Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ՓԹԻԹի Կայքը Համաճարակի Օրերուն Կ՛աշխուժանայ

$
0
0

0617ptit

ՓԹԻԹ մանկապատանեկան կայքը մեկնարկած է Հոկտեմբեր 2015ին,Պէյրութի  մէջ2010 էն ի վեր լոյս տեսնող նոյնանուն պարբերաթերթը հասանելի դարձնելու համար հայկական Սփիւռքին: 2016ին կայքին յաջորդեց ՓԹԻԹ յաւելուածը, որ ցարդ ունի շուրջ 33,000 ներբեռնում։

Կայքին թարմացումները պարբերաբար շարունակուեցան մինչեւ 2020, եւ անիկա ցարդ  ունեցած է շուրջ 53,000 այցելուներ։ Վերջին ամիսներուն, համաճարակին պարտադրած մեկուսացումին պատճառով, կայքին այցելուները եռապատկուեցան (Մարտէն Մայիս ամիսներուն՝ առաւել քան 10,000 այցելուներ), որովհետեւ զանազան երկիրներու հայկական վարժարաններ սկսան օգտագործել ՓԹԻԹի կայքը, մանաւանդ՝ անոր լեզուական փոխներգործօն խաղերու հարուստ ընտրանին՝ իբրեւ առցանց ուսուցումի օժանդակ միջոց, աշակերտներուն արեւմտահայերէնով հաճելի եւ շահեկան գիտելիքներ փոխանցելու համար։

ՓԹԻԹ մանկապատանեկան կայքը լեզուական խաղերու կողքին ունի նաեւ թուաբանական, տրամաբանութեան եւ ժամանցային խաղեր, ինչպէս նաեւ յօդուածներ, առակներ, պատմութիւններ, ժպիտներ եւ հանելուկներ, որոնք կը հետաքրքրեն զանազան տարիքի եւ հայերէնի իմացութեան տարբեր մակարդակներ ունեցող մանուկներուն:

Ի տես այս իրականութեան, որոշեցինք արագացնել թարմացումները.այսուհետեւ ամսական դրութեամբ նոր նիւթեր պիտի տեղադրուին կայքին վրայ։

Նշենք որ ՓԹԻԹի կայքը`www.e-ptit.com գոյութիւն ունի եւ անոր պարբերաբար թարմացումները կը կատարուին շնորհիւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի նիւթական նեցուկին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles