Կազմակերպութեամբ «Արփա» հիմնարկին՝ «Զում»ի եւ «Ֆէյսպուք»ի միջոցաւ տեղի պիտի ունենայ առցանց քննարկում մը Շաբաթ, 12 Յունիսին, առաւօտեան ժամը 11էն սկսեալ (Լոս Անճելըսի ժամով), որ նուիրուած է Խորհրդային Միութեան նախագահի պաշտօնին հասած Անասթաս Միկոյեանի դերկատարութեան:
Քննարկումը պիտի առաջնորդէ պատմաբան Փիէթրօ Շաքարեան։
Քննարկումին մասնակցելու համար այցելել«Զում»ի կայքը (Meeting ID: 538 832 2794 Password: 381750) կամ «Ֆէյսպուք»ի կայքը:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել դոկտ. Յակոբ Փանոսեանին՝ հեռաձայնելով (818) 453-0618 թիւին կամ գրելով info@ARPAInstitute.org հասցէին: