ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Վիրաւորանքի բոլոր տեսակները ծանօթ են մարդկութեան: Ընդհանրապէս այս բառին տարածում գտած հասկացութիւնը ֆիզիքական վիրաւորում ստանալ կ՛արտայայտէ: Ատիկա կրնայ պատահիլ սրածայր գործիքներով՝ ասեղ, խոհանոցի դանակ, որեւէ կարասիի սուր անկիւնի սխալմամբ հպումով եւ այլն: Ասոնք գրեթէ արկածի հետեւանքով վիրաւորուիլ կարելի է յորջորջել, որոնց պարագային նախորոշ դիտում չկայ: Օրինակ, երբ տանտիկինը խոհանոցին մէջ աղցան պատրաստելու համար կանաչեղէն մանրելու պահուն կը վիրաւորէ մատին ծայրը, երբեք չենք եզրակացներ, թէ նախապէս ան ծրագրած է իր մատը վիրաւորել: Կամ հարազատներ կողք-կողքի աշխատած միջոցին, մէկուն կատարած անակնկալ եւ արագ շարժումին հետեւանքով կը վիրաւորուի կողքին կանգնած եղբայրը: Վիրաւորողը միտում չունէր իր եղբայրը վիրաւորելու, բայց պատահեցաւ: Կամ, միասնաբար ծանր կարասի մը շալկած անձերէն մէկուն ձեռքէն կը սահի գոյքը եւ կ՛իյնայ իր հետ նոյն իրը տեղափոխող անձին ոտքին: Ան չար նպատակ չունէր, ո՛չ ալ կանխաւ որոշած էր այդ վնասը հասցնելու, սակայն արկածը պատճառ դարձաւ երկրորդին վիրաւորուելուն:
Վիրաւորուելուն երկրորդ տեսակը դիտաւորեալ վիրաւորելն է, որուն մէջ բացայայտ կ՛երեւի թշնամանքը, որուն հետեւանքով ի գործ կը դրուի չար նպատակը՝ ուղղակի վնասելու համար նմանին: Այդ անձը կրնայ իսկապէս թշնամի մը ըլլալ, կամ նախանձի պատճառաւ թիրախ դարձած մէկը: Ի՛նչ ալ ըլլան պատճառները յարձակման, չարիքը չի՛ կորսնցներ իր հանգամանքը: Վնաս պատճառողը չ՛արդարանար իր ունեցած չար վերաբերումի հետեւանքներուն ի տես, նոյնիսկ եթէ վնաս կրողը բախտի բերմամբ վերապրի տուեալ աղէտէն: Վիրաւորելով մէկը սպաննելու դիտումը չարագործին միտքին մէջ ինքնին դատապարտութեան գիրն է, զոր դատարանը կու տայ նախայարձակ անձին:
Վիրաւորուելու երրորդ տեսակը պատերազմի պատճառով տեղի կ՛ունենայ, երբ նոյնիսկ կոյր ռմբակոծման հետեւանքով բազմաթիւ մարդիկ կը վիրաւորուին միատեղ: Անոնցմէ ոմանք խեղանդամ կը դառնան, ուրիշներ իրենց տեսողութիւնը կը կորսնցնեն, ոմանք մինչեւ իրենց կեանքին վերջը անդամալոյծ կը մնան կամ զգայազիրկ վիճակով կը գամուին իրենց անկողինին: Պատերազմի հետեւանքով վիրաւորուողները նաեւ կրնան ըլլալ զինուորականներ, որոնք իրենց պարտականութեան ճամբուն վրայ վէրքեր կը ստանան: Այդ վէրքերը երբեմն մինչեւ իրենց խոր ծերութիւն, սպիացած տեսքով հին յուշեր կը վերաթարմացնեն անոնց յիշողութեան մէջ, որոնց հոգեբանական ազդեցութիւնը ցնցումներ կը յառաջացնէ նոյնիսկ դէպքէն երկար տարիներ ետք:
Քաղաքակիրթ երկիրներու պետութիւններ եւ յատկապէս անոնց պաշտպանութեան նախարարութիւնները մեծ յարգանքով կը խնամեն պատերազմական վիրաւորեալները, հոգալով անոնց ապրուստի եւ դարմանումի բոլոր ծախսերը: Ասոնց շարքին նաեւ պատերազմի ընթացքին գերեվարեալ եւ ապա ազատորդի դարձած անձերը յատուկ խնամքի կ՛արժանանան, իրենց կարողութեան համեմատ պաշտօններու կոչուելով, առ ի գնահատանք հայրենիքի համար իրենց մատուցած ծառայութեան:
Վիրաւորուելու չորրորդ տեսակը «խօսքի դանակ»ով կատարուած վիրաւորանքն է, որուն վէրքը երբեմն միշտ բաց կը մնայ, սպիանալու անատակ ըլլալով: Ինչքան ալ մարդիկ փորձեն ինքնահամոզման եւ կամ ուրիշներու կողմէ հանդարտեցման միջոցներով մոռացութեան տալ խօսքի վիրաւորանք մը, դարձեալ անիկա իր ցաւը կը վերայայտնէ, ամէն անգամ երբ նոյնիսկ ենթագիտակից ուղեղին մէջ անոր վերյիշումի նշոյլը մէկ ակնթարթի համար փայլատակէ: Յիշողութիւնը ոխի զգացման կը փոխակերպուի, եւ ոխը վիրաւորանքը փոխադարձելու կը մղէ ենթական, մինչեւ իսկ խօսքէն գործի անցնելու հեռանկարներ ուրուագծելով անոր միտքին մէջ:
Փորձառու բարեկամս յաճախ կը կրկնէր ըսելով, որ աշխարհի մէջ ամէնէն հատու դանակը չունի այն սրութիւնը, որ ունի մարդկային լեզուն: Այս առիթով ալ կը յիշէր հայկական առած մը, որ կ՛ըսէ. «Խօսք ըսածդ կլոր է. նախ մտածէ, յետոյ գլորէ»: Հարուստ կենսափորձի շնորհիւ բանաձեւուած խօսքերէն մէկն է այս, որովհետեւ մեր բերնէն դուրս եկածին խօսքին համար ինչ չքմեղանք ալ կատարենք, նախկին բարեկամութիւնը պիտի չյաջողինք ստեղծել մեր վիրաւորանքը կրած անձին հետ: Կեանքի ամէնէն թանկագին հարստութիւններէն մէկն ալ փոխադարձ վստահութիւնն է, որ դժբախտաբար մէկ ակնթարթի մէջ կրնանք կորսնցնել: Ուրեմն անոսկր լեզուն կարեւոր զգայարանք մըն է մեր բերնի խոռոչին մէջ մկանի ձեւով տեղադրուած, որ անվերականգնելի սխալներու պատճառ կը հանդիսանայ անուշադրութեան հետեւանքով:
Երբեմն կենդանիներու զգացական իրավիճակներուն ականատես մարդիկ ցաւով կ՛ըսեն՝ միայն լեզու չունի այս արարածը, իր զգացումները արտայայտելու համար: Մենք կ՛ըսենք, որ որոշ պարագաներու նոյնիսկ բարեբախտութիւն է կենդանիներուն համար, խօսելու ունակութենէն զրկուած այդ մկանը իրենց բերնին մէջ ունենալը, որովհետեւ իրենց ակռաներով, ճանկերով ու ժանիքներով պատճառած վիրաւորանքէն բացի, այս անգամ նաեւ լեզուով վիրաւորելու հնարաւորութիւն պիտի ունենային, ամբողջացնելով վիրաւորանքին պակաս մնացած բաժինը… Սակայն նոյնիսկ այդ պարագային, անոնց վիրաւորանքը պիտի չհասնէր բանական մարդ էակին պատճառած խօսքի վիրաւորանքին, որ գիտակցուած ըլլալուն խոր պատասխանատուութիւնը կը կրէ անկասկած:
Խօսքով վիրաւորելու վարպետներ ալ կան, որոնք իրենց վնասը անզգալաբար կը հասցնեն նմանին: Անոնք կը նմանին քարը բամպակով փաթթելէ ետք իրենց հակառակորդին գլխուն նետող մարդոց, որոնք կարծէք «խղճալով» իրենց թիրախին, չեն ուզեր զայն արիւնլուայ դարձնել: Ասոնք կը մոռնան սակայն, որ բամպակով խանձարուրուած քարը չի՛ վիրաւորեր, բայց կը ցաւցնէ: Ցաւ պատճառելը ինքնին վիրաւորելու առաջին քայլն է: Քարի հարուածը իր գլուխէն ստացողը, նախ հարուածին ցաւը կը զգայ, յետոյ ձեռքը այդ ցաւած տեղը տանելով կը ստուգէ, թէ ստացած հարուածին հետեւանքով վէրք բացուա՞ծ է, արիւն կը հոսի՞: Ուրեմն, ցաւը առաջին աստիճանն է վիրաւորուելուն: Նոյնն է նաեւ խօսքով վիրաւորուելուն պարագան: Վիրաւորական ծանր խօսք մը լսողը նախ մեծ ցաւ կ՛ապրի եւ ապա կը զգայ, որ վէրք բացուած է իր հոգիին մէջ: Վէրքը, յաջորդող վայրկեաններուն, ստացուած հարուածին ուժգնութեան համաձայն, կը սկսի արիւնիլ, յետոյ կոտտալ, դարձեալ արիւնիլ, արեան բաղնիքի վերածելով ենթակային ամբողջ ներաշխարհը:
«Խօսքն ու արձակուած նետը չեն վերադառնար», կ՛ըսէ իմաստունին բանաձեւած պատկերաւոր առածը: Այստեղ խօսքը երբ նետի կը նմանցուի, ուրեմն նշանի մը ուղղուելուն գաղափարը կ՛արտայայտէ ինքնին: Նետաձիգը իր մէկ աչքը կծկելով երբ ճշգրիտ նշանառութիւն կը փորձէ կատարել, կը նշանակէ, որ դիտում ունի ճիշդ թիրախին հարուածելու:
Քարը ինչքան ալ բամպակի մէջ փաթթես, իր կարծր բնութիւնը չի՛ փոխեր, այնպէս ինչպէս նոյնիսկ դիւանագիտօրէն իրենց կոշտ ու կոպիտ խօսքերը բամպակի փափկութեամբ ուրիշներուն ուղղող ճարտասանները չե՛ն յաջողիր սքօղել իրենց բուն ինքնութիւնը: Մի՛ ցաւցներ եւ մի՛ ցաւիր…