Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Յիմար (Բ.)

$
0
0

Մեծապատիւ Յիմարութիւններ, Կամ՝ Հայկական Պառերու Իմաստասէրը

 

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

Նորայր Տատուրեան

Երեք շաբաթ է ազգութեամբ կը մօտենանք յիմարութեան սահմանագիծին ու կը վերադառնանք: Գրաւոր փա՞ստը անոր… Հայկական մամուլի վերնագիրները, որոնք աւելի յաճախականութեամբ սկսած են ողողուելու «յիմար»ով: Այսօր, յարգելի ընթերցող, երբ հայոց աշխարհին մէջ առնուած, տրուած, ընդունուած, ստորագրուած որոշումները կը սպառնան մեզ ազգութեամբ յիմարեցնել, կամ յիմարի տեղ դնել (ինչ որ նախընտրէք), ձեզ կը հրաւիրեմ լապտեր մը բռնած «յիմար» բնտռելու հայկական գրականութեան մշուշներուն մէջ: Բայց նախ արտօնեցէք, որ մէջբերեմ հայաստանեան մամուլէն քանի մը զգայացունց խորագիրներ, ուր ցցուած կը մնայ «յիմար» ածականը իր իւրայատուկ տրամաբանութեամբ… «Չունենայինք այս յիմար ինքնաթիռները… ունենայինք հակաօդային պաշտպանութիւն, որ պէտք է գնէինք, պատերազմը կը յաղթէինք», «Ժողովուրդը յիմար չէ», «Ո՞ւմ էք յիմարի տեղ դրել», «Ցանկացած իշխանութեան մէջ լինում են յիմարներ… Առանց յիմարների հնարաւոր չէ, քանզի դա (…) է ապահովում եւ լեգիտիմացնում (օրինականացնում) իշխանութեանը», եւ ամէնէն յոռետեսը՝ «Հիմա, երկար տարիներ յիմարութիւնների հաւատալով եւ յիմարութիւններ անելով՝ յայտնուել ենք ոչնչացման սպառնալիքի առջեւ»: Իսկ այժմ համառօտ պատմութիւն մը, թէ, «յիմար»ը ինչպէ՛ս հասաւ մեր օրերուն եւ յայտնուեցաւ իբրեւ իմաստասիրութիւն խօսող բառ:

Նախորդ յօդուածը հանդիսարանն էր «յիմար» ածականի բառային պաշարներուն, քանզի անիկա յաջողած էր Ոսկեդարեան գրականութեան մէջ յիշուիլ, Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան մէջ յիսուն անգամ գործածուիլ ու իմաստասիրական ամէն երկի մէջ ներկայ ըլլալ: Առաւելաբար, հայ վարդապետներն ու աշուղները, իբրեւ համեստութիւն, յիշատակարաններու եւ խոհական բանաստեղծութիւններու մէջ իրենք զիրենք կոչեր էին «յիմար»: Այդ աւանդութիւնը շատ հարուստ է, ուստի կը մէջբերեմ քանի մը նմոյշ եւս, որպէսզի ժամանակակից հայը – հասարակ քաղաքացիէն մինչեւ բարձրաստիճան քաղաքագէտը – ինքնաքննադատական հայեացք մը ունենայ յանուն հայութեան եւ հայրենիքի:

Առաջին վկայութիւնը բերեմ Աւետիք Մահտեսիէն: Իր անձը նկարագրելու համար, ան գործածեց ոչ այնքան պատուաբեր ածականներ, ինչպէս՝ «մտքով խաւար», «բարկացող», «բարձրամիտ», «մեղքերով զարդարուած», «բարիքի մէջ ունայն», վերջապէս՝ «յիմար». «Աւետիս անունս է կոչեցեալ, / Սուրբ ո՛չ կեցար, Աւէտ յիմար»: Համեստութեան ծայրագոյն արտայայտութիւններ գրի առին նաեւ Ստեփանոս Կեղեցին, Յարութիւն տաղասացը, Մինաս Թոխաթեցին եւ Անդրէաս Արծկեցին. «Խեղճ, ողորմելի, յիմար Ստեփաննոս», «Յարութիւն ծառայ քո յիմար, / Գրեցի մեղացս համար, / Բարեխօսեա միշտ տիրաբար», «Երգս գրած է Մինասի՝ Անմիտ, յիմար եւ փանաքի (թոյլ, տկար, չնչին, ողորմելի, խղճուկ, աղքատ, չունեւոր)», «Սէֆիլ Արծկեցի Անդրէաս յիմար»: Վերջինը «Ս» տառով կը սկսի: Պատճառը այն է, որ Արծկեցիի գրածը եօթը տուն ծայրակապ բանաստեղծութիւն է, ամէն տողի սկզբնատառը երբ հաւաքենք` կը յայտնուի անունը՝ Ա-Ն-Դ-Ր-Է-Ա-Ս:

