Համազգայինի Սան Ֆրանսիսքոյի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղը Կիրակի, 2 Մայիսին, կազմակերպեց առցանց «Ուսուցիչներու Գնահատանքի Օր» մը։ Օրուան հիւրերն էին՝ Ուոթըրթաունի Ս.Ստեփանոս նախակրթարանի տնօրէնուհի Հուրի Պոյամեան, Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական (ԳԶՎ) վարժարանի տնօրէնուհի Կրէյս Անտոնեան եւ Թորոնթոյի ՀՕՄի Ազգային վարժարանի հայոց լեզուի պատասխանատու ուսուցչուհի Յասմիկ Պապեան ։ Հարցազրոյցը վարեց Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի ատենապետուհի Լենա Մանուկեան։
Խօսակցութեան սկիզբը ի յայտ եկաւ, որ երկու տնօրէնուհիներն ալ իրենց համալսարանական ուսման տարիներուն գիտական ճիւղի հետեւած էին։ Երկուքն ալ Նշան Փալանճեան Ճեմարանի շրջանաւարտներ են։ Պոյամեան վկայեալ է «Սէն Ժոզէֆ» համալսարանէն՝ իբրեւ դեղագործ, իսկ Անտոնեան Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն ստացած է Պսակաւոր գիտութեան վկայական՝ քիմիագիտութեան ճիւղին մէջ։
Զուգադիպութեամբ՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով, երկուքն ալ Միացեալ Նահանգներ գաղթած են 1980ական թուականներուն: Պապեան շրջանաւարտ է Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Ազգային վարժարանէն. իր հայագիտական ուսումը ստացած է «Սէն Ժոզէֆ» համալսարանին նոյն, նոյն ժամանակամիջոցին դասաւանդելով Հռիփսիմեանց վարժարանին մէջ։
Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէ ետք, Պոյամեան իր դեղագործի վկայականը վաւերացնել կու տայ եւ կը սկսի աշխատիլ իբրեւ դեղագործ։ Երեք ամիս ետք հրաւէր կը ստանայ նորաբաց Ս. Ստեփանոս նախակրթարանի խնամակալութենէն՝ վարժարանի տնօրէնութիւնը ստանձնելու։ Որոշումը դժուար էր, սակայն ան կ՛ընդունի այդ պաշտօնը, նկատի ունենալով, որ որակաւոր տնօրէններու պակասը զգալի էր հայկական դպրոցներու մէջ։ Այս առաջարկը ընդունելէ ետք, ան համալսարան կ՛արձանագրուի, կը հետեւի մանկավարժութեան ճիւղին եւ երկու տարիէն կը ստանայ Մագիստրոսի վկայականը։ ՄԱյդ միջոցին ան կը պաշտօնավարէ եւ զաւակները կը մեծցնէ։ Ան երեսուներեք տարիներէ ի վեր կը շարունակէ իր սրբազան առաքելութիւնը։
Անտոնեան Պէյրութէն Լոս Անճելըս հասած է 1986ին։ Ան Մեսրոպեան վարժարանին մէջ վեց տարի պաշտօնավարած է՝ իբրեւ գիտութեան ուսուցչուհի ապա փոխադրուած է Սան Ֆրանսիսքօ։ Անտոնեան թուաբանութիւն եւ գիտութիւն դասաւանդած է ԳԶՎ Ազգային վարժարանին մէջ։ Վերջին տասնմէկ տարիներուն կը վարէ դպրոցի տնօրէնի պաշտօնը։
Պապեան Գանատա գաղթած է 1984ին։ Ան ՀՕՄի Թորոնթոյի վարժարանի հայերէնի պատասխանատու ուսուցչուհին է եւ մինչեւ այսօր կը շարունակէ իր նուիրեալ աշխատանքը։
Հարց տրուեցաւ,թէ ի՛նչ մեթոտներ կարելի է կիրարկել հայերէն դասաւանդելու, երբ դասարանին մէջ կան տարբեր մակարդակ ունեցող աշակերտներ։ Երեք հիւրերն ալ հաստատեցին, թէ հայախօս ընտանիքներէ եկող աշակերտներու թիւը հետզհետէ կը նուազի. հետեւաբար, իրենց ունեցած հին աղբիւրները դադրած են հետաքրքրական ըլլալէ աշակերտներուն համար: Հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչները այլ աղբիւրներ, մանաւանդ՝ լսատեսողական աղբիւրներ ձեռք պէտք է բերեն՝ իրենց դասերը արդիւնաւէտ դարձնելու համար։ Անոնք կրնան խմբային դրութեամբ օգնել տարբեր մակարդակի ունեցող իրենց աշակերտներուն: Այս պարագային՝ փոքր դասարանները ունին իրենց առաւելութիւնները։ Հայերէնի ուսուցիչը մեծ աշխատանք պէտք է տանի դասի պատրաստութեան, ինչպէս նաեւ՝ դասարանի կառավարման համար։ Երեք հիւրերն ալ ընդունեցին, որ հայոց լեզուի դասատուները ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն, կը փորձեն իրենց լաւագոյնը տալ, որպէսզի հայ աշակերտը ազգային շունչով եւ գիտակցութեամբ մեծնայ։
Պապեանի համաձայն՝ օտար ափերու վրայ հասակ նետած հայ աշակերտին հայերէն սորվեցնելը դժուար է, որովհետեւ դպրոցէն դուրս հայեցի մթնոլորտի պակասը կը զգացուի։ Ինչպէ՞ս պիտի կարենանք մեր ոսկեղինիկ լեզուն կենդանի պահել, երբ հեռու ենք մեր հայրենիքէն։
Անդրադառնալով դասագիրքերու հարցին՝ Պոյամեան նշեց, որ անհրաժեշտ է գէթ հինգ տարին անգամ մը զանոնք վերատեսութեան ենթարկել։ Պապեան աւելցուց, թէ իրենց վարժարանին մէջ գործածուած դասագրքերը տասնհինգ տարիէ ի վեր չեն փոխուած։ Պոյամեան դիտել տուաւ, որ այդ դասագիրքերու վերատեսութեան ընթացքին, զանոնք գործածող ուսուցիչներուն ներդրումը կենսական պիտի ըլլայ: Ճիշդ է, որ այս աշխատանքը նիւթական հսկայական ներդրումի եւ փորձառութեան կը կարօտի, սակայն էական է՝ մեր աշակերտներուն ապագային, մեր լեզուին եւ մեր գաղութներուն համար։
Հարց տրուեցաւ, թէ դասաւանդութիւնը արեւմտահայերէնո՞վ թէ արեւելահայերէնով պէտք է կատարել։ Մեր երեք հիւրերն ալ շեշտեցին, որ հայ աշակերտը պէտք է ծանօթանայ հայերէնի երկու ճիւղերուն, որպէսզի կարենայ գնահատել բոլոր գրական գործերը՝ անխտիր, ըլլան անոնք արեւելահայերէն թէ արեւմտահայերէն։ Անոնք կրնան արտայայտուիլ իրենց նախընտրած լեզուական ճիւղով, սակայն պէտք է գրեն դասական, մեսրոպեան ուղղագրութեամբ։ Պոյամեան շեշտեց արեւմտահայերէնի կարեւորութիւնը, նկատի ունենալով որ UNESCO-ն զայն դասած է վտանգուած լեզուներու շարքին։ Սփիւռքի մէջ մեծ պատասխանատուութիւն ունինք արեւմտահայերէնը պահելու եւ զարգացնելու, նշեց ան։
Այն հարցումին, թէ ի՛նչ ձախողութիւններ եւ յաջողութիւններ արձանագրած են իրենց ասպարէզին մէջ՝ Անտոնեան շեշտեց, որ իր յաջողութեան բանալին եղած է մէկ բառ՝ «զոհողութիւն»։ Նոյնը կարելի է ըսել հայերէնի ուսուցիչներուն համար։ Անոնք անդադար կը պայքարին, որ իրենց աշակերտները սիրեն իրենց մայրենին եւ մշակոյթը։ Պոյամեան արձագանգեց Անտոնեանի կարծիքին եւ ընդգծեց, որ պէտք է քայլ պահել արդի մանկավարժական մեթոտներու հետ։ Այդ մօտեցումը եղած է իր յաջողութեան բանալին իր տնօրէնութեան ընթացքին:
«Ի՞նչ պէտք է ընել հայերէնի դասաւանդութիւնը հրապուրիչ դարձնելու համար» հարցումը քննարկելով՝ Պոյամեան եւ Անտոնեան հաստատեցին, որ հայերէնի դասատուները անհրաժեշտ են հայ դպրոցներուն համար։ Հայ դպրոցը կորիզն է հայկական Սփիւռքին։ Պոյամեան իր ուսուցիչները կը քաջալերէ մասնակցիլ մանկավարժական գիտաժողովներու, նոր աղբիւրներ, որոշ չափով գումարներ կը տրամադրէ անոնց՝ դասարանային պէտքերը հոգալու։ Սակայն, այս բոլորը բաւարար չեն իր գնահատանքը ցոյց տալու հայ ուսուցիչին։
Պապեան շեշտեց, որ եթէ կ՛ուզենք որակաւոր ուսուցիչներով օժտել մեր դպրոցները, պէտք է մտածենք հայ ուսուցիչը լաւապէս վարձատրելու եւ անոր արժանավայել կեանք մը ապրելու միջոցներ ստեղծելու մասին: Ըստ Պոյամեանի՝ յաջող ուսուցիչը ա՛ն է, որ ուսուցչութիւնը իբրեւ ասպարէզ կ՛ընտրէ, որովհետեւ կը սիրէ։ Ապագայի ուսուցիչները պէտք է մանկավարժութիւնը ընտրեն իբրեւ համալսարանական ճիւղ եւ լայն ծանօթութիւն ունենան հայերէնի, գրականութեան եւ պատմութեան։ Պէտք է յաճախեն այն համալսարանները, որոնք հայկական ամպիոն ունին կամ՝ հայագիտական հիմնարկներ, ինչպէս՝ Պէյրութի Ճեմարանի հայագիտական բաժանմունքը կամ՝ Հայաստանի պետական համալսարանը։ Հայերէնի ապագայ ուսուցիչները մեր վարժարաններու աշակերտներէն պիտի ըլլան, հետեւաբար, այսօրուան հայոց լեզուի ուսուցիչները պէտք է քաջալերեն իրենց փայլուն աշակերտները, ապագային հայոց լեզուի ուսուցիչ դառնալու։ Նիւթական օժանդակութիւն պէտք է յատկացնել այդ աշակերտներուն։
«Որո՞նք են ամէնօրեայ հայկական վարժարան յաճախելու առաւելութիւնները» հարցումին պատասխանելով՝ Անտոնեան ընդգծեց, որ հայ դպրոցը սէր, գուրգուրանք, ջերմութիւն եւ ապահով միջավայր կու տայ աշակերտներուն։ Անոնք կը սորվին իրենց լեզուն,պատմութիւնը եւ մշակոյթը. կը ճանչնան իրենց ինքնութիւնը։ Պոյամեան աւելցուց, որ երկլեզուութիւնը զիրենք կը դարձնէ ինքնավստահ եւ անոնք՝ հայ դպրոցին մէջ ստացած հայեցի դաստիարակութեան շնորհիւ, ապագային տէր կ՛ըլլան իրենց ազգին եւ հայրենիքին:
6 Յունիս 2021
(Թղթակցութիւնը՝ Համազգայինի Սան Ֆրանսիսքոյի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղէն)