Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ- Թուղթ

$
0
0

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

0120norayrdadourianՅարգելի ընթերցող, «Բառերու խորհրդաւոր աշխարհը» յօդուածաշարին մէջ տողանցեցին հարիւրաւոր բառեր, փոքրակազմ եւ պատկառելի, միավանկ եւ բազմանիստ: Անոնք, ինչպէս սննդարար հողին ինկած սերմեր՝ աճեցան ու դարձան հայրենի մրգաստանի ընտիր մէկ ծաղիկը, եթէ չէ՝ կաղնին: Կիսաթանկագին գոյականներ՝ արծաթ, քար եւ ապակի, ջանք թափեցին, որ ոսկիին, մարմարին եւ բիւրեղին համահաւասար գրական արժէք ունենան: Աննիւթականներ, ինչպէս՝ «շունչ», «հոգի», «երգ»՝ հայ տաղասացներու շնորհիւ մարմին առին՝ իբրեւ «սիրուհի», «գեղեցկուհի» եւ «Մարիամ Աստուածածին»: Մինչդեռ, «թուղթ» բառը, որ նախապէս վայելուչ էր ու արժանի էր սուրբերու եւ իշխաններու գրիչին, դարէ դար դաւալեցաւ ու արժեզրկուեցաւ: Հետեւեալը, յարգելի ընթերցող, «թուղթ» բառին գահավիժումին մանրավէպն է.

Հայոց Ոսկեդար. «Թուղթ» բառը գրաբարի մէջ ունի հարգալիր դիրք: Անիկա գրական ընտիր երկ է: Կը բնակի գրչութեան կեդրոն վանքերու մէջ: Թանկագին եւ հազուագիւտ է «թուղթ» կոչուածը իր նիւթի չափ: Կարելի է ըսել, թէ ազնուականութեան եւ հոգեւոր դասի մենաշնորհն է: Այդ օրերուն՝ «թուղթ»ը նամակ է, ուղերձ: Ունի ճարտասանական բոյր, յղկուած լեզու: Կը ներկայացնէ, կը վերլուծէ երկրի քաղաքական պատմութիւնը, ընկերային շարժումները, գիտական միտքը: Պատմագրական սկզբնաղբիւր է անիկա, ինչպէս նաեւ լեզուական բիւրեղացում, հայոց մեծագոյն գրիչներուն կողմէ մշակուած: Առաջին «թուղթ»ը հայոց պատմահայր Մովսէս Խորենացին է ուղղած Վահան Մամիկոնեանին: Տիտղո՞սը անոր՝ «Թուղթ առ Վահան Մամիկոնեան»: Ապա եկան Ղազար Փարպեցին, Գրիգոր Նարեկացին, Ներսէս Շնորհալին, Մխիթար Գօշը եւ Յովհաննէս Երզնկացին ու գրեցին «Թուղթ»եր: Դուք կ՛ուզէ՞ք 11րդ դարու Հայաստանը ճանչնալ: Կարդացէ՛ք Գրիգոր Մագիստրոսի «թուղթ»երը: 80 հատ են անոնք: Նոյն ժամանակաշրջանի գրաբար հայերէնին կը պատկանին «առաքել թուղթ», «թուղթ աղաչանաց», «թուղթ ընծայական», «դանակ կամ՝ հատիչ թղթոյ», «թուղթ տոմսակի», «թուղթ մագաղաթեայ», «թուղթ ճենաց» եւ «թուղթ դրոշմեալ» արտայայտութիւնները: Մեր նախնիները երբ թուղթով գուշակութիւններ կատարած են, գործածեր են «հմայել թղթովք» դարձուածքը:

«Թուղթ» բառը տիտղոսն էր նաեւ միջնադարեան ականաւոր հեղինակութիւններու, ինչպէս՝ «Թուղթ ընդհանրական», «Դաշանց թուղթ», «Թուղթ առ Լեւոն», «Թուղթք քաղցրալուրք», «Գիրք մեկնութեան եօթն թղթոցն կաթուղիկէից»:

Paper boat floating on water in autumn park

Ուշ միջնադարուն թուղթի մեծաքանակ արտադրութեան միջոցներ յայտնուեցան ու անիկա դուրս ելաւ ընտրանիի սեփականութենէն: Կարելի է ըսել, թէ անիկա «ռամկացաւ», դարձաւ «ժողովրդավար»: Այնուհանդերձ, ունեցանք անոր բարբառային տարբերակները. թուխթ, թուխտ, թիւխդ, թօխթ եւ տուխտ: Աստիճանաբար «թուղթ» բառը սկսաւ նշանակելու վաճառատան արժետոմս, գիրքի թերթ, դիմում, իրարու հիւսուած բուսական մանրաթելերու նուրբ շերտ, նոյնիսկ՝ շուրջ 50 կրամ ծանրութեամբ կշռաքար ու վերջապէս՝ խաղաթուղթ: Ըստ երեւոյթին, վերջինը այնքան կլանեց մեր ժամանակը, որ ունեցանք անոր նուիրուած տասնեակ մը բարդ բառեր եւ արտայայտութիւններ, ինչպէս՝ թղթախաղամոլ, թղթախաղատուն, հզօր թուղթ, թուանիշ թուղթ, անզօր թուղթ, խառնել զթուղթս, բաժանել զթուղթս, ցուցնել զձեռինն թղթոց, խարդախելի խաղ թղթի:

1700ականներու երկրորդ կիսուն, հայկական հողին վրայ սկսանք թուղթ արտադրելու, արդիական իմաստով, ու ծնունդ առաւ նոր արտայայտութիւններու հարստութիւն մը՝ թուղթ բանալ, թուղթ մրոտել, թուղթ նայիլ, թղթին յանձնել: Ունեցանք նաեւ դրոշմաթուղթեր հաւաքելի, թղթադրամներ ներկայանալի, թղթապանակներ գիրուկ, թղթակցութիւններ գաղտնի եւ սիրային, թղթակազմ գիրքեր, թղթագործ վարպետներ, թղթագուշակներ խորհրդաւոր, թղթահմայութիւններ կախարդական, թղթադանակներ փղոսկրեայ, թղթադէզեր կամ՝ թղթակոյտեր խմբագիրի գրասեղանին վրայ բարձրացած: Պարզ ու անմիջական մարդիկը կոչեցինք՝ «պարզ թուղթի պէս»: Իսկ պատերազմի օրերուն կը յայտնուէր թուղթերու ամէնէն տխուրը՝ «սեղ թուղթ», զոհուածի մասին սեւ շրջանակով թուղթի վրայ գրուած ծանուցում: Երբ «թուղթ» եւ «թանաք» բառերը քով քովի եկան, անկում մը եւս տեղի ունեցաւ՝ ցածրորակ, անարժէք եւ թոյլ ստեղծագործութիւնները կոչեցինք «թուղթ ու թանաք», Եղիշէ Չարենցի դժգոհած տեսակը.

«Երգում է, տե՛ս, գիշեր ու զօր,

Պօէտների մի ողջ բանակ,

Սակայն երգեր քիչ կան այսօր,

Այլ կայ յաճախ թուղթ ու թանաք»:

1878 թուականին, Պերլինի մէջ մեր լեզուն ստացաւ նոր մէկ դարձուածք՝ «թղթէ շերեփ» ու սորվեցանք, թէ մեր ազգի կարեւորագոյն հարցերը չեն լուծուիր աղերսագիրներով: «Թուղթ» բառը 1892ին, Արշակ Չօպանեանի շնորհիւ Պոլսոյ մէջ դարձաւ հոգեբանական վիպակ՝ «Թուղթի Փառք»: Նոյն օրերուն «թուղթ» բառը վերապրեցաւ հին օրերու փառքը՝ դարձաւ ընտիր հատոր, «Բանասիրական թղթակցութիւնք Օրմանեան եւ Սարգիսեան վարդապետներու հետ»: Ապա հայոց լեզուն ճանչցաւ կծու դարձուածք մը՝ «թուղթի վրայ մնալ»: Այդպէս ալ կոչուեցաւ Սեւրի դաշնագիրը՝ «Սեւր. Դաշնագիր մը որ մնաց թուղթի վրայ»: Հասկցանք նաեւ, թէ կան «թղթէ բարեկամութիւններ»:

20րդ դարուն երկու գիրք եւ երկու բանաստեղծութիւն. ահա «թուղթ»ի ժամանակակից պատմութիւնը: Նախ յիշենք Վահան Թոթովենցի «Հրկիզուած Թղթեր»ը եւ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ Առ Երեւան»ը: Գալով Չարենցին՝ ան բառին շնորհեց երկու քնարական երկ. «Թուղթ Ակսել Բակունցին» եւ «Թուղթ Բանաստեղծ Բարեկամիս՝ N.N.ին, Գրուած Երեւանից»: 1959ին, զարմանալի երեւոյթ, «թուղթ» բառը մարդացաւ: Պարոյր Սեւակի խօսքերն են.

«Ռետին չեմ – թուղթ եմ

…թղթի եմ նման,

Քաշես՝ կը պատռես,

Ճմըռթես՝ պրծա՜ւ…»

Իսկ օր մը, ի՜նչ ամօթ բան, թուղթը համարուեցաւ անարգանք: Ծնունդ առաւ «թուղթ շպրտել» դարձուածքը եւ մամուլի մէջ յայտնուեցաւ այսպիսի մէկ խորագիր՝ «Ռոման Բաբայեանը Թղթեր Է Շպրտել Լեհ Լրագրողի Երեսին»: Վերջին հարուածը եկաւ հեռատեսիլի գովազդներու ձեւով. «Այժմ աւելի փափուկ», «Եռաշերտ եւ հոտաւէտ», «Փափուկ եւ ամուր»… Այո, թուղթի նորագոյն բառակապակցութիւնն է, որ կը ծանուցանէին՝ «պէտքարանի թուղթ»:

Իսկ ի՞նչ էր անոր ստուգաբանութիւնը: Աճառեան պատասխան մը ունի. լատինական փոխառութիւն է, titulus բառի տառափոխուած ձեւը: Բունը նշանակած է՝ արձանագրութիւն, գիր, պիտակ, վերտառութիւն: Բայց, իբրեւ երբեմնի պատուաւոր բառ՝ մաքրեց ինքզինք ու երաժիշտ Ռուբէն Հախվերտեանի օգնութեամբ դարձաւ սիրուած երգի խօսք.

«Պատրաստեց փոքրիկ տղան

Մի ճերմակ թղթէ նաւակ,

Իջեցրեց նաւակը նա

Գետակի ալիքների վրայ»:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles