Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Վերաբացուեցան Արցախի ՀՕՄի «Սօսէ» Մանկապարտէզները 

$
0
0

1219ARS2

Արցախի պատերազմին հետեւանքով մօտաւորապէս երեք ամիս ընդհատումէ ետք, 14 Դեկտեմբեր 2020ին Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Ստեփանակերտի, Խնձրիստանի եւ Ակնաբերդի «Սօսէ» մանկապարտէզներու դասաւանդութիւնը վերսկսաւ: Ընդհանուր 77 աշակերտներ վերադարձան իրենց սիրելի դպրոցը, ուր միացան իրենց ընկերներուն եւ դաստիարակներուն: Իսկ, Աշանի մանկապարտէզը իր դռները պիտի բանայ, երբ շրջանի ելեկտրականութեան հարցը լուծուի եւ ապահովուին կառոյցին ջերմութիւնը եւ ելեկտրականութիւնը:

Հանգրուան առ հանգրուան Արցախ վերադարձող ընտանիքներուն թիւին հիման վրայ, կ՛ակնկալուի նաեւ մանկապարտէզներուն մէջ աշակերտութեան թիւի աճ:

Աղետալի այս պատերազմի դէպքերէն ետք, աշխատանքի վերադառնալը դիւրին չէր դաստիարակներուն համար, որոնց կորուստի ցաւը տակաւին թարմ է իրենց սիրտերուն մէջ: Սակայն, երեխաներուն հոգեկան հանգստութիւնը առաջնահերթ դասելով՝ անոնք պատրաստ են իրենց գուրգուրանքով, թէկուզ մասամբ, նուազեցնել մատղաշ սերունդին ապրած ցաւը եւ սարսափը:

1219ARS1

Ամանորի այս օրերուն, մեր բոլոր բալիկներուն կը մաղթենք խաղաղ եւ երջանիկ դպրոցական տարեշրջանի շարունակութիւն:

Հայ Օգնութեան Միութիւնը «Ամանոր» ծրագիրին ընդմէջէն, այս տարի «Սօսէ» մանկապարտէզներու աշակերտութեան կողքին, կաղանդի առթիւ նուէրներ պիտի բաժնէ նաեւ տեղահան եղած Արցախցի մանուկներուն:

ՀՕՄի «Սօսէ» մանկապարտէզներու ցանցը սկսած է 1998 թուականին Ստեփանակերտի մէջ: Շուրջ երկու տասնամեակներ ետք, Արցախի տարածքին մէջ ՀՕՄի մանկապարտէզներու ցանցը տարածուելով Արցախի այլ շրջաններ՝ հասաւ տասներկուքի, որոնցմէ չորսը յետագային յանձնուեցան Արցախի պետութեան: Մինչեւ պատերազմին աւարտը, ՀՕՄը կը վարէր ութ մանկապարտէզներ, ուր մօտաւորապէս 400 մանուկներ կը ստանային մտային զարգացում եւ ընկերային, բարոյական ֆիզիքական եւ գեղարուեստական կրթութիւն:

9 Նոյեմբեր 2020ի տխրահռչակ յայտարարութեամբ, Մեծ Թաղեր, Տող, Շուշի եւ Քարեգահ շրջաններու «Սօսէ» մանկապարտէզները անցան Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ:

Հայ Օգնութեան Միութիւնը, հոգալով պատերազմի հետեւանքով տեղահան եղած մանկապարտէզներու պաշտօնէութեան՝ անոնց յատկացուց նիւթական օժանդակութիւն:

Այսօր ՀՕՄը կը շարունակէ մօտէն հետեւիլ Արցախի իրավիճակին եւ Արցախի ու Հայաստանի ՀՕՄի միաւորներուն գործակցութեամբ, իր առաքելութիւնը կը շարունակէ՝ օժանդակութիւն տրամադրելով տեղահանուած ընտանիքներուն եւ զոհուած զինուորներուն զաւակներուն:

Օժանդակութեան աշխատանքներուն նպատակով նուիրատուութիւններու համար այցելել https://ars1910.org/withartsakh/ կայքէջը:

1219ARS41910ին հիմնուած Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ) 27 երկիրներու մէջ գործող մասնաճիւղերով, ոչ-յարանուանական, մարդասիրական միութիւն մըն է, որ համաշխարհային տարողութեամբ կը ծառայէ եւ կը սատարէ դաստիարակչական ծրագիրներու, առողջապահական, բարեգործական անմիջական օգնութիւն կը ցուցաբերէ հայ համայնքներուն եւ նեցուկ կը կանգնի կնոջական իրաւունքներու պաշտպանութեան, բարելաւման ու տարածման ի խնդիր տարուող աշխատանքներու:

Մամլոյ հաղորդագրութիւններու եւ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել ՀՕՄի մայր կայքէջը՝ http://www.ars1910.org/ եւ դիմատետրի էջը`- (@ars1910):

Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ՀՕՄի աշխատանքներուն մասին հարցազրոյցներու համար դիմել

Նելլի Նարկիզեանին՝ secretary@ars1910.org, (617) 926-5892 (Կեդրոնական գրասենեակ)։

1219ARS3

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles