2020ը արտակարգ տարի մը եղաւ իր բազում մարտահրաւէրներով, որոնք նոր իրավիճակ մը ստեղծելով՝ ունեցան անկանխատեսելի հետեւանքներ:
Ամբողջ աշխարհը այս տարի ստիպուեցաւ վերատեսութեան ենթարկել իր ծրագիրները, վերադասաւորել իր առաջնահերթութիւնները, տնտեսել իր ծախսերը եւ խնայողութեամբ օգտագործել իր աղբիւրները:
Պսակաժահրի համաճարակին պատճառով ո՛չ միայն փոփոխութիւն կրեց մեր կենցաղը եւ տուժեցին մարդկային յարաբերութիւնները, այլեւ ծանր հարուած ստացաւ միջազգային տնտեսութիւնը: Իսկ մեր պարագային կացութիւնը ա՛լ աւելի բարդ էր․ նոյնիսկ նախքան համաւարակը, արդէն վատթարացած էին Լիբանանի տնտեսական, ելեւմտական, քաղաքական եւ ապահովական հարցերով, որոնք իրենց գագաթնակէտին հասան աշխարհը ցնցած Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումով:
Իրերայաջորդ այս ցնցումներու մարդկային, նիւթական եւ հոգեբարոյական վնասներէն ու ժխտական ազդեցութիւններէն անմասն չմնաց նաեւ Համազգայինը: Տնտեսական տագնապի առաջին օրէն, զգալի նուազում կրեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եկամուտը. վարչութիւնը ստիպուեցաւ վերադասաւորել իր պիւտճէն: Իսկ իր հիմնական կառոյցներու գոյատեւումը ապահովելու համար կազմակերպեց դրամահաւաքներ, որոնք միայն մասամբ յաջողեցան թեթեւցնել Համազգայինի նիւթական բեռը, երբ վրայ հասաւ մերօրեայ արցախեան պատերազմը, որ ցաւալի նոր իրականութիւն պարտադրելով՝ մեր բոլորին նիւթական կարողականութիւնը դէպի հայրենիք, հայոց բանակ եւ ժողովուրդ ուղղելու նոր հրամայականի դէմ յանդիման դրաւ հայութիւնը:
Վերոնշեալ պայմաններուն մէջ, մեր աշխատանքներու շարունակութեան համար ակնկալուած անհրաժեշտ աղբիւրները կարելի չեղաւ ապահովել. Հետեւաբար, կրճատումները դարձան անխուսափելի եւ անմիջականօրէն գործադրելի:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը ստիպուեցաւ կրճատել իր ամէնէն արդիական ծրագիրներէն նկատուող եւ սփիւռքահայ երիտասարդութեան հայկական ինքնութիւնը ամրապնդող նախաձեռնութիւնը՝ համացանցային հարթակի Հ-Բեմի գործունէութիւնը, որ շուրջ երկու տասնեակ ամիսներէ ի վեր կրցած էր ինքնուրոյն ներկայութիւն ըլլալ անգլիախօս երիտասարդութեան մօտ:
Առ այդ, հարթակի սիրելի բարեկամներուն կը տեղեկացնենք, որ Համազգայինի համացանցային հարթակի Հ-Բեմի գործունէութեան շարունակականութիւնը ապահովելու համար, ներկայիս որդեգրուած է աւելի ամփոփ տարբերակ մը: Յուսալով, որ այս աշխատանքներու կրճատումը ունենայ ժամանակաւոր բնոյթ: Մինչ այդ կարելի է միշտ այցելել մշակութային հարուստ բովանդակութեամբ Հ-Բեմի կայքը կամ հետեւիլ անոր ընկերային ցանցերուն:
Website: www.h-pem.com
Instagram: @hpemonline
Facebook: facebook.com/hpemonline
Twitter: @hpemonline
LinkedIn: https://www.linkedin.com/company/h-pem/
YouTube: https://www.youtube.com/watch?v=9BZ9uWCg8TU
Donate to h-pem: https://donorbox.org/h-pem
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