Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

«Մաշտոց» Քոլեճի Ամավերջի Հանդէսը

$
0
0
Հայագիտութեան Պսակաւոր արուեստից վկայականին արժանացած Սոնա Յարութիւնեանը դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի, դոկտ. Վարուժան Կապուչեանի եւ դոկտ. Օննիկ Հայրապետեանի հետ Ուսուցչական եւ Հայագիտութեան բաժանմունքներու շրջանաւարտները

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Մաշտոց» քոլեճի 21րդ ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Յունիս 16ին, համալսարանի համալիրէն ներս, մասնակցութեամբ համայնքային ու քաղաքային ղեկավարներու, ուսուցիչներու, բարերարներու, ընտանիքներու եւ բարեկամներու:
2013ի շրջանաւարտներէն Թեհմինա Անտոնեան կատարեց բացման աղօթքը, իսկ Գայիանէ Կարապետեան Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները նուագեց դաշնակի վրայ:
Համալսարանի նախագահ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանն էր հանդիսավարը: Ան ներկայացուց պատուոյ հիւրերը, հոգաբարձութեան անդամները եւ ուսուցչական կազմը, որմէ ետք ան խօսեցաւ հայ գաղութն ու հայկական ժառանգութիւնը պահպանելու եւ զօրացնելու աշխատանքին մէջ սոյն համալսարանին ունեցած կենսական դերակատարութեան մասին:
Երաժշտական ելոյթներ ունեցան փոքրիկներ Անտրէ եւ Վերա Կարապետեանները, ապա՝ Լեւոն Պապիկեան, Անի Պաղտասարեան եւ Կարինէ Դաւիթեան:
Ուսուցչական կազմին անունով ելոյթ ունենալով՝ Հայագիտութեան բաժանմունքի ատենապետ դոկտ. Օննիկ Հայրապետեան շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ կոչ ըրաւ համայնքին, որ շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Միացեալ Նահանգներէն ներս գործող բարձրագոյն ուսման հայկական այս միակ համալսարանին:
Իր կարգին, դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան յայտարարեց, թէ քոլեճին իրագործումները ամէնէն լաւատես ակնկալիքներէն իսկ աւելի եղած են՝ աւելցնելով, որ աշխատանքը կը շարունակուի նորոգուած խանդավառութեամբ եւ վստահութեամբ:
Ապա, հոգաբարձութեան անդամները միացան դոկտ. Տէր Եղիայեանին, օգնելու համար վկայականներու բաշխման: Այս տարի շրջանաւարտ եղան 62 ուսանողներ:
Շրջանաւարտներուն անունով ելոյթ ունեցաւ Անի Մարսէլեան, որ Հալէպէն փորձառու ուսուցչուհի մըն է: Ան «Մաշտոց» քոլեճին նկատմամբ իր եւ բոլոր ուսանողներուն երախտագիտական զգացումները փոխանցեց:
Հանդէսին ընթացքին, համալսարանը իբրեւ «Տարուան Մայր»եր մեծարեց Նորա Գասապլեանն ու Սիրվարդ Վարդանեանը, իսկ «Տարուան Հայր»ը կոչումով մեծարուեցաւ հոգաբարձութեան քարտուղար դոկտ. Վարուժան Կապուչեանը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles