Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ. Քայլ

$
0
0

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

0120norayrdadourianՅունիս ամսուան վաղ մէկ առաւօտ, Սայաթ-Նովա փողոցէն մինչեւ Չարենց փողոցի ծայրը հինգ աշակերտով յամրաքայլ սկսեր էինք խօսելու Երեւանի փողոցներուն եւ «փողոց» բառին մասին: Հասեր է նախաճաշի ժամը: Մեր քայլերը կ՛ուղղենք դէպի պանդոկ եւ ամէն մէկ քայլափոխին կը հրաւիրենք «քայլ» բառին պատմութիւնը: Կը նկատենք նաեւ, թէ քաղաքը լուսանկարելու այս ամէնօրեայ արարողութիւնը մէկ մղոն է, մղոնը հինգ ասպարէզ, ասպարէզը ձախ ոտքէն ձախ ոտք հարիւր կրկնաքայլ, քայլը հինգ ոտք: Սա է «երկրաչափական քայլ»՝ «…կրկինն հասարակ քայլ»:

Յարգելի ընթերցող, բոլորս պիտի ակնկալէինք, թէ «քայլ»ը, ինչպէս «ճեմ» եւ «ոտք» բառերը, ունենար բազմանդամ բառընտանիք մը: Աւաղ: Այս միավանկը մնացեր է մանրաքայլ եւ քիչ մըն ալ դանդաղաքայլ: Զարմանալի է, որ Աստուածաշունչին մէջ չորս անգամ, այո, միայն չորս անգամ գործածուեր է անիկա: Իսկ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» ստեղծագործութեան 57,477 բառերուն մէջ՝ ո՛չ իսկ մէկ «քայլ»:

Այս միավանկին առաջին պատկերաւոր քայլերը գրաբար արտայայտութիւններ եղած են, ինչպէս՝ «քայլ մի ոտին», «քայլ առ քայլ», «ընդ քայլ քայլ», «հազար քայլ» եւ «առնուլ զառաջին քայլ»: 10րդ դարուն, Թովմա Արծրունին մեզի պարգեւեր է «արագաքայլ արշաւանք», իսկ 12րդ դարուն Ներսէս Շնորհալին «սիգաքայլ երիվար» արտայայտութիւնները: Ըստ Ներսէս Լամբրոնացիին՝ երբ հաւատքը եւ երկիւղը միանային, միտքը կ՛առնէր «երագաքայլ թեւեր»: Իսկ Խրիմեան Հայրիկը, տեսնելով, թէ Յիսուսը ի՛նչ քայլերու դիմեց մարդու փրկութեան համար՝ հառաչեց հետեւեալը. «զքայլ ոտիդ վաստաբեկ»:

Շատ չտեւեց ու մեր նախնիները նկատեցին, թէ «քայլ» բառը ընթացք, գործողութիւն, շարժում, յառաջդիմութիւն, յառաջընթաց եւ ձեռնարկում է: Ուստի, մեր լեզուն հարստացաւ տեսակաւոր քայլերով- խելացի, զգոյշ, ծայրահեղ, երկչոտ, վճռակամ, հաստատ… Վահան Տէրեանը, որ յայտնի է սիրային թախծոտ բանաստեղծութիւններով, «քայլ»ով արտայայտեր է քաղաքական միտք. «Երբ ընդմիշտ կը ջնջուեն հողատիրութեան հին ձեւերը, դա արդէն մեծ քայլ կը լինի», մինչ Մուրացանը նոյն բառով զգուշացուցեր է ընկերոջ մը. «Միշտ աշխատել եմ ետ կասեցնել նրա անզգոյշ քայլերը»: Բառը յարմար եկաւ նաեւ մեր ճատրակասէր հասարակութեան, քանզի «քայլ» է քարի մէկ շարժումը (յարգելի ընթերցող, ձեզի կը յանձնարարեմ ամբողջ ընտանիքով դիտել  ճատրակի արկածախնդրական, նոյն ժամանակ սիրային եւ խիստ ծիծաղաշարժ «Քայլ Ձիով» շարժապատկերը, 2013):

Ժողովուրդի երեւակայութիւնը ստեղծեց նաեւ դարձուածքներ: Թիւով շատ չեն, բայց պատկերալից են անոնք՝ քայլ առնել, խաղաքայլ կատարել, քայլերը փոխել, քայլերը քարշ տալ, քայլերու դիմել, առաջին քայլեր, կրիայի քայլեր եւ այն, ի՛նչ, որ մեր խումբը հիմա Խանճեան պողոտան անցնելու համար կը կատարէ՝ քայլերը ծանրացնել:

Կ՛արժէ յիշել Տէրեանը անգամ մը եւս: Ան ունի ազգային ախտերը դիտող սուր աչք. «Մեր հանրային կեանքը յառաջ է գնացել կրիայի քայլերով»… Երբ կատարուածի մէջ շարունակականութիւնը ուզեցինք շեշտել, գործածեցինք «ամէն քայլափոխին» դարձուածքը, իսկ երբ գործը կը կատարուէր կարճ ժամանակի մէջ եւ առանց անհրաժեշտ պատրաստութեան՝ «երկու քայլափոխի մէջ»:

Գրիգոր Զօհրապը սիրեց երկուքն ալ գործածել. «Կը ցանկար փոքրիկ կօշիկ մը ունենալ եւ գուլպայի երեսը ցոյց տալ ամէն քայլափոխին», «Իսկոյն երկու քայլափոխին մէջ վէպ մը սկսայ պատրաստել»:

0105kayl1

Յարգելի ընթերցող, «քայլ»ը 19-20րդ դարերուն հայկական քնարերգութեան եւ երգարուեստին մէջ հանդիսաւոր քայլերով սկսան ընթանալու ամբողջացան «քայ-լ»ով սկսող եւ վերջացող բառերը՝ բազմաքայլ, գեղաքայլ, դժուարաքայլ, դիւրաքայլ, կաքաւաքայլ, հանդարտաքայլ, մեծաքայլ, հիւանդաքայլ, տաժանաքայլ: Հայրենի մամուլին մէջ «սիգաքայլ» կոչուեր են Ծաղկաձոր քաղաքի փողոցները, իսկ երկքայլ, եռաքայլ եւ քառաքայլ բառերը վերապահուած են «Մարզական» էջերու ոտնագնդակի լուրերուն մէջ: Մամուլը տեղեկացուց, նաեւ թէ հազարաւոր սփիւռքահայ պատանիներ հայրենիք կանչող «Արի տուն» ծրագիրը վերանուանուած ու դարձած է «Քայլ դէպի տուն»: Ինչպէ՞ս չյիշել երկրորդ խումբը՝ «քայլ»ով սկսող բառերը. քայլազարկ, քայլակից, քայլաչափ, քայլատրոփ, քայլերգ, քայլընթաց, քայլիկ, քայլուածք… Հայերէնի ամենամե՞ծ քայլերը՝ քայլամարզութիւն եւ քայլավարժութիւն: Երբ մեր մայրենին նկատեց, թէ հայ ժողովուրդի քայլերը միշտ չէ, որ յառաջ կ՛երթան, մեզի պարգեւեց մէկ այլ օգտաշատ բառ՝ ետքայլ: Ու, եկան մեր քնարերգակ բանաստեղծները. Ռուբէն Սեւակը իր «Նամակ»ին մէջ գրեց. «Քայլդ սրտի մը վրայէն անցա՜ւ…»: Վահան Տէրեանը «Անծանօթ աղջկան» շշնջաց.

«Դու մօտեցար մեղմ, յամրաքայլ,

Որպէս քնքոյշ իրիկուայ փայլ»:

Իրիկնաժամի այդ գեղեցկուհին, որ ունէր «օրօրուն քայլեր» արժանացաւ տողիկի մը եւս. «…Շուտով կը լռէ աղմուկը դաժան, ու սիրտս կը զգայ քայլերդ փափուկ»: Տէրեանի ստեղծած ամենայայտնի պատկերը, իր առաջին ժողովածուին՝ «Մթնշաղի Անուրջներ»ուն մէջ կը դիտենք.

«Սահուն քայլերով, աննշմար, որպէս քնքոյշ մութի թեւ,

Մի ստուեր անցաւ ծաղիկ ու կանաչ մեղմիկ շոյելով»:

Քայլը կրնա՞ր մահաբեր ըլլալ: Կոստան Զարեան նկարագրեց ան, երբ «աստուածները» կու գային Տատրագոմի անհաւատարիմ հարսը պատժելու. «…Լեռների աստուածները ծանրաքայլ, անցնում էին բարկացած եւ կատաղի»: Յարգելի ընթերցող, եթէ Լեւոն Շանթը գրած չըլլար «Գիշերապահը» քերթուածը, պիտի կարծէինք, թէ գինովները միայն «քայլամոլոր» կ՛ըլլան. «…Միայն ինքն է, որ հանգոյցէ հանգոյց փողոցներ կ՛անցնի լուռ, քայլամոլոր»: Յիշենք նաեւ, թէ «Կարմիր ժամուց» վիպակի Հայրապետ էֆէնտին ինչպէ՛ս կը շարժէր եկեղեցւոյ մէջ. «…«Կեցո»ին՝ դասը կը յառաջանար, «Որ օրհնես»ին՝ ատեանը, մանրաքայլ, մանրաքայլ»: Հայրենի ժամանակակից բանաստեղծուհի Նարինէ Աւագեանը երբեմն չ՛ուզէր քայլեր առնել. «Մի ամպ լինեմ անքայլ՝ գլխիդ վերեւ յառնեմ», մինչ Արշակ Քոչինեանը դիմեր է մտաւոր քայլերու. «Դագաղակիր թափորին ուղեկցում եմ մտաքայլ»:

Ու վերջապէս եկան հասան մեր երգահանները: Արթուր Մեսչեան երգի անուն ըլլալու պատիւը շնորհեց «քայլ»ին ու նուագեց. «Ո՞ւր են տանում քայլերն անխելք…», մինչ հայ զինուորը քաջալերեց Թաթա Սիմոնեան. «…Քայլ արա առաջ, քայլերդ շիտակ»:

Ապրիլ, 2018: Քայլ բառը առաւ իր պատմութեան ամենամեծ քայլը. նախ դարձաւ քայլարշաւ, ապա ժողովրդական շարժում եւ յեղափոխութիւն: Շարժումին անո՞ւնը՝ «Իմ քայլը»:

Իսկ այս առաւօտ, յեղափոխուած այս փոքրիկ երկրի մայրաքաղաքի մայթերուն վրայ հինգ պատանիներ իրենց քայլերը ուղղեցին ճարտարապետական մէկ մանրամասնութենէն միւսը ու անկուշտ լուսանկարեցին զանոնք: Կը հասնինք պանդոկ: Երբ բոլորս կը բարձրանանք ճաշասրահի աստիճանները Նարեկը կը սկսի սուլելու եւ աղջիկները կ՛ընկերակցին անոր. «Քայլ արա, դուխով…»:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles