Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Մեր Սուրբերուն Արեան Գինը Խաղաքարտ Չէ՛ 

$
0
0

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ

 

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

 

Church2Սրբացեալ նահատակաց յիշատակի օրը առաւել կը հզօրացնէ մեր մէջ պահանջատիրական զգացումը, զայն սլաքելով ո՛չ միայն 104, այլեւ աւելի տարիներ անդին, որովհետեւ արդարութեան ձայնը կարելի չէ՛ խեղդել, ո՛չ ալ արեւին լոյսը քօղարկել որեւէ մութ «կտաւ»ով:

Ցաւերու բազմաթիւ տեսականի ունի մարդկութիւնը, որոնք կը խմբուին երկու դասակարգումներու տակ: Ֆիզիքական եւ հոգեկան ցաւեր: Իւրաքանչիւրին տեւողութիւնը եւ բուժման ընթացքը կախեալ է վէրքին ու ցաւին խորութենէն, զգացման վիրաւորանքին ուժգնութենէն եւ այլ պատճառներէ:

Պահանջատէր մեր ժողովուրդը արդէն 104րդ տարին ըլլալով, ապշահար կը հետեւի քաղաքակիրթ կոչուած երկիրներու յամրաքայլ ընթացքին, որոնք իրենց դարաւոր քունէն արթնցող հեքիաթային իշխանների նման, նոր կը յիշեն 20րդ դարու առաջին եւ մեծագոյն ողբերգութիւնը գէթ ճանչնալու իրենց պարտականութիւնը, թող դեռ զայն դատապարտելու պարտաւորութիւնը: Միւս կողմէ, անոնց հարիւրամեայ թմբիրը ստրկամտութեամբ գնահատելու մեր ունակութեան մէջ անթերի, միշտ պատրաստ ենք «բարեկամ» ճանչնալու այն երկիրները, որոնք ինչ-ինչ հաշիւներով ճանաչողութիւն կու տան Հայոց Ցեղասպանութեան, խաղաքարտի վերածելով մեր ազգի սուրբ նահատակներուն արեան գինը: Դեռ մինչեւ ե՞րբ գերպետութիւններու բոլորակաձեւ թաւշեայ կանաչապատ սեղանին վրայ իբրեւ խաղաքարտ աժանօրէն պիտի բաշխուին մեր նահատակները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը անուն ունէր ու ինքնութիւն, արժանապատուութիւն ու հռչակ, համբաւ ու վաստակ: Մեզմէ ո՞վ պիտի ուզէր որ նոյնիսկ իր աճիւնները դուրս բերուէին գերեզմանափոսէն, փողոցի լաճերու ձեռքերուն մէջ խաղալիքի վերածուելու համար…:

Մենք մեր թմբիրէն արթննալու կարիք ունինք ժողովո՛ւրդ Հայոց, եւ այն ալ՝ շա՛տ շուտով:

Հայ Դատի նուիրեալ յառաջամարտիկը պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր հայ, ո՛ր երկրին, կամ ի՛նչ պայմաններու մէջ ալ ապրի ան: Երազի հայրենիքի ցաւով կը տոգորուի մեզմէ իւրաքանչիւրին սիրտը, ու կը մորմոքի հոգին: Մենք ուրանանք, Եփրատի ջուրերը իրենց գլգլոցով պիտի անիծեն մեզ, որովհետեւ անոնք իրենց կոհակներուն վրայ յուղարկաւորեցին մեր երիտասարդ մայրերն ու աղջիկները, դէպի իրենց անդունդները, գնահատելով արժանապատուութեան բարձր գիտակցութիւնը փափուկ սեռի վտիտ մարմիններով այդ հերոսուհիներուն: Եթէ չունինք Եփրատ գետի յիշողութիւնը, գէթ ունենանք արժանապատուութիւնը, տղամարդու կեցուածքով վերականգնելու արդարութիւնը:

Մենք, որ վանք ու դպրոց, տուն ու այգի՝ հայրենի հող կորսնցուցինք, թշնամիի ոտքին կոխան դառնալով, մե՛նք պիտի վերաշահինք մեր ազգի բռնաբարուած արժանապատուութիւնը, այնպէս ինչպէս մենք մեր ձեռքերով պիտի վերակառուցենք ուրիշին քանդածն ու այրածը: Հերի՛ք է որ մեզի մանրեն ու լումաներու վերածեն: Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք բորենիներու նման յափշտակեցին մեր հայրերուն կերտած դարաւոր կիլիկեան թագաւորութեան հողատարածքները եւ ամբողջ Արեւմտահայաստանը, թալանեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ անոր բոլոր կալուածները, ու մանաւանդ բզկտեցին անոր նահատակ ժողովուրդը անապատի աւազներուն վրայ, իսկ աքսորական ժողովուրդին ցանուցրիւ տարտղնեցին բախտի ճամբաներու խաչմերուկներուն վրայ, հակառակ Կիլիկիոյ վշտակիր Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոսի աղերսարկու դիմումներուն Եւրոպական ափեր, Ֆրասնա եւ այլուր: Նոյն Եւրոպան չէ՞ր միթէ անոր դիմումներուն խուլականջ ձեւացողը: Նոյն քաղաքակիրթ երկիրները չէի՞ն իրենց պալատներուն դռները փակողները: Նոյն մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Արեւմուտքը չէ՞ր կոյր վկայ ներկայացողը, սպիտակ փայտը ձեռքին ու սեւ ակնոցները աչքերուն…:

Աշխարհաքաղաքական շահերու զո՜հ մեր ժողովուրդին համար, նախ արժանապատուութեան վերատիրացման պայքար պէտք է, Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացէն, ինչպէս նաեւ մեր հողերուն վերատիրացման այնքան փափաքելի օրը դիմաւորելէ առաջ:

Այո՛, ցաւերը բազմաթիւ են եւ բազմատեսակ, սակայն ըսելու կարիք չկայ, որ մորթի վրայ զգացուող ցաւը, պատմուող ցաւէն աւելի ցաւալից կ՛ըլլայ, ամէնէն հարազատ մարդէն աւելի մօտիկ մեզի ու անբաժան մեր մարմնէն:

Արդեօ՞ք մեր մորթը քերթելով կրնանք ազատիլ այս ցաւէն: Վստահաբար ո՛չ: Որովհետեւ մեր մարմնէն ատիկա անցեր եւ մտեր է մեր հոգիին մէջ: Այսօր մեր մարմինը չի՛ ցաւիր մեր սուրբ նահատակներուն ֆիզիքական ցաւով, այլ մեր հոգին կը մղկտայ ու մեր միտքը կը գալարուի ո՛չ միայն համաշխարհային անարդարութեան ցաւով, այլեւ մեր նահատակներու սուրբ արեան գինին խաղաքարտի վերածուած ըլլալուն տանջանքով:

Նահատակութիւնը վեր է ամէն հաշիւներէ ու շահերէ: Արիւնը չի՛ սակարկուիր ի՛նչ ազգի եւ ի՛նչ երկրի զաւակ ալ ըլլայ այդ արեան տէր մարդը: Արեան գինը ամէնէն բարձր արժէքը կը ներկայացնէ, որ չի՛ վաճառուիր, ձրի չի՛ տրուիր, ո՛չ ալ կը տրամադրուի, այլ՝ միայն կը նուիրաբերուի վեհագոյն նպատակի համար: Այդ նպատակը ինքնին երրեակ միութեամբ սրբութիւնն է՝ Ազգ, Կրօնք, Հայրենիք:

Մորթի ցաւը մեր մարմնի վրայ, կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն հաւատարիմ մնալ մեր նահատակներու սուրբ կտակին, որպէսզի անոնց կմախքացած գանկերու մութ ակնափոսերէն դադրեցնենք արտասուքի հոսքը, եւ անոնք տեսնեն աշխարհի վրայ բացուած արդարութեան արշալոյսին պայծառ առաւօտը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles