Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Երբ Երաժշտութեան Սկզբնաղբիւրները Ներշնչման Աղբիւր Են…

$
0
0

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Դասական եւ ժողովրդային երգն ու երաժշտութիւնը ո՛չ միայն հաճելի ունկնդրութիւն կը շնորհեն լայն զանգուածներու, այլ նաեւ ներշնչման աղբիւր են իրերայաջորդ սերունդներու՝ երաժիշտ, երգահան թէ երգիչ։ Սա առանձնայատուկ պարագայ չէ այս կամ այն ժողովուրդի համար, այլ տարբեր ժողովուրդներու ծնունդ՝ իրերայաջորդ սերունդներ մուտք կը գործեն այս ոլորտէն ներս, երիտասարդ արուեստագէտներ նոր թռիչք, այժմէական «լեզու» կը ներարկեն հին տաղերու եւ մեղեդիներու, ստեղծելով իւրայատուկ դրօշարշաւ մը, որ երաժշտական արուեստը կրնայ տանիլ դէպի նոր բարձունքներ, նոր հորիզոններ, առանց անշուշտ նսեմացնելու սկզբնաղբիւրը, որ կրնայ ըլլալ երգահան մը, կամ նոյնինքն՝ ժողովուրդը։
Նորութիւն չէ, որ Պախի նման հսկաներու թողած ժառանգութիւնը չէ մնացած լոկ դասականին մատուցման ծիրին մէջ, որքան ալ որ անպարագիծ, անհուն ու անգերազանցելի ըլլայ անիկա. տարբեր յօրինողներ, ներշնչուելով նման հսկաներէ, աւելի արդի՝ նոր ժամանակներու ներդաշնակուող յօրինումներ կատարած են, հիմ ունենալով սկզբնաղբիւրը, ճազային կամ «հարտ-ռոք»եան մեկնաբանութիւններ հրամցնելով արուեստասէրին։ Յիշատակենք գոնէ երկու օրինակ. ֆրանսացի արուեստագէտ Ժաք Լուսիէրի ճազային ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ հռչակաւոր «Սքայ» նուագախումբին «հարտ-ռոք»եան մատուցումը։ Նման յօրինումներ գոնէ երկու կարեւոր իրագործումի կը հասնին. նախ՝ դասականը չի մնար անցեալին մէջ, այլ կը դառնայ ժամանակակից, կը գտնէ նոր արտայայտչաձեւ, յետոյ նաեւ առիթ կ՛ունենայ նոր տարածում գտնելու նոր սերունդներու մօտ, զանոնք առաջնորդելով սկզբնաղբիւրին, իսկ ստեղծագործողին տալով անմահութեան տարբեր երանգ մը։
Բարեբախտաբար հայկական երաժշտական աշխարհը եւս քայլ պահած է այս գիծին հետ. եթէ աչքի առջեւ ունենանք վերջին 40-50 տարիներու ժամանակաշրջանը, հոն կարելի է տեսնել տողանցք մը երիտասարդ երգահաններու, երաժիշտներու եւ երգիչներու, սկսելով Առնօ Պապաճանեանէն ու Կոստանդին Օրբէլեանէն, մինչեւ Արա Գէորգեան, Տաթեւիկ եւ ուրիշներ, որոնք հայկական երաժշտութեան անցեալի գանձարանը պեղելու կողքին, անկէ քաղուած գոհարներ մատուցած են ու կը մատուցեն նոր մեկնաբանութիւններով, իրենց կողմէ հաճելի յաւելումով ու համապատասխան պատշաճեցումներով, օգտուելով ճազ ժանրին ընձեռած՝ ազատ մեկնաբանութեան՝ «իմփրովիզէյշըն»ի հնարաւորութիւններէն։ Այս բոլորը կատարուած են ի նպաստ հայկական դասական ու ժողովրդային երաժշտութեան նորացման, արդիականացման ու ժամանակակից դառնալուն։
Ինչո՞ւ ըրինք այս խորհրդածութիւնները։
Դրդապատճառը՝ երիտասարդ արուեստագէտի մը այս ծիրին մէջ կատարած նորարարութիւնն է, որ արդէն թարգմանութիւն գտած է երկու խտասալիկներով։ Արուեստագէտը կը կոչուի Արա Սարգիսեան, իսկ իր խումբը՝ «Մուսաներ», որուն անունով կոչուած է առաջին խտասալիկը, լոյս տեսած՝ 2009ին, իսկ 2012ին, «Մուսաներ»ը հրապարակ հանած է երկրորդ խտասալիկ մը՝ «Կար ու Չկար»։
Քանի մը խօսք արուեստագէտին մասին, որ բաւական ծանօթ անուն է Միացեալ Նահանգներու հիւսիս-արեւելեան շրջանին՝ Պոսթընի ու Նիւ Եորքի հայկական եւ ոչ հայկական շրջանակներու մէջ, նաեւ առիթ ունեցած է ներկայանալու հայրենի երաժշտական աշխարհին, գործակցելով Արթիւր Մեսճեանի հետ։ Կիպրոս ծնած ու պատանութիւնը Լիբանանի տագնապին մէջ բոլորած Արան 1989ին տեղափոխուած է Պոսթըն, ուր հետեւած է երաժշտական բարձր ուսումի, ունեցած է մենահամերգներ ու մասնակցած է խմբային մատուցումներու, յարած է յօրինումի։
Զոյգ խտասալիկները ունկնդիրին անմիջապէս պիտի թելադրեն երկու գլխաւոր գիծ. նախ այն, որ արուեստագէտը լաւապէս լողացած է Կոմիտասի, Թաթուլ Ալթունեանի ու մեր ժողովրդային երգի ծովերուն մէջ, ու անոնցմէ ներշնչուելով, նոր շունչ տուած է շարք մը մեղեդիներու, երկրորդ՝ նախընտրած է ճազային արտայայտչաձեւը։
Անախորժ աղմուկէ, խժալուր երաժշտութենէ հեռու է այս երիտասարդին աշխարհը։ Առաջին իսկ լարերը ունկնդիրին կը թելադրեն ներգրաւուիլ այս աշխարհին մէջ եւ կտոր առ կտոր պտոյտներ կատարել յօրինումներու բարձունքներուն ու դաշտերուն մէջ։ Հիմնականին մէջ, խումբը կը բաղկանայ տասը երաժիշտներէ, սակայն երկրորդ խտասլիկը մարմնաւորած են տասնմէկ երաժիշտներ։
Երբ արուեստագէտին ներշնչման աղբիւրը մեր կարգ մը հսկաներն են ու մեր ժողովրդային երգի գանձարանը, բնականաբար ան կը դիմէ մատուցման այն միջոցներուն, որոնք պիտի միաձուլեն հայկականն ու արեւմտեանը. այլ խօսքով, հայկական մեղեդիներու հիմամբ ստեղծագործումները թարգմանելու համար, կ՛օգտագործուին հայկական եւ արեւմտեան գործիքներ. հայկական փչողականներուն՝ տուտուկի, շուիի կողքին, կը հնչեն քլարինէթն ու սաքսոֆոնը, հաճելի խաղերով միջամտութիւններ կը կատարէ ձեռնադաշնակը, եւ այս բոլորին կ՛ընկերանան դաշնակը, հարուածային գործիքներ եւ «խորք» տուող՝ թաւջութակը։
Իբրեւ «հում նիւթ», օգտագործուած են «Կաքաւիկ»ը, «Հոյ Նազանի եարը», «Սիրեցի, եարս տարան»ը, «Անձրեւ եկաւ շաղալէն»ն ու գաւառական-ֆոլքլորիք կտորներ. անոնք անցած են Արայի նորարարութեան պրիսմակէն ու հաճելի, ներգրաւող ունկնդրութիւն կը պարգեւեն երաժշտասէրին, մանաւանդ եթէ ան հակամէտ է տարատեսակ արտայայտչաձեւերով ներգրաւուելու։ Կան նաեւ ինքնեկ յօրինումներ, որոնք միշտ ջուր կը խմեն յիշեալ աղբիւրներէն։
Երաժշտական որեւէ ստեղծագործութիւն կամ յօրինում բնականաբար լաւագոյնս կ՛ընկալուի ուղղակի ունկնդրութեամբ, եւ ո՛չ թէ այս սիւնակով ներկայացող բառերով. խտասալիկը միջոց մըն է միայն. աւելի հաղորդականը, անկասկած, պիտի ըլլայ «Մուսաներ»ը տեսնել մեր բեմերուն վրայ։ Ցանկալի է, որ Արայի նման արուստագէտներ առիթ ունենան ուղղակի հաղորդակցութիւն ստեղծելու մեր երիտասարդութեան ու երաժշտասէր հանրութեան հետ, մեր տարբեր գաղութներուն մէջ։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles