Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

«Ընդդէմ Եհովայի Վկաներուն»

$
0
0

KIRK

Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին հրատարակութեամբ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի մեկենասութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ «Ընդդէմ Եհովայի Վկաներուն» հատորը մեր Ս. Աթոռին միաբաններէն հոգելոյս Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի աշխատութեամբ։

422 էջնոց գործը կը սկսի յիշեալ բաժանմունքի վարիչ Զարեհ վրդ. Սարգիսեանի յառաջաբանով, որուն մէջ ան կը ներկայացնէ գիրքին կենսական կարեւորութիւնը՝ ընդգծելով, որ առանց Աստուածաշունչին յայտնած վարդապետական ճշմարտութիւններուն, Աստուած կատարեալ անծանօթ կը մնայ, եւ հետեւաբար հարկ է ճշմարտութիւնները ճանչնալ, իւրացնել եւ անոնցմով ապրիլ։

Հոգելոյս սրբազանը կը ներկայացնէ «Եհովայի վկաներ» եզրը, աղանդին ծագման հոլովոյթը եւ աշխատելադաշտը, քարոզարշաւի մեթոտաբանութիւնը՝ վաղ ժամանակներէն մինչեւ վերջին շրջանը։ Ասոր յաջորդող բաժինները՝ «Եհովայի՞ Վկաներ, Թէ Ստութեան Վկաներ», «Ամենասուրբ Երրորդութիւն. Պատասխան Եհովայի Վկաներու», «Եհովայի Վկաներու Այլափոխուած Աստուածաշունչը», «Ճշմարտութիւնը Եհովայի Վկաներու Մասին», կը սկսին ներածականով եւ կը շարունակուին ենթախորագիրներու բաժնուած մանրամասն նակրագրութիւններով եւ վերլուծումներով՝ հիմնուած սրբազանին ուսումնասիրութիւններուն եւ հարուստ աղբիւրներու վրայ, որոնք ցանկագրուած են հատորին աւարտին։

Յիշեալ գիրքէն ունենալու համար կրնաք այցելել Անթիլիասի Մայրավանքի գրատունը։ Անիկա նաեւ ունի իր կայքէջը՝ www.ciliciabookstore.com, ուր կրնաք ձեր ապսպրանքները կատարել։

Լիայոյս ենք, որ «գիրքը ձեռք ձգողները զայն գրադարանին մէջ փոշի հաւաքելու դատապարտուած դարակներուն մէջ չլքեն՝ այլ հոն ներկայացուած երկնային ճշմարտութիւնները նախանձախնդրութեամբ իւրացնեն»։

Բարի ընթերցում։

 

ԴԻՒԱՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles