Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Դստիկոն

$
0
0

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

0120norayrdadourianՀորիզոնական: Չորրորդ տող: «Յարկ»: 7 գիր: Դժուար հարցում…: «Ասպարէզ» օրաթերթի շաբաթօրեայ խաչբառն է որ կը փորձեմ լուծել: Այս փոքրիկ զբաղումը գիշերային ժամերուն ընտիր եւ հազուագիւտ բառերու հանդիպելու քաղցր անակնկալը կը շնորհէ: «Յարկ»: Եօթը տառ: Ի՞նչ է արդեօք…:

Իսկապէս դժուար հարցում է անիկա, եթէ բիւզանդագէտ չէք, կամ ծանօթ չէք հայկական (կամ յունական) հին մատենագրութեան: Բարեբախտաբար, երկրորդ քառակուսիին մէջ յայտնուած է «ս» գիրը, իսկ վերջին երկու տուփիկներուն մէջ արդէն կան «ո» եւ «ն» տառերը: Անոնք կը յուշեն պատասխանը… «Դստիկոն»: Անխուսափելիօրէն կը հարցնեմ. հայ ընթերցողը վերջին անգամ ե՞րբ եւ ու՞ր հանդիպեցաւ անոր, կամ՝ ո՞վ գործածեց զայն: Մայրենիի յիշողութիւնը մեզ կը տանի դէպի այն դարերը, երբ բիւզանդական քաղաքաշինութիւնը հայկականին բառեր տրամադրելու յաւակնութիւնը ունէր:

«Դստիկոն» գոյականը ունի յունական ծագում: Կազմուած է երկու բառերէ՝ «դիս»՝ երկրորդ, եւ «ստեղի»՝ տանիք: Ուստի, անիկա կը նշանակէ «տան ծածքը, վերնայարկ, վերնատուն, երկրորդ յարկ», թատրոններու մէջ՝ երկրորդ յարկի պատշգամը: Մեր լեզուին մէջ անիկա ունեցած է ընդհանուր իմաստ՝ «տան յարկը, յարկաբաժին»:

«Դստիկոն» բառը նման է վերնատան մը: Շատ չենք գործածեր զայն (բացառութիւն է Յովհաննէս Թումանեան) ու շատ անգամ անոր մէջ կը պահենք հնութիւններ: Այս ընտիր, բառն ալ իր պատմութեան մէջ կը պարունակէ լեզուական հազուագիւտ արժէքներ: Ժամանակակից հայ հեղինակը զայն կը գործածէ, երբ կը խօսին դասական աշխարհին մասին, կամ՝ իր ստեղծագործութեան կ՛ուզէ հնադարեան բոյր մը տալ: Ահա այսպէս է «դստիկոն»ի գործածութիւնը Բագրատ Այվազեանի «Աշոտ Երկաթ» վէպին մէջ (1894, Թիֆլիս), ուր դէպքերը տեղի կ՛ունենան 10րդ դարուն: «Բզնունեաց (Վանա)… ծովը հանդարտ ծփում էր, նրա ալիքները վազում էին առաջ ու մարդու սրտի մէջ ցանում մի տեսակ վշտի ու թախծի սերմեր: Այդ ժամանակ էր, որ Հեղինէն (մէկ այլ յունական բառ, բունը՝ Էլէնի), Գագիկ արքայի դուստրը, նուրբ շղարշը գցած ուսին՝ դուրս եկաւ դստիկոն եւ նայեց դէպի ծովը, դէպի հեռւում կապոյտին տուող լեռները»: Աշոտ թագաւորէն ետք, Բզնունեաց ծովու ափերուն վրայ աշխարհ եկաւ Գրիգոր Նարեկացին: Սուրբին «Մատեան Ողբերգութեան» ստեղծագործութեան մէջ «դստիկոն» բառը նկարագրեց այն մարդիկը, որոնք բնակարաններու վերնայարկերը ապաստանած էին, որովհետեւ մահը մտած էր քաղաքը ու սկսած էր բոլորը հալածելու. «Փախուցանեն, հանեն, տարագրեն / Ի դստիկոն յարկի ապարանիցն բարձրութեան» («Մատեան Ողբերգութեան», բան ԿԹ.)

0000TSDIGON

«Դստիկոն»ը մեր լեզուի լուսանցքներուն մէջ բնակութիւն գտած հիւր մըն է: Բաւական ամօթխած՝ անիկա շատ չի խօսիր, ամէն տեղ երեւիլ չի սիրէր: Փոխանակ հետաքրքրուած ըլլալու ներկայի անցուդարձերով՝ կը նախընտրէ իր յիշատակներուն մէջ ամփոփուած մնալ: Ասոր համար է որ զայն կը տեսնենք 1985ին, Երեւանի մէջ լոյս տեսած «Դիցաբանական Բառարան»ին մէջ, ուր կարօտով կը խօսի իր անցեալէն յիշատակ յուշարձանի մը մասին եւ կը ներկայացնէ Փոքր Ասիոյ Պերգամա քաղաքին մէջ կառուցուած Զեւսի զոհարանը. «Մարմարեայ զոհարանը կառուցուել էր մ.թ.ա. 2րդ դարում: 115 մարմարէ սալերից բաղկացած մեծ ֆրիզից (սիւնագլուխներէն) պահպանուել են մինչեւ 50 աստուածների եւ նոյնքան գիգանտների (հսկաներու) քանդակներ: 20 աստիճան ունեցող սանդուղքը տանում է երկրորդ դստիկոն, որտեղ գտնւում է փոքր ֆրիզը»: Իսկ Մկրտիչ Աղաւնունին, «Հայաստանի հին վանքեր եւ եկեղեցիներ սուրբ երկրին մէ»ջ աշխատասիրութեան մէջ (Երուսաղէմ, տպ. Սրբոց Յակոբեանց, 1931) բառը գործածեց վանք մը նկարագրելու համար. «Արեւելեան պատերն ամբողջ են. կողմնակի մասերը կը մնան: Եկեղեցին, համաձայն ժամանակին իր շինութեան, կը թուի թէ իր նաւին վրայ ունէր դստիկոն մը»:

Իսկ դուք, յարգելի ընթերցող, այժմ կ՛ուզէք լսել «դստիկոն» բառի հայկական առաջին գործածութիւնը: Երկու վկայութիւններ են անոնք, որոնք պահուած են Աստուածաշունչի Գործք Առաքելոց գիրքին մէջ: Ահա այդ վկայութիւնները. «Լուացին զնա եւ եդին ի դստիկոնի անդ», «Անկաւ յերրորդ դստիկոնէն ի վայր»: Հրաչեայ Աճառեանը հաստատած է, թէ բառին փոխառութիւնը տեղի ունեցած է Ս. Գիրքի թարգմանութենէն ալ առաջ, քանզի յունական օրինակին մէջ «դստիկոն» բառին փոխարէն կան այլ բառեր:

0000TSDIGON1«Դստիկոն» բառը ունի՞ արդիական գործածութիւն: Հազիւ մէկ հատ, ան ալ «Գրականութիւն 8» դասագիրքին մէջ, իբրեւ «հայերէնի քիչ գործածուած բառ» եւ աշակերտներու ուղղուած «դժուար» հարցում: Լսեցէ՛ք ուշադրութեամբ. «Ի՞նչ է նշանակում դստիկոն»՝ Ա. Օձիք, Բ. Էժանագին զարդ, Գ. Վերնայարկ, վերնատուն, Դ. Սրբիչ: Մատիտները ձգեցէ՛ք: Ժամանակը լրացաւ: Հարցումին պատասխանն էր… «վերնատուն, վերնայարկ»:

Ընտիր գեղեցկութիւն է «դստիկոն» բառի ներկայութիւնը մեր լեզուին մէջ: Ինչպէս վերնատուն մը իր խորհրդաւոր մթութեան մէջ հետաքրքիր երեխաներուն կու տայ ընտանեկան հնութիւններ յայտնաբերելու հաճոյքը, նոյնպէս «դստիկոն» բառը ընթերցողին կ՛ուղղէ դէպի հայկական մատենագրութեան հազուագիւտ էջերը, զորս սակաւաթիւ մարդիկ կը համարձակին թերթել: Ուստի, լաւ է ժամանակ առ ժամանակ բարձրանալ երկրորդ յարկ ու կատարել նորանոր գիւտեր: Մնացէք խաղաղ՝ մինչեւ մեր յաջորդ գիւտը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles