Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Ինչո՞ւ Յոգնիլ…

$
0
0

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ

ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Ծուլութեան եւ ճարպիկութեան սահմանները իրարու հետ շփոթուած են ներկայիս, մանաւանդ երբ բազմազբաղ ընկերութեան մէջ ամէն մարդ կը բողոքէ ժամանակի պակասէն: «Ժամանակ չունիմ», «գործերուս չեմ հասնիր», «գործը շատ, ժամանակը քի»չ, ու նման բազմաթիւ արտայայտութիւններ բարացուցական են ներկայ կեանքի այնքան խճողուած իրականութեան:
Կեանքի փիլիսոփայութիւնը իր հեղինակաւոր խօսքը միշտ կը կրկնէ ըսելով, թէ մարդ պէտք է աշխատի՝ ուտելու համար: Ասիկա ճշմարտութիւն ըլլալով հանդերձ, մարդիկ միշտ կը փորձեն փախուստի միջոցներ գտնել: Ոմանց պարագային աշխատանքը ամբողջովին անտեսելու ձգտում չկայ, այլ՝ պարզապէս ծանր աշխատանքէ խուսափում: Առողջական կամ տարիքային տարբեր պատճառներով, մարդիկ յաճախ «թեթեւ» գործեր կը փնտռեն, սակայն ատոր դիմաց չեն հրաժարիր մեծ գումար, կամ լաւ ապրուստ եւս ապահովելու համար բաւարար գումար պահանջելէ:
Կեանքը ապրիլը եթէ իրաւունքն է իւրաքանչիւր մարդու, ուրեմն ապրելու համար ալ բաւարար եկամուտ ունենալը դարձեա՛լ իրաւունքն է անոր: Շռայլութեան, զեղխութեան ու չափազանցումներու տարբեր աստիճաններ երբեք սահման չեն ունեցած, եւ իւրաքանչիւր մարդ իր հասկցած ձեւով մեկնաբանած է զանոնք: Ոմանց համար շռայլութիւն չէ՛ օրինակ թանկարժէք ինքնաշարժը, երբ ատոր փոխարէն պիտի վայելէ հանգստաւէտութիւն կամ ապահովութիւն: Ուրիշին համար ատիկա արդէն զեղխութիւն է կամ չափազանցութիւն: Տակաւին, ոմանց համար շռայլութիւն, հպարտութիւն ու ամբարտաւանութիւն իրարու միաձուլուած վիճակ կը պարզեն: Մինչդեռ կարելի է զանոնք իրարմէ զատորոշել, փոքր սահմանագծումներ դնելով անոնց միջեւ:
Դարձեալ, տեսնուած շռայլութիւնը գնահատելու եւ շռայլին կատարածը արդարացի գտնելով անոր իրաւունքը պաշտպանելու համար, ոմանք անոր տքնաջան աշխատանքը ցոյց կու տան: Այսինքն՝ եթէ տքնաջան աշխատանք կը տանի, թող որ վայելէ իր աշխատանքին արդիւնքը: Այստեղ անոնք օրինակ կու տան նաեւ կծծի կամ ագահ մարդոց պարագան, որոնք ամբողջ կեանքի ընթացքին հեւ ի հեւ կ՛աշխատին, սակայն միայն ամբարելու համար, ու կը մեռնին կ՛երթան առանց վայելելու իրենց արդար աշխատանքին արդիւնքը: Այդպիսիներու համար կ՛ըսեն. «Աղքատ ապրեցաւ, սակայն հարուստ մեռաւ…»: Արդար աշխատանքին արդիւնքը վայելելու երեւոյթը պէտք չէ՛ անպայման շռայլութիւն որակել: Երբ եկամուտէդ աւելի կը ծախսես ու անհաշիւ սպառումներ կը կատարես, այն ատեն անիմաստ շռայլութիւն կարելի՛ է որակել ապրելակերպդ: Սակայն երբ շահիդ համապատասխան ու տեղին ծախսեր կը կատարես՝ ամբողջական իրաւունքդ առած կ՛ըլլաս այս կեանքէն, ուր արժանապատիւ ապրիլդ արդար բաժինդ է:
Խարդախութեան նշոյլ երբ յայտնուի սակայն ոեւէ մարդու գործին մէջ, ամէն իրաւունքէ կը զրկէ զայն, ինչքան ալ «տքնաջան» աշխատանք կատարած ըլլայ, այսինքն՝ ժամանակ տրամադրած ըլլայ իր կեանքէն, տուեալ գործը իրականացնելու համար: Ինչքա՜ն զգոյշ ըլլալու է մարդ, որ միշտ արդար վաստակով ապրի իր կեանքը, այլապէս ո՛չ մարդիկ, ո՛չ ալ Աստուած կը ներեն անոր: Խարդախութեան համար չկա՛յ գնահատանք: Նոյնիսկ երբ ժամանակաւորապէս ոմանք գնահատուին, ատիկա կրնայ կեղծ կամ շահի վրայ հիմնուած գնահատանք ըլլալ, զոր դարձեալ խարդախութեամբ մարդիկ կը շնորհեն ու կը շռայլեն խարդախ մարդուն…
Ընկերային կեանքը լեցուն է խարդախ ու ճարպիկ մարդոցմով: Սակայն պէտք չէ՛ խարդախութիւնը ճարպիկութեան հետ շփոթել: Ոմանք գործի ասպարէզին մէջ իրենց կիրարկած ճարպիկութիւնը արդարացի կը նկատեն, զայն վերագրելով իրենց արթուն մտքին ու տրամաբանութեան: Սակայն կեանքի մէջ կայ արդարութիւն ըսուած իրականութիւնը, որ «կը հիւանդանայ, սակայն բնաւ չի՛ մեռնիր», ինչպէս կ՛ըսէ առածը:
Կեանքի մէջ իրարու թակարդ լարելով, միւսը անոր մէջ ձգելու երեւոյթները անհաշիւ են: Սա ո՛չ միայն գործի ասպարէզին, այլ նաեւ ընկերային կեանքի այլ բնագաւառներուն մէջ: Համոզիչ լեզու, խոստումներ, հասարակաց շահեր, ցանկալի վայելքներ ու առանց յոգնութեան կեանք՝ «գործիք»ներ են այդ թակարդը պատրաստելու համար: Ոմանք այնքան առատութեամբ «կը ցանեն» նման թակարդներ մարդոց դիմաց, որ եթէ մէկուն մէջ չբռնուի անոր ոտքը, միւսին մէջ անպայմա՛ն կը բռնուի…
Տան մուկը բռնելու առականման կերպը մինչեւ այսօր հաճոյքով կ՛ունկնդրուի նոյնիսկ ամէնէն համոզիչ լեզու գործածողներու կողմէ:
Կ՛ըսուի թէ, մէկը երկար տարիներ չյաջողեցաւ իր տան մուկը բռնել, հակառակ անոր, որ կատու ալ բերաւ այդ նպատակը յաջողցնելու համար: Անցան տարիներ, սակայն մուկը ամէն անգամ մեծ ճարպիկութեամբ կը յաջողէր փախչիլ: Այնքան ժամանակ անցաւ, որ զայն բռնելու համար տուն բերուած կատուն ալ ծերացաւ:
Տանտէրը այլ ելք չունէր այլեւս: Ուստի, ան դիմեց ճարպիկութեան: Մուկին հետ խօսած ատեն համոզիչ լեզու գործածեց ան: Ընդհանրապէս մէկ ծակէն միւսը անցած ատեն զայն կը տեսնէին տնեցիները: Ուստի, տանտէրը խոստացաւ անոր որոշ գումար, որպէսզի դուրս գալով մէկ ծակէն, մտնէ միւս ծակը: Սակայն նախքան այդ համաձայնութեան գալը, տանտէրը կատուին ծերացած ըլլալը յիշեց համոզիչ խօսքերով: Մուկը համոզուած էր… Ձրի գումար պիտի ստանար, որով կրնար առատ պանիր ապահովել: Միւս կողմէ, բնաւ վախ չունէր կատուէն, որովհետեւ իսկապէս ծերացած էր ան: Ուստի, ամէն իմաստով շահաւոր ըլլալով, մուկը դուրս եկաւ իր մէկ թաքստոցէն, սակայն մինչեւ միւսին հասնիլը՝ բռնուած էր արդէն…
Այս կեանքին մէջ «մուկեր» ալ շա՜տ, «տանտէրներ» ալ շա՛տ: Զգուշաւորութիւնը միայն «կատու»էն պաշտպանուելու մէջ չէ՛: Այո՛, կրնայ «կատու»ին ծերացած ըլլալը որոշ ապահովութիւն տալ, սակայն այլ փորձանքներ, մանաւանդ ճարպիկ, խաբեբայ ու խորամանկ նկատուած մարդոց կողմէ, բնա՛ւ չեն պակսիր այս կեանքի մէջ: Մեզի շա՜տ պարզ արարք կրնայ թուիլ երբեմն մարդոց կատարած առաջարկը, սակայն ատոր հետեւանքները շա՜տ ծանր կրնան ըլլալ: Մուկին համար շատ պարզ գործ էր մէկ ծակէն ելլելն ու միւս ծակը մտնելը, որ շատ կարճ ժամանակի մէջ շօշափելի գումար պիտի դնէր իր ձեռքերուն մէջ: Սակայն իր այդ պարզ արարքը յանգեցաւ ծանր արդիւնքի, երբ իր կեանքով վճարեց իր սխալին համար:
Նիւթական հարստութեան դիմաց տկարացող, ընկճուող ու տարբեր տեսակի ծառայութիւններ ստանձնող մարդոց շա՜տ կը հանդիպինք: Անոնք ալ սակայն, օրին մէկը վերոյիշեալ մուկին նման պիտի բռնուին: Եթէ ոտքերնէն չբռնուին, գուցէ իրենց պոչէն կը բռնուին:
Կատարած գործիդ պարագային, յոգնութիւնդ միշտ օրհնութիւն սեպէ, այլապէս դիւրին եկած հարստութիւնը, նոյնքան դիւրութեամբ ալ կը հեռանայ քեզմէ: Ներկայ երիտասարդութեան մէջ նշմարուող «շատ ու շուտ» հարստութիւն դիզելէ բացի «արագ տեղ հասնելու» երեւոյթը, մուկի անխելքութեան կրնայ յանգեցնել զիրենք: «Աճապարանք»ին ընկերացող գրեթէ միակ ուղեկիցը «սխալ»ն է: Հիները ասոր նկատմամբ իրենց երկիւղը կ՛արտայայտէին ըսելով. «Աճապարանօք գործին սատանան կը խառնուի»: Աճապարանօք գործէն ունեցած իրենց վախը, կը համեմատէին սատանայէն մարդու ունենալիք վախին հետ:
Ուրեմն՝ մի՛ ըսեր «ինչո՞ւ յոգնիլ» այլ՝ համոզէ՛ դուն քեզ ըսելով. աշխատիմ, յոգնիմ ու արդարօրէն վայելեմ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles