Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Հայկական Պատմական Եկեղեցւոյ Քարերով Ախոռ Կառուցուած Է

$
0
0

0123Yenipenar

ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ Պաթման նահանգի Ենիփընար գիւղին մէջ գտնուող 11րդ դարու հայկական եկեղեցին աղբանոցի վերածուած է:

Ըստ «Ակօս» թերթին՝ Հասանքէյֆի հնագիտական պեղումներու պատասխանատու եւ Պաթմանի համալսարանի պետ փրոֆ. Ապտուսելամ Ուլուչամ տեղեկացուց, որ եկեղեցին կանգուն պահող սիւներն ու որոշ փորագրուած քարեր գիւղացիները կ՛օգտագործեն ախոռներ կառուցելու համար:

«Մենք պարտաւոր ենք պահպանել անցեալէն մեզի ժառանգութիւն մնացած մշակութային արժէքները: Կապ չունի, թէ այդ կոթողները որ կրօնքէն մեզի ժառանգութիւն մնացած են, անոնք պէտք է մեր աչքի լոյսին պէս պահենք», ըսաւ Ուլուչամ:

Ըստ գիւղին բնակիչներէն Ալի Ուչարի՝ եկեղեցւոյ պատկանող փորագրուած քարէ սիւները շարուած են գոմի, ջրատարներու եւ թոնիրներու քով:

«Եկեղեցւոյ մէջտեղի 8 սիւներէն 4ը քանդուած են: Մեր բոլորիս ամօթն է, որ գիւղին գագաթը գտնուող այս պատմական կառոյցը նման վիճակի մէջ է: Կարեւոր կառոյցները իբրեւ գոմ օգտագործելը ցոյց կու տայ, որ որքան կ՛արժեւորենք պատմութիւնը», ըսաւ ան:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles