սպեղանի ծածկեց մեր վէրքերը, ապա հայ ժողովուրդը իր մոխիրներէն վերածնաւ ու դարձեալ երգեց իր ազատ երգը:

1208ashes

Այն ժամանակ քնարերգակներ մեր պատմութեան մոխիրներուն մէջ գտան յաւերժութիւն եւ սէր:

Կ՛ուզէ՞ք լսել, թէ ինչպէ՛ս կը հնչէր այդ երգերէն մէկը… Ականջ տուէք Պարոյր Սեւակի «Անլռելի Զանգակատուն» բանաստեղծութեան ղօղանջին.

«Թէ այրուեց էլ, ո՛չ, չի՜ կորչում…

…Ոգին մեր հայութեան

Աւելի ճիշդ՝ չի՜ մոխրանում…

Չի մոխրանում,

Այլ ճախր անում,

Սաւառնում է ոգին հայի»:

Կ՛արժէ յիշել նաեւ, թէ նոյն բանաստեղծութեան մէջ ներկայ էր նաեւ Յովհաննէս Թումանեան, ներկայացուած՝ իբրեւ «մոխրակալած հոգի»:

Երբ շատեր կը կարծէին, թէ հուր է պէտք մոխիր դառնալու համար եւ փայտն է, որ միայն կայրի, Թիֆլիսի մէջ այրեցաւ սիրտ մը՝ Սայաթ Նովան էր ան: Եղիշէ Չարենցի «Երազ Տեսայ» բանաստեղծութեան մէջ Սայաթ Նովան՝ սազը ձեռին, կը մօտենայ Չարենցին ու կ՛ըսէ. «Սիրտս վառուեց, մոխիր դարձաւ»: Մեր քնարերգութեան մէջ քիչ չեն այրած սիրտերը: Այրեր է նաեւ Կովկասէն վեր, մոգական Ջաւախքի մէջ, Փարւանա լիճի ափին ծնած Վահան Տէրեանի սիրտը: Խաղաղ օրերուն, բանաստեղծին միտքէն բռնկած են թախծոտ տողիկներ. «Այրի՛ր սիրտս, թող լինի այնտեղ աւեր ու մոխիր», «Մոխիր է հիմա իմ հոգում անոյշ երազների տեղ»: Երբ կարօտած սիրտի մոխիրներ են ամէնուր, ինչպէ՞ս անտարբեր մնար կիւմրեցի աշուղ Ճիւանին.

«Կռունկ, թէ դու գնաս դէպ մեր երկիրը,

Աստուած սիրես, իմ ծնողաց բարեւ տար.

Պաշտելի են նրա հողն ու մոխիրը»:

Իսկ Պետրոս Դուրեան Պոլսոյ գեղադալար բլրակէ մը Պոսֆորը դիտելով՝ հեծեծեր է հիւծած երկու խօսք. «Երազներու մոխրակոյտ» եւ «Մոխիր դարձան երազներս»: Քառորդ դար անց՝ Կոմիտաս վարդապետը, չես գիտեր հայրենի ո՛ր գիւղին մէջ, բայց անկասկած լուսնակ մէկ գիշեր ծիրանի ծառի մը ստուերին տակ նստած, պիտի դիտէր անցնող-գացող ամպերը ու պիտի ըսէր. «… մոխիր ամպեր ժիր եկան դալուկ-դալուկ»: Մինչ թատրերգակ Լեւոն Շանթ, որուն կենսագրական քարտէսը կ՛ընթարձակուի Պոլիսէն Լայփցիկ եւ Էջմիածինէն Թիֆլիս, նոր դեր մը պիտի տար «մոխիր»ին ու 1911ին բեմ պիտի հանէր զայն՝ «Հին Աստուածներ» խորահիրով: Սեւանի վանքի վանահայրը երկընտրանքի մէջ է: Անոր սիրտը այրեր է երկու Մարիամներէն՝ Մարիամ իշխանուհիէն եւ Մարիամ Աստուածածինէն: Կը գերակշռէ հոգեւոր կոչումը ու վանահայրը հողեղէն Մարիամին ու աշխարհիկ բոլոր կայծերուն հրաժեշտ կու տայ՝ ըսելով. «Ի՞նչ միտք ունի այդ հին ու մարած մոխիրը խառնելը»: Թատերական այս փորձառութենէն ետք, բառը ի՛նքը թատերախաղ դարձաւ: 1936ին, Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ Վահան Թոթովենցի  «Մոխրակոյտ»ը: Ասիկա այն 1936ն էր, երբ Թոթովենց եւ իր հայրենասէր գրչընկերները զոհ գացին ստալինեան հալածանքներուն, ապա մոխրացան կա՛մ հեռաւոր երկրամասերու կա՛մ Երեւանի բանտին մէջ:

Բայց բառը յամառօրէն ուզեց կեանք պարունակել իր մէջ ու չկորսնցնել աւիշը: Անիկա յաջողեցաւ բուսաբանական բառարաններ մտնել՝ իբրեւ հայրենի դաշտերը զարդարող երկու ծաղկանուն՝ «մոխրածաղիկ» եւ «մոխրամոլոր»: Իսկ Սվետիոյ մէջ (Մուսա լեռ) «մոխիր» բառը դարձաւ ժողովրդական դարձուածք՝ «Սուրբ Սարգիսի մոխիր», որ կը նշանակէ «հազուագիւտ բան»:

Իսկ, յարգելի ընթերցող, դուք կրնայի՞ք երեւակայել, թէ օր մը մոխիրը կրնար ծննդաբերութեան օժանդակ միջոց եւ դեղ դառնալ: Երուանդ Լալայեանի վկայութեամբ՝ այո: Թիֆլիսահայ ազգագրագէտը ականատես եղեր է, թէ Գանձակի մէջ կը շինեն «մոխրաջուր»: Մոխիրը ջուրի մէջ կը լուծեն ու կը խմցնեն ծննդկան կնոջ, որպէսզի ան հեշտութեամբ ազատի, կու տան հիւանդին, որ առողջանայ եւ կու տան հաւերուն, որ յաճախ հաւկիթ ածեն: Տարօնի ժողովուրդն ալ ունեցեր է մէկ այլ «մոխրածին» հաւատալիք՝ «Կաղ դեւը»… Ըստ աւանդութեան՝ Գրիգոր Լուսաւորիչը ջորիի վրայ դրեր է Յովհաննէս Մկրտիչին մարմինը ու բերեր է Մշոյ դաշտի Քարկէ լեռը: Այնտեղ, ուր ջորին նստեր է, Լոսաւորիչը սկսեր է վանքը կառուցել: Բայց դեւերը ամէն գիշեր քանդեր են անոր շինածը: Լուսաւորիչը դեւերը բռներ, դրեր է վանքին «զնտանը»: Դեւերէն կաղը սուրբէն ազատութիւն խնդրեր է՝ խոստանալով մինչեւ աշխարհի վերջը վանքի կրակարաններուն մոխիրը մաքրել ու թափել Պաթման գետի կամուրջէն վար: Ժողովուրդը կը պատմէ, թէ այդ մոխիրներէն գոյացեր է գետեզրի մոխրագոյն հողակոյտը:

Մէկ այլ այրած սիրտը Շիրազն էր: Ըստ անոր կտակին՝ աճիւնները եօթը բուռ մոխիր, պէտք էր տանիլ Հայաստանի եօթը անկիւնները: «…Սրտիս մոխրի չորրորդ բուռը տարէ՛ք ծովակն իմ Վանայ… Վեցերորդ բուռն իմ մոխիրի, դուք շաղ տուէք հազարագանձ աւերակում Անիիս, որ մոխիրս շաղախ դառնայ… Եօթերորդ բուռն իմ մոխիրի… լցրէ՛ք աչքը կոյր մարդկութեան, որ իմ վիշտը չէր կիսում»:

Հիմա խաղաղ օրեր են: Եւ գեղեցիկ է լսել, թէ հայրենի նոր ձայն մը, Լիլիթ Յովհաննիսեան, «Ես եմ յօրինել» երգին մէջ «մոխիր»ը կը վերադարձնէ, հայկական երգարուեստին՝ իր աւանդական պատկերով: Լսելով այդ երգը, բոլորս ալ մաղթենք, որ բառը միշտ մնայ երգերուն մէջ.

«Աչքերումս ծով արցունք ու ցաւ,

սէրը իմ մոխիր դարձաւ:

Իմ սէրը ես եմ, ես եմ յօրինել,

Դու ինձ երբեք էլ չես սիրել»:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles