ԵՐԵՒԱՆ.- Լոյս տեսաւ Գրիշ Դաւթեանի «Բառերի Լոյսը» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն, որ կը հանդիսանայ հեղինակին 16րդ գիրքը:
«Թեմատիկ բազմազանութիւնը, ապրումների նուրբ հոգեբանութիւնը, անհատի ըմբոստութիւնը եւ թախիծով պարուրուած կարօտը «Բառերի Լոյսը» ժողովածուի յատկանշական կողմերն են: Գրքում ընդգրկուած է նաեւ Գրիշ Դաւթեանի «Դերանունների Գործածութիւնը Կապական Բառերի Հետ» յօդուածը», նշուած է հրատարակիչին յղած հաղորդագրութեան մէջ։
520 էջերէ բաղկացած հատորը լոյս տեսած է Հայաստանի «Անտարես» հրատարակչութենէն եւ անոր գինը 2990 դրամ է։
Օրինակ մը ապսպրելու հաար այցելել՝ https://daran.company.site կայքը։