«Յիմար»ը յարմար եկաւ նաեւ իմաստասէր-բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններուն: Խաչատուր Թոխաթեցին, 1600ներու սկիզբն էր, երբ «յիմար» որակեց գինեմոլը. «Ո՛վ դու յիմար, մեղաց գերի, / Խմելն քեզ ինչ շահ ուն»ջ: Մաղաքիա Դերջանցին զղջաց, որ արբեցող էր եւ աշխարհիկ ցանկութիւններու գերի. «Եւ միշտ գինուով արբենալով, / Հոգուով մտօք յիմարելով… / Եւ զօր մահուն ոչ յիշելով, / Յիմար կուսանց նմանելով»: Յովհաննէս Հալէպցի Ղալամքարը (գրիչ, փորագրիչ) յիմարեցաւ, որովհետեւ կինը մահացաւ. «Ո՛վ մահ, հետ ինձ ինչ արիր, իրիցկինս ինձմէ բաժանեցիր, / Մնացի խեղճ, ողորմելի, զիս իւր տեսոյն զրկեցիր: / Է՛, անգէտ էրէց յիմար, աշխարհէս դու ի՞նչ շահեցար»: Յովհաննէս տաղասացը ըսաւ, թէ յիմար է այն մարդը, որ չի հասկնար, թէ ունայն է աշխարհը. «Գերի Յոհանէս, էս դուն յիմար, / Հետ աշխարհիս ընկար մեղկան, / Մերկիկ (անտարազ) եկիր դուն ի աշխարհս, / Մերկիկ դնեն հող եւ ի զնտան»: Պլուզ վարդապետը ըսաւ, թէ խաբող է աշխարհը, իսկ ով կը հաւատայ անոր՝ յիմա՛ր է. «Թէ դու ի սրտանց քննես, նա կենցաղս յերակ (միշտ) խաբող է, / Աւուրք մի (օր մը) խնդալ կու տայ, բայց յերակ ի լաց կու պահէ. / Այն մարդն որ աւտայ (հաւատայ) սմա կամ աստէն իւր տուն կու շինէ, / Չաւտամ թէ նա խելք ունի, աւատա՛ որ խիստ յիմար է»: Ըստ Վրթանէս Սռնկեցիի «յիմար» է ան, որ ճրագը (փոխ.՝ յոյս, հաւատք) բարձր չի պահեր. «Մէկ մարդ մի ճրագ վառեր / Եւ ի բարձր տեղի էր դրեր, / Մէկ մի խիստ յիմար եղեր, / Զճրագն ի վայր էր առեր»: Իսկ Ֆրիկը, հայկական իմաստասիրական բանաստեղծութեան խոշորագոյն անունը, խրատեց, որ մարդը իմաստուններուն մօտիկ մնայ եւ չխառնուի յիմարներու հետ. «Յիմարաց դասն չի խառնիք, / Իմաստնոցն ընկեր կու լինիք»: Ֆրիկը գիտէր նաեւ, որ իր խրատը յիմարին համար աղբի արժէք ունի. «Յիմար ու յանգէտն ի մօտ՝ / Սա չարժէ ափով մի թրիք»: Ֆրիկը, ինչպէս ընդունուած էր իր ապրած օրերուն, ինքզինք կոչեց հետեւեալ խոնարհումներով. «Խիստ յիմար եւ անգէտ է», «Է՜, Ֆրի՛կ… Յիմա՛րն կու ասէ», «Ֆրի՛կ, դու յիմար»:

Բառս նիւթ դարձաւ նաեւ հայկական երկու առածի. «Թէ անգէտ, յիմար մարդոյն / Խրատ տաս՝ նա զքեզ ատէ», «Մի յիմար քարը գցեց հորը, քառասուն խելօք չկարողացան հանել»: Սայաթ Նովան սիրուած երգի դէմքով խորհուրդ տուաւ բոլորիս. «Դուն էն գլխէն իմաստուն իս, խելքդ յիմարին բաբ (հաւասար) մի անի»: Իսկ աշուղ Ճիւանին նկատեց, որ փոխուեր են ժամանակները, դժուար է հասկնալ, թէ ո՛վ է խելօքը եւ ո՛վ է յիմարը. «Խելքին զոռ տալով է հիմա ամէն բան, / Յիմարն էլ իմաստուն կարծում է իրա»:

Այս բոլորէն շատ տարիներ ետք, 1940ին, Նշան Պէշիկթաշլեան, որ երգիծաբանի համբաւ կը վայելէ, «Հայ Աղբրտիք» գիրքին մէջ խիստ ազգասիրական միտք մը արտայայտեց: Հետեւեալն է պատմութիւնը. չափազանց խնայասէր ակնցիի մը տղան ափ ի բերան կը հարցնէ իր հօրը, թէ ինչպէ՛ս կ՛ըլլայ, որ ան մասնակցեցաւ ազգային հանգանակութեան մը: Ակնցին խոր լրջութեամբ կը պատասխանէ. «Մէնչուկ, կ՛ուզեմ, որ մեր ազգին աղքատը յիմար-յիմար ֆէօս ու ֆէօն (հոս ու հոն) չվազէ… ու չմաշեցնէ իր շնորհքը: Թող խելօք կոյնի ու մտածէ գործի, յառաջդիմութեան մասին»:

Իսկ այսօր, յարգելի ընթերցող, երբ բազմահազար հայորդիներ տեղահան են՝ հայրենիքին մէջ, հայրենիքէն հեռու, թող բաց ըլլան երկինքի դռները, իմաստութիւն իջնէ մանանայի նման, թանձր, խիտ, մեղրահամ, ու նստի մեր դաշտերուն, սար ու ձորերուն, գիւղ ու քաղաքներուն վրայ, թափանցէ հողին խորքերը, եւ մեր ազգին զաւակները՝ «այլեւս յիմար-յիմար ֆէօս ու ֆէօն չվազեն ու չմաշեցնեն իրենց շնորհքը»:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles