ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Աչքը կը վախնա՞յ…
Image may be NSFW.
Clik here to view.Բնականաբար այդ աչքին տէրը եղող մա՛րդն է որ կը վախնայ: Սակայն ժողովրդային ասոյթը աչքին կը վերագրէ այն վախը, զոր ան կը զգայ ի տես վտանգաւոր կամ գէթ վախազդու երեւոյթներու:
Վախի զգացումը եւ մանաւանդ անոր թողած ազդեցութիւնը մարդ էակի ներաշխարհին վրայ, ունի իր բացասական հետեւանքները: Ոմանք մանկական տարիքին կրած վախի մը հետեւանքով մինչեւ իրենց կեանքին վախճանը հալածող ուրուական մը կ՛ունենան իրենց կռնակին, որ կը հետապնդէ զիրենք ուր որ երթան կամ ինչ գործի որ ձեռնարկեն:
Վերոյիշեալ անձնաւորութիւններու մէջ կան նաեւ շատ խելացի եւ ապագայատեսիլ մարդիկ, որոնք նախապէս իրենց կատարած ծրագրաւոր աշխատանքով մեծ քայլերու կը դիմեն: Սակայն վախը, մտահոգութիւնը, անորոշին պատճառած հոգեկան տագնապը թոյլ չի՛ տար որ անոնք առնեն այդ կարեւոր քայլը յառաջդիմութեան, իր սաղմին մէջ խեղդելով ապագայ «հանճարեղ ծնունդը»:
Յիսուսի մտածողութեան մէջ ալ նման միտք կը գտնենք, անշուշտ հոգեւոր իր իմաստով, երբ հաւատքի եկած մարդը չի՛ կրնար արտայայտել իր ունեցած հաւատքը: Սերմնացանի առակին մէջ կը պատմէ Ան, թէ հաւատքը կը նմանի ցորենին, զոր սերմնացանը կը ցանէ իր արտին մէջ: Անոնցմէ ոմանք կ՛իյնան ժայռերուն վրայ, ուրիշներ ճամբու եզրին, ոմանք պարարտ հողի մէջ, իսկ ոմանք ալ սատանան գալով կը գողնայ անոնց սրտին մէջէն: Այս վերջինը մեր նիւթին կը վերաբերի: որովհետեւ կասկածամիտ կամ թերահաւատ մարդուն սրտէն կը գողնայ սատանան անոր հաւատքը՝ ցորենը:
Թերահաւատութիւնը ինքնին մեղք է, որովհետեւ կամ պէտք է հաւատաս կամ՝ ո՛չ: Միջանկեալ հաւատքը կարելի չէ վաւերական հաւատք անուանել, որովհետեւ գործի չի՛ ծառայեր: Այդպիսի հաւատք ունեցող հաւատացեալ մը կը նմանի իր ուզած ատեն զԱստուած ճանչցող եւ այլ պահու Անոր գոյութիւնը մերժող անձնաւորութեան: Ինչո՞ւ քրիստոնէական մեր կրօնը կը քարոզէ ամուր հիմերու վրայ դնել մեր հաւատքը, եթէ ոչ աներկմիտ, անկասկած, անյողդյողդ, հաստատուն դարձնելու համար զայն:
Դարձեալ պատկերաւոր բառերով եւ առակախօս բացատրութիւններով Յիսուս կը ներկայացնէ զօրաւոր եւ տկար հաւատք ունեցող մարդիկը, ժայռի եւ աւազի վրայ տուն կառուցողներու հակասական պատկերներով: Ան որ զօրաւոր հաւատք ունի կը նմանի այն մարդուն, որ իր տունը կը շինէ ժայռի վրայ: Անձրեւ կը տեղայ, հովը կը փչէ, սակայն տունը ամուր կանգնած կը մնայ իր տեղը: Սակայն տկար հաւատք ունեցող կամ թերահաւատ մարդը կը նմանի անոր, որ իր տունը կը կառուցէ աւազի վրայ: Անձրեւ կը տեղայ, հովը կը փչէ եւ կը կործանէ այդ տունը: Թերահաւատ մարդը ամէն վայրկեան նոյն աստիճանաչափով հաւատքի տէր չէ: Ան միայն իր հաշուոյն եկած ժամանակ կ՛արտայայտէ իր հաւատքը, եթէ պէտք ըլլայ իր խոր հաւատքը, սակայն երբ ի շահ կամ ի նպաստ իրեն չէ՛ կացութիւնը, կը կասկածի Աստուծոյ գոյութեան, հայրութեան, գութին ու սիրոյն, հասնելով մինչեւ անհաւատութեան, մերժումի եւ ժխտումի դռները:
Վախի զգացումը իր երեւակայական ձեւին մէջ եւս արտայայտութիւն կը գտնէ, երբ ոմանք իրենց կեանքի ամէն քայլափոխին սանձուած կը մնան նախապաշարումներէ: Պառաւներէ լսուած զգուշաւորութիւն բուրող խօսքեր, անցեալին մէկէ աւելի անձերու պատահած դէպքեր միեւնոյն պատճառէն պատճառուած, պատճառ կը հանդիսանան որ ոմանք իսկապէս վախնան նման քայլեր առնելէ: Օրինակ գիշերուան այսինչ ժամէն ետք ծամօնի օգտագործումը տխուր հետեւանքներ կրնայ ունենալ, կամ մկրատի շեղփերուն արագ-արագ բացուիլ-գոցուիլը, հողաթափի զոյգերէն մէկուն կռնակին վրայ դարձած ըլլալը եւ այլն:
Այս եւ նման երեւոյթներու ունեցած ազդեցութենէն զգացուած վախը ոմանց մօտ այնքան հիւանդագին վիճակներու կ՛առաջնորդէ մարդը, որ նոյնիսկ զինք հետապնդող շուքեր կը տեսնէ իր շուրջ: Օրինակ գիշեր ատեն երկար միջանցքէ մը անցնելու կը վախնայ, այնտեղ գտնուող դռներուն կը նայի զգուշութեամբ, կարծելով որ անոնցմէ մէկը յանկարծ պիտի բացուի եւ ինք յարձակման պիտի ենթարկուի:
Կան նաեւ այլ խումբի մարդիկ, որոնք այնքան հաւատք կ՛ընծայեն երազներու, որ այլեւս կ՛իյնան անոնց խորխորատը, ամբողջովին յանձնուելով գիշեր ատեն տեսած իրենց անուրջներուն: Յաճախ լսուած է, յատկապէս մանկական տարիքի երազներու մէջ յայտնուող «սեւ կատու»ին մասին, որ երեխաներու սրտին սարսափն է: Ամէն տարիքի յատուկ «սեւ կատու»ներ կան, որոնք երազի ճամբով կը յայտնուին այնպիսի մարդոց, որոնք կամաւորաբար կ՛ուզեն ենթարկուիլ այդ սեւ կատուին ազդեցութեան, վախնալով անոր սուր ճանկերէն: Կարելի է տակաւին շարունակել այս զաւեշտը, ներկայացնելու համար այն թշուառականները, որոնք իրենց հոգիէն նման վախեր չէզոքացնելու համար, «վախ բռնող» անձերու փորձառութեան կը դիմեն: Մարդիկ որոնք օրապահիկի կարօտ են եւ պարզապէս ձեւ մը գտած են վախցած մարդիկը ազատագրելով իրենց գրպանը մի քանի լումայ լեցնելու…: Հոգեբանական այս ձախող փորձը այսօր գիտականօրէն լուծելի խնդիր մըն է, որ ունի իր մասնագէտները:
Վերոյիշեալ բոլոր տեսակի վախերէն ու նախապաշարումներէն տարբեր է անշուշտ իրապաշտ կամ իսկական վախը, զոր մարդիկ կ՛ունենան մասնաւոր դէպքերու ականատես կամ նոյնիսկ մասնակից դառնալով: Ասիկա իրական վախն է, որ դէպքի, արկածի կամ վտանգաւոր անձի մեր վրայ գործած ազդեցութեան հետեւանքով ի յայտ կու գայ: Փորձառութիւնը մեծ դերակատարութիւն ունի այսպիսի վախերու ունեցած ազդեցութենէն զգուշանալու մեր ապագայ կեանքի ընթացքին:
_ Ինչո՞ւ:
_ Որովհետեւ անոր «աչքը վախցած է»:
_ Բայց ինչէ՞ն կը վախնայ աչքը:
_ Իր տեսածէն, ո՛չ թէ լսածէն:
Ինչքան ալ մարդիկ պատմեն մեզի իրենց ունեցած արկածներուն, վտանգալից դէպքերուն եւ այլ դժուարութիւններուն հետեւանքով իրենց զգացած վախերուն մասին, դարձեալ անոնք այդ ազդեցութիւնը չեն ունենար մեր վրայ, ինչքան մենք ականատես եղած ըլլանք կամ մասնակից նման դժուարութիւններու:
Ասիկա բացարձակ պարագայ չէ անշուշտ վախի իրական ըլլալը փաստող: Երբեմն երեւակայականէն անդին եւ իրականի մօտեցող սատանայական վախերու կ՛ակնարկեն մարդիկ, ամբողջութեամբ հաւատացած իրենց ըսածին: Օրինակ՝ անոնք կը խօսին մեզի, անձնապէս սատանան տեսած ըլլալու կամ անոր հետ յանկարծական հանդիպում ունեցած եւ զրուցած ըլլալու մասին: Անոնք կը նկարագրեն անոր աչքերէն դուրս ցայտող բոցը եւ այլ մանրամասնութիւններ, որոնք սովորական երեւակայութենէ անդին են:
Հաւատա՞լ թէ ոչ: Ահա թէ ինչու կը շեշտենք անձնական փորձառութեան կարեւորութիւնը վախի խնդրին մէջ ընդհանրապէս: Այդ մարդը իր զգացած վախը նոյնիսկ նկարագրելու դժուարութիւն կ՛ունենայ: Բառերը, նախադասութիւնները, լսած ձայներն ու փչած քամիի ուժգնութիւնը, ան չի՛ յաջողիր հարազատութեամբ ներկայացնել, պարզապէս ունեցած վախին պատճառով: Դեռ ուրիշներու պարագային այդ վախը նոյնիսկ ենթակային լեզուին կապանքներ կը դնէ, պապանձեցնելով զայն: Ուրեմն կարելի չէ՛ աչքը վախցած մարդը մեղադրել, որովհետեւ աչքը իր տեսածէ՛ն կը վախնայ: