Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Ծառուկեանի «Թուղթ Առ Երեւան»ը Առաջին Անգամն Ըլլալով Լոյս Կը Տեսնէ Անգլերէնով

$
0
0

0122lettertoyerevan1

ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ, Մեսեչուսեց.- Անդրանիկ Ծառուկեանի գլուխ գործոցը՝ երկարաշունչ բանաստեղծութիւն «Թուղթ առ Երեւան»ը, առաջին անգամ ըլլալով լոյս կը տեսնէ անգլերէնով:

Թարգմանութեամբ Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանի եւ Ռուբէն Ճանպազեանի ու հրատարակութեամբ «Հայրենիք» հրատարակչատան (Ուաթըրթաուն, Մեսեչուսեց), 119 էջերէ բաղկացած հատորին մէջ նաեւ լոյս տեսած է խմբագիր Վահէ Հապէշեանի յառաջաբանը, որ մանրամասնութեամբ կ՛արժեւորէ Ծառուկեանի կտորը եւ կը բնութագրէ անոր կարեւորութիւնը եւ գրական ու պատմական արժէքները:

Սոնենց-Փափազեանի եւ Ճանպազեանի «Թուղթ Առ Երեւան»ի անգլերէն թարգմանութեան քանի մը մասեր անցեալին լոյս տեսած էին «Արմինիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթին մէջ:

Օրինակներ ապահովելու համար այցելեցէք

https://www.amazon.com/dp/1727508459 կայքէջը։

0122lettertoyerevan2«Շուրջ 16 տարիներ առաջ, Հայ Դատի եւ հայ գրականութեան ուսուցիչս՝ պրն. Մուշեղ Գարագաշեանը, զիս ծանօթացուց Անդրանիկ Ծառուկեանի էջերուն. նախ՝ «Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ»ին եւ յետոյ՝ «Թուղթ Առ Երեւան» սքանչելի բանաստեղծութեան, որոնք շուտով եղան իմ նախասիրած երկու գրական գործերը եւ առիթը տուին, որ աւելի մօտէն հետեւիմ հայ գրականութեան». ըսաւ Ճանպազեան: «Մեր յոյսն է, որ այս տեսակի թարգմանութիւններ առիթներ կը ստեղծեն, որ մեր գլուխ գործոցները ընթերցուին ոչ-հայախօսերու կողմէ եւ կրկին անգամն ըլլան ներշնչման աղբիւրներ՝ այս անգամ անգլիախօս սերունդին համար», ըսաւ Ճանպազեան:

Թարգմանութեան հետ միատեղ, հրատարակութեան մէջ նաեւ լոյս տեսած է «Թուղթ Առ Երեւան»ի հայերէն բնագիրը, ինչպէս նաեւ հայրենի գեղանկարիչ Մերուժան Խաչատրեանի վեց գծանկարներ, որոնք յատկապէս պատրաստուած են նոր հրատարակութեան համար:

«Մեր յոյսն է, նաեւ, որ այս հատորը խթան կը հանդիսանայ սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը մօտեցնելու հայ լեզուին. ճիշդ այդ պատճառով մեզի համար կարեւոր էր, որ հայերէն բնագիրը ընդգրկուի այս նոր հրատարակութեան մէջ», աւելցուց Ճանպազեան:

Հատորին անգլերէն խմբագիրն է Վահէ Հապէշեան (Լոըլ, Մեսեչուսեց) իսկ հայերէնի խմբագիրը՝ Եփրեմ Թոքճեան (Թորոնթօ, Գանատա):

Թարգմանիչները, խմբագիրները, գեղանկարիչն ու ձեւաւորողները բոլորն ալ սիրայօժար եւ ժրաջանօրէն աշխատած են, որ այս հատորը լոյս տեսնէ: Գիրքի վաճառքի հասոյթը ամբողջապէս պիտի նուիրուի «Հայրենիք» հաստատութեան թերթերու թուայնացման ծրագիրին, որուն շնորհիւ «Հայրենիք» օրաթերթի (հայերէն), «Հայրենիք» շաբաթաթերթի (հայերէն), «Հայրենիք» շաբաթաթերթի (անգլերէն) եւ «Արմինիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթի (անգլերէն) ամբողջ արխիւը (այսինքն բոլոր թիւերը) հասանելի պիտի ըլլան հանրութեան:

Գիրքի օրինակներ այժմ կարելի է ապահովել Amazon.com առցանց խանութէն, իսկ շուտով «Հայրենիք» գրախանութէն (80 Bigelow Ave. Watertown, MA 02472) եւ այլ հայկական հաստատութիւններէ:

0122lettertoyerevan

«Թուղթ Առ Երեւան»ի Մասին

 

1944ին, Գէորգ Աբով՝ սովետահայ բանաստեղծը, իր «Մենք Չենք Մոռացել» խորագիրով կարճ՝ վեց տուներէ բաղկացած բանաստեղծութեան տողերուն մէջ կը մեղադրէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւ անոր անդամները՝ իբրեւ հայ ազգի ու ժողովուրդի ամենամեծ դաւաճաններն ու ոճրագործները:

Աբովի բանաստեղծութիւնը ուղղակի խանգարած է Ծառուկեանը: Ի պատասխան «Մենք Չենք Մոռացել»ին՝ 1944ին ան գրեց երկարաշունչ «Թուղթ Առ Երեւան»ը: Թէեւ Աբովի բանաստեղծութիւնը ուղղուած էր ամբողջ կուսակցութեան, Ծառուկեան իր անձին վրայ առած էր բոլոր վատ խօսքերը, ու այդ հասկացողութեամբ ալ որոշած էր պատասխանել Աբովի ամբաստանական բանաստեղծութեան:

Աբով ոչ մէկ ակնարկ ըրած էր Ծառուկեանին ոչ ալ ուղղած է բանաստեղծութիւնը իրեն: Ծառուկեան՝ իբրեւ դաշնակցական, պարզապէս պարտականութիւնը յանձն առաւ պատասխանելու եւ լռեցնելու Աբովը: Ծառուկեան անհրաժեշտութիւնը զգացած էր ցոյց տալու սովետամէտ եւ հակադաշնակցական մտաւորականներուն, որ Սփիւռքի հայութիւնը մեծ զոհողութիւններ կ՛ընէ պահպանելու հայ գիրն ու գրականութիւնը, մշակոյթն ու աւանդութիւնները օտար ափերու վրայ:

«Թուղթ Առ Երեւան»ը Ծառուկեան կ՛ուղղէ Աբովին եւ խորհրդահայ մտաւորականութեան ընդհանրապէս: Ան կը հրաւիրէ զանոնք քաղաքական-քարոզչական մղումներէ հեռու մնալու, եւ արդարօրէն գնահատելու հայոց արդի պատմութիւնը:

Ծառուկեան՝ իբրեւ արեւմտահայ գրագէտ, որոշած էր գրել «Թուղթ Առ Երեւան»ը արեւելահայերէնով. ան ուզած էր, որ Հայաստանի ժամանակակից մտաւորականութիւնը ոչ միայն կարդայ բանաստեղծութիւնը, բայց նաեւ ամբողջութեամբ հասկնայ ամէն մէկ բառ, ամէն մէկ գաղափար:

Հրատարակութեան տարիներուն, «Թուղթ Առ Երեւան»ը բաւական աղմուկ բարձրացուց Սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ ու տարիներու ընթացքին առաւել քան տասն անգամ վերատպութեան արժանացաւ աշխարհի զանազան գաղթօճախներու մէջ:

Մեծն գրադատ Յակոբ Օշական լման գիրքի մը տարողութեամբ վերլուծական մը գրած է «Թուղթ Առ Երեւան»ի մասին՝ «Վկայութիւն Մը» խորագիրով (1945): Ան Ծառուկեանը կը համարէր «Սփիւռքի առաջին տաղանդաւոր եւ իրա՛ւ բանաստեղծը» եւ «Թուղթ Առ Երեւան»ին մասին գրած է հետեւեալը.  «Անդրանիկ Ծառուկեան ոչ Սիամանթօ մըն է, ոչ Վարուժան մը եւ ոչ ալ Պ. Դուրեան մը: Ու պէտք ալ չունի ատոնք կամ անոնց շուքը ըլլալու… Ծառուկեան Սփիւռքի տղայ մըն է, որ բախտաւոր օր մը առաւ այդ Սփիւռքէն շերտ մը բան — դուք գրէք Վարուժանի «ափ մը կարմիր հողը» — նետեց զայն իր սրտի քուրային ու անկէ հանեց արիւնոտ, կենագործեալ իր վկայութիւնը, «Թուղթ Առ Երեւան»ը, որ ահա, իր այս ճակատագրովը, այսինքն սիրտէ եկած ըլլալու ճակատագրովը կը գտնուի գրական — այսինքն ուղեղէն եկած — դիւաններէն մեր Սփիւռքին»։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles