ՊՈՍԹԸՆ․- Վերջերս լոյս տեսաւ Մեղրի Տէր Վարդանեանի հեղինակած «Հպարտ Հայ» (Proud Armenian) հատորը: Հեղինակը որոշած է գիրքին վաճառքէն գոյացած գումարը ամբողջութեամբ յատկացնել Հայաստանի եւ Արցախի կարիքաւորներուն։
Արեւմտահայերէն այս հատորին նպատակն է՝ մանուկներու մօտ հայերէնով ընթերցանութիւնը քաջալերել հատորին հերոսներուն՝ Հայկին եւ Նարէին օժանդակութեամբ։
Հատորին հրատարակութեան նեցուկ կանգնած են Արեւելեան Ամերիկայի ՀԵԴն եւ Համագայինի Պոսթընի մասնաճիւղը։
Օրինակ մը ապսպրելու համար դիմել m.dervartanian@gmail.com հասցէին։