
Կարին Յովհաննէսեանի բեմադրած «Ես Առանձին Չեմ» վաւերագրական ֆիլմ
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կարին Յովհաննէսեանի բեմադրած «Ես Առանձին Չեմ» վաւերագրական ֆիլմը, որ նուիրուած է Հայաստանի մէջ անցեալ տարի իրականացած թաւշեայ յեղափոխութեան, առաջին անգամն ըլլալով պիտի ցուցադրուի Շաբաթ, 7 Սեպտեմբերին, Թորոնթոյի միջազգային շարժապատկերի փառատօնին ընթացքին։
Ֆիլմին երաժշտութեան հեղինակն է Սերժ Թանքեան։
Ֆիլմը նոյն փառատօնին ծիրին մէջ պիտի ցուցադրուի նաեւ 9 եւ 15 Սեպտեմբերին։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել iamnotalonefilm.com կայքը։