Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Տօնը, Ծառը, Տօնածառը

$
0
0

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ

 

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

 

ChurchՏօնական օրերուն բերած խնդութիւնը, մեծ ուրախութիւնը, յատկապէս մանուկներու հոգիի ջինջ հայելիին մէջ յստակ կարելի է տեսնել: Որովհետեւ չկայ աւելի վարակիչ ուրախութիւն, քան մանուկներուն անմեղ դէմքերէն ճառագայթող ցնծութիւնը:

Տօներուն արտաքին երանգը, զարդերն ու զարդարանքները, մանուկներուն գունագեղ ու նոր հագուստները, կենսուրախ ու ազգային համադամ կերակուրներով լեցուն սեղանները, մեր կենցաղային մշակոյթին բաղկացուցիչ տարրերն են:

Համամարդկային արժէք ունին տօները, որոնք զանազան մշակոյթներու ու ազգութիւններու հասարակ յայտարարն են, որովհետեւ չկայ ազգութիւն՝ որ տօն չունենայ, կամ մշակոյթ՝ որ տօն հաստատած կամ կազմակերպած չըլլայ:

Տօները նաեւ մարդ էակը հոգեպէս վերանորոգելու յատկութիւն ունին: Անոնք միայն թուականներ չեն մեր օրացոյցի էջերը ծանրաբեռնող: Անհատներու ծննդեան տարեդարձներէն սկսեալ, մինչեւ եկեղեցական, ազգային եւ հասարակական կեանքին հետ առնչուող բոլոր տարեդարձները կամ տօները, կոչուած են յիշեցումներ կատարելու մարդ անհատին, եւ վերանորոգելու տուեալ հաւաքականութիւնը:

Ամանորը այս տօներուն գլխաւորն է եւ ամէնէն խորհրդալիցը: Կամքէ անկախաբար, հասուն ու գիտակից մարդը կը հրաւիրուի մտածելու իրեն պարգեւուած ժամանակին մասին, որուն կու տանք «կեանք» անունը: Տարին կ՛աւարտի, օրերը կ՛անցնին, ժամանակը կը յաղթէ, մարդը կը ծերանայ, աշխատանքը կիսատ կը մնայ. անոր դիմաց նշմարելի է, որ բարեգործութիւնը կ՛անմահացնէ մարդը, Աստուծոյ յաւիտենականութիւնը կը փառաւորուի իր ժամանակի աւարտին հասած մարդուն կողմէ, ու վերջապէս՝ Արարիչին աննիւթեղինութիւնը կը փաստուի, որ ի յառաջագունէ տնօրիներ է մարդուն եւ ժամանակին յարակցութիւնը, սահմանափակ օրեր պարգեւելով իր հողաստեղծին:

Ոմանց կարծիքով, թուականէ բացի բան կը չի՛ փոխուիր, երբ կը թեւակոխենք Նոր տարին, իսկ ուրիշներու կարծիքով, թուականը՝ իբրեւ ժամանակ, անփոփոխ կը մնայ, եւ անկէ բացի ամէն ինչ փոփոխութեան կ՛ենթարկուի: Կեանքը, մարդը եւ գործը յարափոփոխ իրականութիւններ են: Անոնց փոփոխութենէն կախեալ է նաեւ յառաջատուական ընթացքը աշխարհի, որ նոյնը չէ՛ մնացած դարերէ ի վեր, այլ փոփոխուեր է, զարգացեր, գեղեցկացեր ու յառաջդիմեր: Նմանապէս մարդը փոփոխութեան ենթարկուեր է եւ ո՛չ միայն արտաքնապէս բարեզարդուեր, այլեւ քաղաքակրթուեր ու գիտութեամբ լուսաւորուեր:

* * *

Մարդն է իսկական ծառը այս աշխարհի: Աստուած Կենաց ծառը դրախտին մէջ տնկեց անմահութեան իբր խորհրդանիշ, բայց մարդը ստեղծեց աշխարհի մէջ, իբրեւ իսկական պտղատու ծառ: Որդեծնութեան պտղաբերումէն բացի, մա՛րդն է, որ կը շարունակէ Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը իր բազմատեսակ գիւտերով ու նորարարութիւններով: Դժբախտաբար երբեմն ան իր այս երկնատուր շնորհքն ու իմացական կարողութիւնը չար գործերու կը ծառայեցնէ, եւ կը փճացնէ աստուածաստեղծ տիեզերքը իր գեղեցիկ բնութեամբ, ինչպէս նաեւ մարդկային կեանքը:

Մարդ-ծառը պէտք է, որ կենսանիւթերով հարուստ պտուղներով զարդարուի, որոնք կը խորհրդանշեն առաքինութիւնները՝ բարութիւնը, մարդասիրութիւնը, խաղաղասիրութիւնը եւ խաղաղարարութիւնը: Ահա այս պտուղները կը սպասուին մարդ-ծառէն, այլապէս անոր արմատին սուր կացինը պատրաստ դրուած է արդէն, եւ օր մը անիկա պիտի կտրէ այս ծառին բունը, յաւիտենական կրակին նիւթ հայթայթելով:

Ամբարտաւան մարդ-ծառը երբեմն չ՛ընդունիր, որ իր ուղեղին ամէն օր ջրտուք կատարողը Երկնաւոր պարտիզպանն է՝ Աստուած: Ան, իբրեւ արարիչը իր կաւաշէն մարդուն, մնայուն հոգատարութեան տակ կը պահէ զայն, որպէսզի ան օրէ օր մեծնայ ու աճի, իսկական շարունակողը դառնալու համար իր մեծագործութեան:

Ծառերը, Աստուծոյ հրաշալի ստեղծագործութեան թաւշեայ ծաղկազարդումը ըլլալէ բացի, բնութեան օդի զտիչներն են, կանաչի տիրապետութիւնը շեշտող: Մարդիկ լեռները կը բարձրանան, ամարանոցներ կ՛երթան, մաքուր ու զուլալ օդ շնչելու համար, որ ծուխ ու մուրէն անխառն է եւ առողջարար:

Անտառային հրդեհներու, կամ անտառահատման դէմ բնապահպաններու պայքարը, նաեւ ունի օդի ապականութիւնը հակակշռելու անհրաժեշտ մտահոգութիւնը: Մարդ-ծառն ալ ունի նոյն յատկութիւնը, սակայն երբ գիտակից է իր այս կարողութեան: Մարդ էակը նաեւ իր շրջապատի համար բնութիւնը մաքրող ծառ կ՛ըլլայ, երբ իր դրական ներկայութեամբ զինք շրջապատող մարդոց կեանքին նոր շունչ բերէ: Մեր օժանդակութեան, կամ նոյնիսկ մեր քաջալերական շունչին կարօտ ինչքա՜ն մարդ կայ մեր անմիջական շրջապատին մէջ: Ծառերու սօսափիւնին թեւանցուկ շրջագայող զեփիւռը երբ շոյէ մեր դէմքը իր բամպակեայ ափով, ինչքա՜ն կ՛երջանկանանք: Անիկա շա՜տ աւելի ուրախութիւն կը պարգեւէ եւ յոյս կը ներշնչէ անոնց, որոնք անապատի տապէն կ՛այրին, չորութեան դժբախտութիւնը կ՛ըմպեն ամէն օր, ցմրուր:

Բնութեան գիրկին մէջ իր կարեւոր դերակատարութեամբ մարդ-ծառը, աստուածային ներկայութիւն կ՛ըլլայ ո՛չ իր հաստաբուն մեծութեամբ, ո՛չ իր լայնանիստ թեւերով կամ ճիւղերուն խտութեամբ, ո՛չ ալ իր տերեւներուն առատութեամբ, այլ շրջապատին օդը մաքրելու կամաւոր ունակութեամբ միայն:

 

* * *

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան խորհրդանիշներէն է նաեւ Նոր տարուան տօնածառը: Մեծ ու փոքր կը հիանան անոր լուսերանգին մէջէն աչք ընող պսպղուն զարդերուն եւ ակնախտիղ յարդարանքին նայելով: Մարդկային հոգիի գերզգայուն թոքերը այնքան կը լայննան, որ իրենց իւրաքանչիւր ծակտիկին մէջ կ՛ուզեն ներծծել տօնածառէն պատճառուող ցնծութիւնը:

Մանուկներէն իւրաքանչիւրը տօնածառ զարդարելու պահուն կը փափաքի իր հարազատ քրոջմէն կամ եղբօրմէն, կամ դասընկերէն ու համատարիքէն աւելի՛ զարդուլունք զետեղել տօնածառին վրայ, երկնքի մէջ մէկ աստղ աւելցնելու հրաշագործ ցպիկը իր ձեռքին մէջ ունենալու իւրայատուկ հպարտութեամբ:

Տօնածառը եթէ խորհրդանիշ է Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան, անոր զարդերէն իւրաքանչիւրը իր տեղն ու նշանակութիւնը ունի յարդարանքի ընդհանուր պատկերին մէջ: Մէկուն մեծութիւնը, միւսին փայլքը, մէկ ուրիշին նրբութիւնը, իսկ չորրորդին խորհրդաւորութիւնը, յարդարանքին ամբողջութիւնը կը կազմեն:

Աշխարհի եւ մարդկութեան գունագեղութիւնն է այս: Պատկերացուցէ՛ք պահ մը, որ համայն աշխարհը միագոյն ըլլար, կամ մարդիկ բոլորը՝ համանման: Ողբերգութիւններուն յոռեգոյնը կ՛ըլլար այդ: Սպիտակի, սեւի, դեղինի ու կարմիրի գունազարդ համադրութիւնը այս կեանքին մէջ, միապաղաղութենէ դուրս կը բերէ ստեղծագործութիւնը, մարդ էակին սորվեցնելով, թէ գոյ է նաեւ ուրիշը, ո՛չ միայն իր իւրայատկութեամբ, այլեւ նախասիրութիւններով, սկզբունքներով ու համոզումներով: Ասիկա մեզմէ իւրաքանչիւրին տեղն է կեանք-տօնածառին վրայ: Վա՜յ անոր, որ թուլնալով իր հաւատքին մէջ, վար կ՛իյնայ «տօնածառ»էն:

Լիայոյս հաւատքով պէտք է նայինք «տօնածառ»ին՝ կեանքին, աղօթքի ուժով ամրացնելով մեր կապուածութիւնը տօնածառի ճիւղերուն ու շիւղերուն:

2019ին չ՛ապրինք այնպէս, որ կարօտնանք 2018 տարին: Անցեալ տարուան ծանրաբեռնուածութիւնը բաւարար համարենք անոր համար: Մեր կատարած իրագործումները եւ կամ ունեցած ձախորդութիւնները պիտի մնան այնտեղ՝ հին տարուան ծոցը: Մենք, 2019ին ապրինք այնպէ՛ս, գործենք այնպէ՛ս, յառաջդիմենք այնպէ՛ս, որ գոհունակ սրտով եւ խո՛ր սպասումով նայինք դէպի առաջ, ողջունելու 2020 տարին, որպէսզի զայն եւս հարստացնենք մեր աստուածահաճոյ գործերով:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles