Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Լոյս Տեսաւ Զարեհ Որբունիի «Հալածուածները» Շարքին Անդրանիկ Հատորը

$
0
0

0223vorbuni

ԵՐԵՒԱՆ․- «Յովհաննիսեան» հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ լոյս տեսաւ ֆրանսահայ գրող Զարեհ Որբունիի (Էօքսիւզեան) վէպերու ժառանգութիւնը երեք հատորով ներկայացնող նախագիծին անդրանիկ հատորը, որուն մէջ ներառնուած են հեղինակին «Հալածուածները» շարքին առաջին երեք՝ «Փորձը» (1929), «Թեկնածուն» (1967) եւ «Ասֆալթը» (1972) վէպերը: Հատորը համալրուած է Որբունիի վիպագրութեան մասին Մարկ Նշանեանի հետազօտութեամբ: Հրատարակութիւնը իրականացած է Սփիւռքի նշանաւոր մտաւորականներ՝ Գրիգոր Պըլտեանի, Մարկ Նշանեանի եւ Սիրանուշ Դվոյեանի գործակցութեամբ:

Գիրքը լոյս տեսած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութէան նիւթական աջակցութեամբ:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքէջը։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles