ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
Այսօր կը յարգենք Լիզպոնի տղոց յիշատակը: Երեսուն տարիներ առաջ, ոչ շատ հեռու անցեալին, լիբանանահայ հինգ երիտասարդներ զոհաբերեցին ամէնէն թանկը՝ իրենց կեանքը, որովհետեւ, Սեւակին բառերով՝ «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»: Այդ խենթերը մեր ֆետայիներն էին հարիւր եւ աւելի տարիներ առաջ. այդ խենթերէն ծնան Անդրանիկներ, Գէորգ Չաուշներ, Մուրատներ եւ Արամ Մանուկեաններ: Այդ խենթերն էին, որոնք հաւատացին ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի երազին: Այո, երազ, որ դարձաւ իրական, ունեցանք 1918, ունեցանք 1991: Եթէ Մեծ Երազի տեսիլքով չապրէինք, այսօրուան քսանամեայ պետութիւնը չէինք ունենար: Հաւատացինք, եւ կը շարունակենք հաւատալ, որ չորսհազարամեայ մեր երթը պիտի շարունակուի մե՛ր հողերուն վրայ:
Հաւատացած էին նաեւ Լիզպոնի տղաքը, ինչպէս դիւանագիտական ու քաղաքական լարախաղացութիւններէ յոգնած, սպառած, հիասթափուած ու յանուն արդարութեան իրենց պայքարի դրօշը բարձրացուցած, եւ վերջին միջոցին՝ զինային պայքարին դիմած հայրենանուէրներու փաղանգ մը: Ազգային-քաղաքական մեր կազմակերպութիւնները հսկայական աշխատանք կը տանէին Սփիւռքի մէջ, հայը հայ պահելու անոնց ջանքերը կ՛արդիւնաւորուէին ընկերային, մշակութային, մարզական, կրթական ու եկեղեցական գետնի վրայ, սակայն, քաղաքական յաջողութիւնները նուազ էին, Ցեղասպանական արարքին մերժումը Թուրքիոյ եւ իբրեւ ոճիր անոր ճանաչումը այլ պետութիւններու կ՛ողմէ՝ կը յամենային:
Ցեղասպանութեան 50ամեակը զարթօնքի նոր ալիք մը բարձրացուցած էր հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ: Հայրենիքը՝ Սովետական Հայաստանը, չունէր անկախութիւնը իր ձայնը հասցնելու ՄԱԿ կամ միջազգային այլ ատեաններ, սակայն ժողովուրդը պոռթկաց, ժողովուրդը իր ձայնը բարձրացուց: Սփիւռքը, 1965էն ետք նոյնպէս վերածնունդ ապրեցաւ. լացի ու ողբի օրերուն եկան փոխարինելու պայքարը, բողոքը, ցոյցը… Եւ հող հայրենիէն դուրս ծնած, ցեղասպանութեան հետեւանքները կրող սերունդ մը մէջտեղ եկաւ Սփիւռքի տարածքին, որ լեցուած էր ոխով, վրէժխնդրութեամբ, արդարութեան համար պատրաստ էր մարտնչելու մինչեւ վերջ, մինչեւ վերջին կաթիլն արեան:
Այդ սերունդին կը պատկանէին այս տղաքը, որոնք լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին տակ մեծնալով, կը տեսնէին անարդարութիւն, «ուժ»ի օրէնք, որ դժոխքի վերածած էր առօրեան: Այս տղաքը կը ստանային երկրորդ ապտակ մը, այս անգամ իրենց ծնողներէն ու մեծ հայրերէն տարբեր: Տուն հայրենիէն տարագրուած ու Միջին Արեւելքի արաբական երկիրներուն մէջ հասակ առնող այս տղաքը, կ՛ապրէին զրկուած ըլլալու, անիրաւուածի զգացողութիւն մը, որ ծանր էր: Սակայն անոնք հայ էին, հայու արիւն կար անոնց մէջ. անոնք երիտասարդ էին, եւ տաք արիւն կար անոնց մէջ. անոնք մարդ էին, եւ վիրաւոր սիրտ ու հոգի կար անոնց մէջ: Պէտք էր գործել. լսել սրտի՞ զարկը, թէ միտքի թելը: Անխուսափելի էր վերջին զէնքը. «ուժ»ին փոխադարձել «ուժ»ով: Եւ ծնաւ Լիզպոնի 5ը:
Փորձելով գնահատել ու դատել 30ամեայ զինային այս գործողութիւնը՝ Լիզպոնի թրքական դեսպանատան գրաւման փորձն ու հինգ հայ երիտասարդներուն անձնազոհութիւնը, մարտիրոսացումը, կու գանք այն համոզման, որ այդ օրերուն, քաղաքական այդ պայմաններուն տակ, հոգեկան, ընկերային, քաղաքական հսկայ ճնշումներու զոհերն էին Լիզպոնի 5ը, որոնք հաւատացի՛ն իրենց Գործին, նետուեցան առաջ, որպէսզի աշխարհը խօսի մեր մասին, խօսի մէկուկէս միլիոնին մասին, խօսի թուրքերու կատարած անմարդկային արարքին մասին, պատժուի յանցագործը եւ հատուցուի արդարը: Սեդրակը, Արան, Սարգիսը, Սիմոնը եւ Վաչէն չեղան ահաբեկիչներ, անոնք եղան Ցեղասպանութեան արդարութեան մարտիկներ, որոնք Հայաստանն ու հայութիւնը անհամեմատօրէն շատ աւելի բարձր գնահատեցին իրենց կեանքէն, ազգայինը վեր դասեցին ամէն ինչէ, որպէսզի մենք՝ այսօրուան սերունդը, վաղուան գալիք սերունդները ունենանք Հայաստանի Հանրապետութիւն, ազգային եռագոյն, ազգային բանակ եւ ազգային ծրագիր:
Լիզպոնի տղաքը մեզի սորվեցուցին հայելիին մէջ նայիլ եւ մեր Եսէն բարձրանալ Մենքի: Նայեցէ՛ք հայելիին, նայեցէք ձեր աչքերուն մէջ, եւ հոն պիտի տեսնէք Սեդրակը, Արան, միւսները: Հոն պիտի տեսնէք այլ վրիժառուներ, հոն պիտի տեսնէք նաեւ Թումանեան եւ Չարենց, Սիամանթօ եւ Մեծարենց, պիտի տեսնէք Խաչատրեան եւ Կոմիտաս, պիտի տեսնէք Այվազովսքի եւ Կորքի, պիտի տեսնէք Խրիմեան Հայրիկ եւ Ղեւոնդ Երէց… այո, լաւ նայեցէք հայելիին մէջ, ձեր աչքերուն խորը, հոն գրուած է մեր պատմութիւնը: Ա՛յս է որ մեզի կտակեցին Լիզպոնի տղաքը. կտակ, որուն մէջ Եսեր չկան, կայ Մե՛նք:
Թող տղոց բարի յիշատակը բարձրացնէ մեզմէ իւրաքանչիւրը Մենքի:
–Այս Էջը Կը Հովանաւորեն
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ԿԱՅԾԱԿ ԵՒ ԾՈՎԻԿ ԶԷՅԹԼԵԱՆ