ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Հայկական դպրոցի մը գրասեղաններէն անցած ո՞ր աշակերտին ծանօթ չէ Գարեգին Պէշկէօթիւրեանի «Սրինգը» բանաստեղծութիւնը.
«Ե՛կ իմ սրինգ, իմ բարեկա՜մ տրտմագին,
Նիհար շրթունքդ, ո՜հ երերուն
Դի՛ր դալկահար իմ շրթներուն,
Երգե՛նք ու լանք, լա՛նք ու երգենք տրտմագին»:
Քնարական այս բանաստեղծութեան մէջ վաղամեռիկ բանաստեղծը արտայայտած էր իր մեծ վիշտը: Իսկապէս սրինգը միշտ ալ եղած է տառապանգի եւ տրտունջի նուագարանը: Անոր վտիտ մարմինը հովուական մեղմ շունչ մը տուած է հայկական քերթողութեան: Հասկնալու համար, թէ ի՛նչ է «սրինգ» բառին ստուգաբանութիւնը, ձեզ կը հրաւիրեմ ճամբորդել Յունաստան, պատմութեան այն ժամանակները, երբ այդ երկրի լերկ լեռներուն վրայ աստուածներ կային: Հետեւեալը անոր քաղցր ձայնին պատմութիւնն է:
Յունաստանի Պելոպոննիսոս թերակղզիի Արկադիա շրջանի մէջ կ՛ապրէր վայրաբնակ Պանը, որ ունէր այծի իրան, այծի սրունքներ ու եղջիւրներ: Աստուածն էր ան հովիւներու, հօտերու, դաշտերու, անտառներու, պուրակներու, ամայութիւններու, որսորդութեան եւ հովուական երաժշտութեան: Այս աղմկարար կիսամարդը կ՛ախորժէր նաեւ այլանդակ եւ արտառոց ձայներ հանել ու անասուններու եւ մարդոց մէջ խռովութիւն ստեղծել: Այդ պատճառով, աշխարհի գրեթէ բոլոր լեզուներու մէջ խուճապներ ու մեծ ահաբեկումները կը կոչուին panik, panic, panika: Ան նաեւ կը հալածէր «նիմֆ»երը՝ անտառաբնակ հոլանի յաւերժահարսերը, որոնք բնակութիւն գտած կ՛ըլլային գետերու եւ լճակներու եզրին:
Օր մը Պանը, ցանկամոլ ու հեշտասէր արարած, այդ յաւերժահարսերէն մէկը որսալու ախորժակով՝ կը թափառի լեռներուն մէջ, Լատոնաս գետի եզերքին: Ան կը նկատէ Սրինգսը՝ հրաշագեղ գեղեցկուհին: Աղջնակը կը փորձէ խոյս տալ: Սակայն, տեսնելով, թէ կարելի չէ այդ արագաոտն որսորդէն խուսափիլ, աստուածներու օգնութիւնը կը հայցէ: Անոնք կը լսեն Սրինգսի աղաչանքը ու զայն իսկոյն կը վերածեն եղէգի: Երբ Պանը յուսախափութեամբ կը հառաչէ, գետեզրի եղէգներու փողերէն կ՛արձակուի հեշտագին ձայն: Պանը այդ ձայնը միշտ լսելու համար կը կտրէ եօթը եղէգ, իրարու կը կապէ: Այսպէս, ան հնարած կ՛ըլլայ սրինգը: Պանը դաշտերու մէջ կը նուագէ տխուր երգեր: Իր արուեստը կը սորվեցնէ նաեւ հովիւներուն: Մինչեւ այսօր խաշնարածները սրինգով կը նուագեն մելամաղձոտ մեղեդիներ:
Այնուհետեւ, սրինգին անունն ու ձայնը տարածուեցան սարէ սար, ձորէ ձոր, դուրս ելան Արկատիայէն ու նոր իմաստ առած՝ ներգործեցին բազմաթիւ լեզուներ: Անիկա այլեւս նուագարան չէր, այլ՝ մարմինին դեղ ներարկելու կամ անկէ արիւն առնելու ծառայող բժշկական գործիք- անգլերէն՝ syringe, իտալերէն՝ siringa, փորթուկալերէն՝ seringa, թրքերէն՝ siringa, եւ այլն:
Բայց հայոց լեզուին մէջ, հաւատարիմ գոյական՝ անիկա պահեց բուն իմաստը՝ հովուական միափող նուագարան: Աստուածաշունչին մէջ 15 անգամ հնչեց անոր ձայնը, ինչպէս հետեւեալ արտայայտութիւններուն մէջ. «Խաղային առաջի Տեառն… եւ երգովք եւ քնարօք եւ սրնգօք», «Երգեն զսաղմոսս՝ …քնարօք եւ սրնգօք եւ ծնծղայիւք», «Արքայ, դու հրաման ետուր ամենայն մարդոյ որ լսիցէ զձայն… զսրնգի»: Եօթը շամբէ կազմուած «սրինգ»ը հայոց մայրենիին տուաւ եօթը զաւակ՝ սրնգագործ, սրնգահար, սրնգահարել, սրնգահարութիւն, սրնգաձեւ, սրնգանուշ եւ սրնգափող: Անիկա դարձաւ նաեւ երրորդ ձայնին (ԳՁ) պատկանող եղանակ մը:
Բարի էր անիկա: Երկչոտ: Ազազուն: Լուր հեկեկող հայ բանաստեղծին սրտակիցը: Այդ բանաստեղծներէն մէկը Ռուբէն Սեւակն էր: «Սրինգ» քերթուածին մէջ բառը նոյնացաւ բանաստեղծին ներաշխարհին հետ. «Ո՜վ խեղճ սրինգ, տարաբախտ ոստ», «Բաբէ՜, սըրինգ, սիրտըդ խոց է», «Ո՜վ իմ սրինգ… Երկինքներ տուր հիւանդ շունչիս…»: Նոյն ժամանակ, հայոց լեզուի ամէնէն գաղտնապահ բառն է անիկա.
«Եկուր պատմեմ քեզ մեկուսի
Գաղտնի՜, ահեղ սէր մը, սըրինգ,
Որ տակաւին մէկուն չըսի…։»
«Սրինգ» բառը յօժարեցաւ նաեւ, Ռ. Սեւակին խնդրանքով, ձայնակցիլ ազգի վիշտին՝ Կիլիկիոյ արիւնալի օրերուն. «Սրինգ մը խեղճ կու լայ ձեզ համար…: Ո՜վ յաւերժահարս կոյսք Հայաստանի»:
Անձնական խոր յուզումները մրմնջելու համար «սրինգ» բառը յարմար եկաւ նաեւ Մատթէոս Զարիֆեանի գրիչին. «Սըրինգ մ՛հեռուն կը հեկեկայ, ցաւ մը տարտամ…»:
Դանիէլ Վարուժանի «Անդապահը» բանաստեղծութեան մէջ այդ հովուերգակը դիտեցինք «սրինգ ածել» արտայայտութեան հետ. «Գիշերը մերթ սարին նստած լուսինին դէմ կ՛ածէ սրինգ»: Մինչ, Սիամանթօ, որուն համար այդ փողը «քաղցրախօս» էր, «Սովամահ» քերթուածի նախերգանքին մէջ հայոց խաղաղ դաշտերը նկարագրելու պահուն, մեզի լսել տուաւ սրինգին ձայնը. «Ներդաշնակ սրինգ մը հրաւէրներ կը ցնծար»: Իսկ Պետրոս Դուրեան նկարագրեց Խրիմեան Հայրիկին սրինգը. «Ահա կը հնչէ նորա հեշտ սըրինգ, արձագանգ կու տան Հայոց դաշտք, լերինք»: Հայկական գեղապաշտ քնարերգութեան սակաւակեաց սրնգահարներէն մէկն էր Միսաք Մեծարենց՝ «Երկու Սրինգ» բանաստեղծութեան երգիչը: Իսկ Եղիշէ Չարենց, որ բարձրաձայն բանաստեղծութիւններու եւ շռնդալից շեփորներու երկրպագուն էր, օր մը մեղմացաւ ու գովերգեց դաշտերու զաւակ Մեծարենցը.
«Աշխարհից հեռու մի գիւղում, եղեգնեայ մի սրինգ կտրած,
Արե՜ւ է երգել ու գարուն այս հիւանդ, հանճարեղ պատանին»:
Սրինգը, որ նրբակազմ էր եւ մեղմաձայն, դարձաւ երկու գիրքի անուն: Նախ լոյս տեսաւ «Սրինգ Հովուական. Երգեր, Ոտանաւորներ Եւ Առակներ. Ընթերցասէր Մանուկների Համար Տանը Եւ Ուսումնարանումը» հատորը, 1882 թուականին, Թիֆլիսի մէջ: Ղազարոս Աղայեանն էր հեղինակը: Իսկ երկրորդը, չափածոյ հոգեւոր ստեղծագործութիւններու ստուար աշխատասիրութիւն մըն էր 1909ին, Պոլսոյ մէջ հրատարակուած. «Հովուական Սրինգ»: Հեղինա՞կը անոր՝ Պետրոս Դուրեանի փոքր եղբայրը, բանաստսեղծ, բանասէր, Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի պատրիարք Եղիշէ Դուրեան: Մէկ այլ պոլսահայ բանաստեղծ՝ Տիրան Չրաքեան իր գրախօսականին մէջ այդ գիրքին եւ սրինգին մասին արտա-յայտուած է այսպէս. «Սրինգը, զոր մարդ իր գօտիին, իր ծոցին մէջ կը կրէ՝ մտերիմ ու առանձին բան մը ունի որով մենութեան մէջ հառաչելի խոստովանութեանց ու երազներու անդրուվար եղէգ մ՛է մանաւանդ քան քարոզի ու խանդավառման փող մը»: Իսկ ըստ Կոմիտասի, որ Պերլին կամ Փարիզ կատարած ճամբորդութիւններուն ընթացքին գօտիին մէջ միշտ կը պահէր սրինգ, այդ նուագարանը զուտ հայկական էր: Յիշենք, թէ Փարիզի մեծ թատերասրահին մէջ, 1914ին Կոմիտասը բազմահազար ունկնդիրներու ներկայութեամբ, իր ծոցէն կը հանէ ու կը նուագէ իր 1909ի Բիւրականի սրինգը (այժմ՝ Կոմիտասի թանգարան, Երեւան): Այդ կատարումի աւարտին վարդապետը կ՛արժանանայ յոտնկայս ծափահարութիւններու, առաջին մրցանակի եւ ոսկեայ ժամացոյցի:
Թէեւ մեր դաշտերուն մէջ, սարերու վրայ, այսօր չկան սրնգահար հովիւներ, սակայն քաղաքներու մէջ անիկա զբօսաշրջիկներ կը գրաւէ, որովհետեւ վարպետ ձեռքերու շինած սրինգներ կը վաճառուին՝ իբրեւ յուշանուէր: Իսկ երբ կը կարծէինք, թէ իբրեւ բառ, անիկա դադրած է ներշնչում տալէ հայու ստեղծագործ միտքին՝ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի մուտքին, Աբովեան պողոտային վրայ տեղադրուած հսկայական պաստառ մը յոյս կը ներշնչէ մեզի. «Հայկական աւանդական հունչեր. հայկական երաժշտութեան «Տաղարան» համոյթ. Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տուն, Փետրուար 22»: Անո՞ւնը անոր. արժանապէս՝ «Սրնգահար գարուն»: Իսկ հայոց հովուերգակ վարդապետի սրինգին ու տաղերգութեան նուիրուած է վաւերագրական շարժապատկեր մը՝ պատրաստուած մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ: Անիկա անուանուած է «Կոմիտասի Սրինգը»: