

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Քանի մը օրեր առաջ, նամակատան միջոցով ստացայ գեղեցիկ նուէր մը, որ ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ հանրածանօթ մեներգչուհի Ժանէթ Գույումճեան-Իլանճեանի անցնող երեսունհինգ տարիներուն հրամցուցած համերգներու վաստակ-հաւաքածոն՝ երկու խտասալիկներու մէջ ամփոփուած:
Ամէն մարդ պատմութիւն մըն է, ըսած են մեր մեծերը եւ չեն սխալած: Ու կար ժամանակ, որ արուեստագիտուհի Ժանէթ Գույումճեան իր ձայնով իր իսկ պատմութիւնը կերտեց՝ հպարտօրէն, նոյնքան հարազատ:
«Կեանք մը երգ» կամ «A Lifetime of Music» այսպէս կը կոչուի խտասալիկը, որ վերջին հաշուով «ծնունդ» մըն էր, համահաւասար մանուկի մը ծնունդին: Անոր համար է, որ իւրաքանչիւր ծնունդ իր շուրջ կը ստեղծէ խանդավառութիւն եւ հետաքրքրութիւն, մանաւանդ, եթէ այդ ծնունդը առողջ ծնունդ մըն է, կ՛ուրախացնէ շրջապատը եւս: Անշուշտ այս պարագային, սոյն «Կեանք մը երգ» խտասալիկի ծնունդին առողջութեան մասին կրնան վկայել բոլոր անոնք, որոնք յարգանք եւ սէր ունին երգին, երգիչին ու յատկապէս հայ երգուարուեստին հանդէպ:
Երաժշտութիւնը ժողովուրդներու եւ ազգերու քաղաքակրթութեան, հասունութեան մակարդակի ցուցանիշն ու չափանիշն է: Ազգային առումով հայ երաժշտութիւնը, առաջին հերթին մեր ժողովուրդի ինքնատիպ արտայայտութիւններէն մէկն է եւ հայելին իր գեղարուեստական մտածողութեան:
Երգը դարեր շարունակ տիրապետող սեռ եղած է հայ երաժշտական կեանքին մէջ:
Այդ երգերուն միջոցով է, որ հայ երգիչն ու գուսանը, աշուղն ու մասնագէտ երաժիշտը, բանաստեղծը եւ հոգեւոր մշակը կրցած են արտայայտել իրենց ամէնէն նուիրական զգացումներն ու խոհերը:
Ժանէթ Գույումճեան այդ նուիրեալներու շարքին կը պատկանի, անկասկած, որ հայ երգի երկրպագու իր ձայնով ու տաղանդով տասնամեակներ շարունակ ծաղկեցուց ու շէնցուց բազմաթիւ մշակութային ձեռնարկներ աշխարհի ամէն կողմ, հայ եւ օտար բեմերէն, միշտ արժանանալով վաստակաւոր տիտղոսներու, պարգեւներու եւ մրցանակներու:
Կը կարծեմ, որ իր ձիրքին եւ ընդունակութեան կողքին, որոնք զինք նաեւ հասցուցին բարձր պատուին ու վերելքին, իր մօտ կային նաեւ անդադրում աշխատանք, յարատեւ ճիգ ու ձգտում, որոնց շնորհիւ արժեցուց աստուածապարգեւ ու բնածին իր տաղանդը:
Պէտք է յիշել նաեւ, որ երկու գեղեցիկ խտասալիկներուն հետ, ո-րոնք կը բովանդակէին 33 մեներգներ, կային նաեւ իր կենսագրութիւնը եւ տարիներու յայտագիրներու հարուստ երգացանկը, որոնց շնորհիւ ընթերցողը կ՛առաջնորդուի աւելի մօտէն ճանչնալու Ժանէթ Գույումճեան արուեստագիտուհիին՝ հայ երգի վաստակաշատ այս նուիրեալին:
Հետաքրքրական եղած է իր կեանքը, լեցուն յանձնառութիւններով: Ծնած է Պէյրութ: Ան երբ ստացած է երաժշտութեան, դաշնակի եւ սոլֆէժի բարձրագոյն վկայականները, հայրենի եւ օտար բեմերուն վրայ բազմաթիւ ելոյթներուն միջոցով արդէն դարձած է երգի, ու մանաւանդ հայ երգի դեսպանը աշխարհի չորս ծագերուն, արժանանալով պետական անձնաւորութիւններու եւ արուեստագէտներու բարձր ուշադրութեան:
Հարուստ եղած է անոր երգացանկը: Լիբանանահայերը զինք կարօտով պէտք է յիշեն իբրեւ տեղւոյն՝ «Պաալպեքի միջազգային ֆեսթիվալ»ի մենակատար: Տակաւին ուրիշներ զինք բարի պիտի յիշեն իբրեւ երգարուեստի դաստիարակ եւ, մանաւանդ, իբրեւ անզուգական մեներգող եւ, յատկապէս, «Լիբանանի սոխակ» մակդիրով, Լոս Անճելըսէն մինչեւ Քորտոպա, Պուէնոս Այրեսէն մինչեւ Պաղտատ եւ տակաւին շատ մը այլ քաղաքներ ու երկիրներ:
Օրին եւ պատշաճօրէն, հայ մամուլին կողքին միջազգայինն ալ մեծ գնահատանքով խօսած եւ արտայայտուած էր հայ եւ օտար օփերաներու այս յարգելի մեներգչուհիին մասին:
Բացատրողական գրքոյկէն կը պարզուի, թէ առաջին խտասալիկը կը բովանդակէ 23 երգեր՝ Կոմիտասէն, Բ. Կանաչեանէն, Ա. Պատմագրեանէն, Հ. Պէրպէրեանէն, Տոլուխանեանէն, Է. Յովհաննէսեանէն Պ. Ճելալեանէն, Ե. Պալիկեանէն, Է. Միրզոյեանէն, Ա. Յովհաննէսէն եւ Կ. Զաքարեանէն, իսկ երկրորդը 10՝ Պախէն, Ռոսինիէն, Վերտիէն, Չայքովսքիէն եւ Պեթհովենէն ստեղծագործութիւններ:
Սոյն խտասալիկին հետ միացած բացատրողական թղթիկէն իբրեւ կոչ կամ սրտի խօսք կը կարդանք. «Ստեղծուած է ՀԲԸ Միութեան Ժանէթ Գույումճեան-Իլանճեան ֆոնտ, եւ այս նպատակին համար կատարուած նուիրատուութիւններու հասոյթը պիտի յատկացուի այն երիտասարդներուն, որոնք դասական երաժշտութեան կ՛ուզեն հետեւիլ»:
Նպատակին ծառայող նուիրական աշխատանք մը, որ նոյնքան ալ գնահատելի է ու շինիչ:
Սոյն խտասալիկները յստակ ապացոյց են, նոյնիսկ յարմար ու պատեհ առիթ, աւելի մօտէն ճանչնալու մեր արժէքները, վերանորոգելու մեր սէրն ու յարգանքը, մեր գնահատանքն ու խանդավառութիւնը հանդէպ հայ երգին եւ այն հայ երգչուհիին, որ անցնող երեսունհինգ երկար տարիներուն հայ երգի ճամբով մեր ազգային գոյատեւումը ապահովեց եւ մեր սիրտերը խանդավառ ու հպարտ պահեց:
Ժանէթ Գույումճեան-Իլանճեան մեր մշակոյթի պահպանման եւ հայկական դիմագիծի ակունքէն մեզի կենսունակութիւն փոխանցող հայ երգի դեսպան մըն էր:
Կը սիրեմ խանդավառուիլ մեր մեծ ու փոքր արժէքներով: Անոր համար, այս իւրայատուկ եւ յարգի նուէրին առթիւ, ուրախութիւնս կ՛ուզեմ վերածել անխառն գնահատանքի եւ երախտագիտական արդար զգացումի մը:
Սրտագին շնորհակալութիւններս ու շնորհաւորութիւններս: