ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
Ամերիկա մեկնելէս առաջ իմացեր էի, թէ Սիմոնիկենց ընտանիքը փոխադրուեր էր Այնճար՝ մեղմացնելու համար Սիմոնիկին շնչառութեան դժուարութիւնները։ Այնճարի մաքուր օդը պիտի օգնէր իրեն։
Տարիներ ետք, Պէյրութ կատարած այցելութիւններէս մէկուն, փոքր եղբօրս՝ Յարութին հետ, գացի Ամանոս թաղը, ընկերոջ մը այցելելու իր մեքենագործի աշխատանոցին մէջ։ Մութ էր աշխատանոցը։ Պատանի մը, գրեթէ երիտասարդ, ժպտացող աչքերով մօտեցաւ ինծի։ Յարութը, տեսնելով շփոթս՝ բացատրեց.
- Չճանչցա՞ր։ Սիմոնիկն է։
Ողջագուրուեցանք ու հակիրճ խօսակցութեան մը ընթացքին յայտնեց, թէ յաղթահարած էր շնչառութեան դժուարութիւնը։ Այլեւս երիտասարդ՝ աշխատանքի էր սկսած։ Իմ գիտցած երախան չէր։ Երիտասարդ էր ու պատրաստ կեանք մը կերտելու, կեանքը վայելելու։
Հրաշալի էր անակնկալը, ինչպէս սքանչելի էր Սիմոնիկին հաղորդական, ջերմ ժպիտը։
Բայց…
***
Կրկին Պէյրութ եմ՝ 1983ի ամրան։
Չորեքշաբթի առաւօտ մը, ուղղուեցայ դէպի Անթիլիասի հրապարակ։ Հոն, ճամբուն ձախին, նպարավաճառի, մսագործի եւ այլ խանութներու արանքին նշմարեցի անխուսափելի կօշիկի ներկարարը՝ նստած իր սնտուկին ետեւը։ Ժամանակը, այս պարագային՝ անցնած գրեթէ երկու տասնամեակ, կանգ էր առած, անշարժացած էր այդ մարդուն եւ իր ներկերու տուփին մօտ։ Կը նստէր հոն, ուր նշմարեցի զինք այդ առաւօտ, կամ ալ՝ հանդիպակաց մայթին, եկեղեցւոյ եւ նպարավաճառի մը խանութին միջեւ, մաքրելու համար կօշիկները հաւատացեալներուն, որոնք յայտնօրէն մաքրած կ՛ըլլային իրենց ներաշխարհը՝ եկեղեցւոյ մէջ։ Ոչինչ փոխուած էր այդ մարդուն եւ իր սնտուկին մօտ։
Մօտեցայ, քովը՝ գետինը թերթ մը կար, չէր կարդար։ Զբաղած էր նոր գնած տանձերը դասաւորելով։ Արշաւող բանակները յաջողեցան շատ բան կործանել, բայց լիբանանեան տանձն ու պտուղները ընդհանրապէս պահեցին իրենց քիմք խտխտացնող հիւթեղութիւնը: Առաւ դեղնաւուն եւ մէկ կողմը ծիրանագոյն տանձ մը. քիչ մը ուշացած իր նախաճաշն էր հաւանաբար։ Դանակը հանեց, ակնթարթի մը համար շեղբը շողաց առաւօտեան արեւին մէջ եւ երբ պիտի ճեղքէր ծիրանի այտը տանձին, սնտուկին վրայ նշմարեց կօշիկը։ Տանձը կեղուելու արարողութիւնը ընդհատուեցաւ. շեղբը անշարժացած էր տանձին վրայ։ Տատամսումը՝ կեղուե՞լ թէ չկեղուել, տեւեց պահ մը միայն։ Կօշիկս յաղթած էր փորձութեան։ Բառ մ՛իսկ չարտասանեց, ոչ իսկ բարեւ մը, հակառակ սովորութեան։ Վրձինեց նախ երիզները, խոզանակեց փոշին եւ սպունգին վրայ սեւ ներկը տեղաւորելէ ետք սկսաւ գործին։ Լաւ էր որ չէր խօսեր, այլապէս՝ հազիւ թէ կարենայի պարզ զրոյց մ՛իսկ գլուխ հանել ողբերգական արաբերէնովս։
Կը զգամ, թէ մարդը մատով կը թակէ կօշիկին ներբանը։ Մէկը վերջացած էր։ Կը նայիմ իրեն, ինք գլուխը վեր դարձուցած կը դիտէ զիս։ Կը փոխեմ ոտքս։ Կը դիտեմ իր անմեղ, պատասխանի սպասող աչքերը. «Վերջ պիտի գտնէ՞ այս բոլորը», հարցուցած էր քիչ առաջ։ Ո՞վ կրնար իր ուզած պատասխանը գտնել, տալ։ Պատասխանը վերածուած էր հեքիաթային այն «Հազարան Պլպուլին», որուն ետեւէն ամբողջ երկիր մը կը վազէր, առանց հասնելու, կորսնցուցած ըլլալով իր նշանակէտին ուղղութիւնը։ Որովհետեւ, Լիբանանի մէջ հերոսութիւնը վաղուց չքացած էր։ Հերոսներ չկային հոն։ Հոն, վատութիւնը հագած էր քաղաքական ու կրօնական այլազան ու յարափոփոխ դիմակ ու սարսափի մատնած երկիրը։ Այդ սարսափը, անդոհանքը կարելի էր կարդալ թերթերու մէջ տպուած կիներու, մանաւանդ՝ երեխաներու զարհուրած դէմքերէն։
Մարդուն՝ ներկարարին, հարցումը բոլորի միտքին մէջն էր եւ՝ բոլոր զրոյցներուն ձեւով մը «լէյթմոթիւ»ը, չարտասանուած բաղձանքը։ Կարելի էր երկարօրէն զրուցել որեւէ եւ ամէն նիւթի շուրջ, ի՛նչ որ չեն ըսեր, չեն բանաձեւեր, կը զգաս, կը լսես արձագանգը մարդուն հարցումին. «Վերջ պիտի գտնէ՞ այս բոլորը»:
Պատասխանը, հէ՜յ, բարեկա՛մ, պէտք է փնտռել հոն՝ փողոցներուն մէջ, ուր արիւնի անսանձ խրախճանքէն արբեցողներ կը վխտան եւ երբ այդ խելացնոր գինարբուքը դադրի, պատասխանը կու գայ, եւ այլեւս չեն հարցներ։
Այս բոլորը, մէկ անգամէն, անցաւ երկրորդական «պլան»ի վրայ։
Հանդարտ- եթէ այս բառը կարելի է գործածել Պէյրութի համար- իրիկուն մըն էր։ Բարեկամներով նստած գարեջուր կը խմէինք։ Ժամը տասի մօտերը ուրիշ մը եւս միացաւ խումբին։ Ձեռք չդպցուց գարեջուրին։ Պարզապէս նստաւ եւ յայտնեց ռատիոյէն լսած նոր լուրը՝ Լիզպոնի դէպքին մասին։ Մանրամասնութիւններ չկրցաւ տալ. յաջորդող օրերուն, թերթերէն պիտի իմանայինք այդ բոլորը։ Եթէ Լիբանանի քաֆքայական ողբերգութեան ակամայ հանդիսականներն էինք, ապա այս պարագային՝ եղելութիւնը սերտօրէն կապուած էր մեզի։ Լիզպոնի մէջ զոհուած տղաքը մե՛րն էին, Պուրճ Համմուտէն։ Այլեւս Պէյրութը, իր անվերջանալի ռմբակոծումներով, հետաքրքրական ըլլալէ դադրած էր։ Մենք մեզի հետ էինք, մենք մեր կսկիծին մէջ փաղաղուած։ Կար փոփոխութիւն մը, զոր կարելի չէր բացատրել ու միեւնոյն ատեն կարելի չէր չզգալ։ Քսանամենի տղոց հրկիզումը առանցքն էր խօսակցութեանց։ Անոնց հարազատները պիտի ողբային կորուստները եւ բարեկամները պիտի բաժնէին այդ կսկիծը։
- Ինծի կրնա՞ս բացատրել, համոզել, թէ ինչո՛ւ զգոյշ պիտի ըլլանք։ Ի՞նչ ունինք կորսնցնելիք։ Քանի մը տո՞ւն, քանի մը միլիոնի հասնող հարստութի՞ւն. որո՞ւ ճիւերուն…։ Ինչո՞ւ չկարենանք պիտի պոռթկալ եւ ընել այնպէս մը, որ անոնք, թուրքերը իրենց հանգիստը վերջնականապէս կորսնցնեն։ Ամբողջ երկիր մը խլուեցաւ մեզմէ եւ հիմա որո՞ւ հոգն է, եթէ քանի մը տուն եւս կորսնցնենք։ Մեր զաւակնե՞րը… անոնք ալ թող սորվին, թող գիտնան, թէ ո՛վ են, թէ ի՛նչ կ՛ակնկալենք իրենցմէ եւ թէ ի՛նչ պէտք է ընեն։ Ի վերջոյ, մարդու արժանապատուութիւնը պիտի պահե՞նք, թէ շան պէս քարշ պիտի տանք մեր գոյութիւնը։ Կրնա՞ս բացատրել։
Գիտէր բարեկամս ինք եւս, թէ բացատրուելիք ոչինչ կար։ Վստահ չեմ, թէ այդ օրը լսած էր թէ ոչ, որ զոհուած տղոց ընկերները այցելեր էին ծնողներուն եւ իբրեւ մխիթարանք՝ մեկնումի պահուն մաղթեր էին.
- Տառօսը մեզի։
Հարսանիք չկար։ Մահուան հարսանիքի մեկնիլ փափաքողներու պակասն ալ չկար։ Բարեկամիս փնտռած բացատրութիւնը այդ տղաքը տուեր էին երկու բառով։ Այդ մէկ «տառօսը» պէտք է խնայուի ի հեճուկս բոլոր զայրոյթներուն, պոռթկումներուն, դառնութիւններուն։ Պուրճ Համմուտը սուգի մէջ էր եւ այդքան սգաւոր չէր եղած։ Սիմոնիկը, Արան ու իրենց ընկերները մեկներ էին իրենց նուիրական հերոսներուն ճամբով՝ իրենց ետին ձգելով զիրենք վերապրողներու անզօր զայրոյթը, մղկտացող դառնութիւնը։ Պուրճ Համմուտը կը սպասէր անոնց աճիւններու վերադարձին։ Անոր հողէն ծնունդ էին առեր եւ պիտի վերադառնային անոր։ Երբ կը ձգէի Պէյրութը, տակաւին չէին հասած։ Պիտի հասնէին քանի մը շաբաթ ետք։ Պէտք է մաղթել, որ նման թաղումներ խնայուին Պուրճ Համմուտին, որովհետեւ իրենց եւ բոլորին երազներու իրագործումը մեռնելով չէ, որ պիտի իրականանայ։
***
Չարափաստիկ այդ օրուընէ անցած է ճիշդ երեսուն տարի։ Այդ երիտասարդներուն համար նպատակն ու իտէալը բիւրեղի նման անգայտ էին ու այնքա՜ն ականակիտ։ Գիտէին անոնք թերեւս, թէ ընտրեր էին առաքելութիւն մը, որուն ուղին կ՛ընթանար անվերադառնալիօրէն մէկ ուղղութեամբ։ Այդ ուղին էր, որ զիրենք կը տանէր հո՛ն, ուր իրենց մտապատկերներուն մէջ քանդակուած հերոսները վաղուց էին հասեր եւ թէ իրենք պիտի կարենային տեսնել զիրենք, զրուցել անոնց հետ եւ տեղեակ պահել զանոնք այն իրականութիւններու յառաջընթացին մասին, որոնց իրենք էին նախաձեռներ, ի խնդիր հայրենի հողի ազատագրման, Թորգոմայ Մեծ Տան վերատիրացման։
Լիզպոնի այդ հրաչեայ ու լուսաճակատ երիտասարդները երբեք չգիտցան, թէ եօթը տարի անց իրենց զոհաբերումէն, երկիրն ու անոր համակարգը, որուն մաս կը կազմէր հայրենի հողէն կտոր մը, ինքն իր վրայ պիտի կքէր՝ յառաջացնելով իրենց երկրին երրորդ հանրապետութիւնը, որուն նոր կեանքը պիտի սկսէր պատերազմով. պատերազմ՝ յանուն հայրենակերտումի, յանուն հայրենական տան վերահաստատման՝ արցախեան դիւցազնամարտով երաշխաւորուած։ Դիւցազնամարտ, որուն անտարակոյս, իրենք եւս պիտի մասնակցէին, տեսնելու համար ազատագրումը զաւթուած հայրենական հողերու մէկ շերտին՝ իրենց բաժինը բերելով միացեալ հայրենիքի ստեղծման նախաքայլին։
Ափսո՜ս իրենց զոհաբերումին։ Ափսո՜ս իրենց նուիրական խոյանքին։
Առաւել եւս, վկաները պիտի ըլլային անոնք իրենց անկախացած հայրենիքի աւելի քան քսանամեայ տատամսումներուն, կասկածներուն, ինքնավստահութեան պակաս թելադրող տատանումներուն, վերջնական չքացման։ Նոյն այդ վերազարթնած հայրենիքին, պետութեան մէջէն, ընդհանուր դատախազը ի վերջոյ պիտի խօսէր մեր ամբողջ ժողովուրդին անունով։ Ժողովուրդը թէեւ աշխարհացրիւ էր ու պառակտուած, բայց՝ միասնականացած ամրօրէն հայրենիքի «եօթնապատիկ խոցուած Տիրամայր» գաղափարին շուրջ։ Ան՝ դատախազը, վեր էր կեցեր եւ ոսկեբարբառ հնչեղութեամբ կ՛արտասանէր մեր լեզուի այն բոլոր բոցավառող բառերը՝ տաղուած իւրաքանչիւր հայու միտքին մէջ, որոնց պետական արտասանումին կը սպասէր մեր ժողովուրդը ամբողջ։ Ան կը հաստատէր, թէ թուրք պետութիւնը ամպայման դէմ առ դէմ պիտի գար իր պատմութեան հետ՝ մեր Ցեղասպանութեան ճանաչումով։ Թէ թուրք ժողովուրդն ու պետութիւնը պիտի հատուցանէին ա՛յն, ինչ գողցեր էին մեզմէ, պիտի վերադարձնէին ա՛յն, ինչ մերն էր՝ մեր լքուած ու կիսակործան տաճարները, մեր մշակոյթի ու տնտեսութեան համագոյքը։ Դեռ աւելին՝ անոր ելոյթին է՜ն ոգեշնչող ու կենդանի այն թելադրութիւնը, պահանջն ու հրահանգը՝ ուղղուած մեր իրաւաբանական աւագանիին, պատրաստելու Ցեղասպանութեան իրաւական ու մանրակրկիտ փաստաթուղթերը՝ զանոնք ներկայացնելու համար միջազգային ատեաններու, ու հիմնուելով անոնց վրայ՝ պահանջելու Հայաստանին վերադարձնել զաւթուած հողերը անմիջականօրէն, սկսելով Կարսէն, Սուրմալուէն ու Նախիջեւանէն։ Որովհէետեւ ներկայ սահմանները վերջնական չեն, ապօրինի են, մեզի պարտադրուած՝ ապօրինի իշխանութեան մը կողմէ:
Լիզպոնի երիտասարդները չունեցան բախտը հրճուելու ի տես թուրք պետութեան ջղաձիգ հակադարձին՝ ահռելիօրէն շշմեցնող, ապշեցնող անակնկալի հարուածէն։ Չէին սպասեր շրջափակուած ափ մը պետութեան յանդգնութիւնը եւ ութ օր ետք, իրենց արտաքին գործոց նախարարը գոհացաւ միայն վերջնական լրբութեամբ լեցուն յոխորտալից ցափռտուքով, թէ՝ իրենք «քար մ՛իսկ չեն տար Հայաստանին»։ Հէգ նախարարը մոռցած էր, թէ իր կարծիքը հարցնող չկար։ Նահատակեալ ժողովուրդի մը համընդհանուր զաւակներն էին, ներառեալ՝ մէկ ու կէս միլիոն նահատակները, որոնք իրենց դատախազի ոսկեբարբառ խօսքերով ներկայացուցեր էին իրենց պարտամուրհակը։
Ու վերջապէս, այդ մատաղ դարձած տղաքն ու անոնց հայրերը եւ ժողովուրդը ամբողջ չհասկցան, պիտի չհասկնան բնաւ, թէ երբ պետութեան դատախազը կը բանաձեւէր մեր պահանջները, ինչո՞ւ մեր նախագահը չորս-հինգ տարի առաջ միայն չարտայայտեց, չբանաձեւեց այդ բոլորը։ Չէ՞ որ ան է մեր երկիրին, մեր ժողովուրդին ներկայացուցիչն ու մեր ժողովուրդի պահանջները դրսեւորող պետական առաջին այրը։ Ինչո՞ւ չխուսափեցաւ դիւանագիտական փորձանաւոր ու լպրծուն սադրիչ նկատումներէ, որպէսզի համազգային նոր տագնապը խնայէր մեր ժողովուրդին։ Անցնող չորս-հինգ տարիներու փորձառութիւնը վկայակոչելով՝ ինչո՞ւ յետս չի կոչեց իր ստորագրութիւնը տագնապին տուն տուող փրոթոքոլներէն՝ անվաւեր նկատելով զանոնք։ Թուրք պետութեան լկտի անարգանքը մինչեւ ո՞ւր պէտք է հասնի, որ ըլլանք այնքա՛ն մը հայ, որ այդ թուղթի կտորը շպրտենք իրենց մռութին։ Ինչո՞ւ հանդուրժել ու բարեկիրթ ձեւանալ, երբ թուրք խուժանն ու ներքին նախարարը այնքան մը կը գռեհկանան, որ քալեն այնպիսի պաստառներու ետեւէն, որոնց վրայ գրուած են «բոլորդ հա՛յ էք, բոլորդ փիճե՛ր էք» խօսքերը։
Եւ հուսկ ապա, թող հանգիստ ընեն այդ հրկիզուած բայց կրակէ երիտասարդները՝ Սիմոնն ու Արան, Վաչէն, Սեդրակն ու Սարգիսը։ Թող վստահ ըլլան, թէ իրենց առաքելութիւնը չէ աւարտած, թէ իրենց գաղափարականը կը մնայ անեղծ ու անաղարտ, թէ անոնց շուրջ բոլորուած է իրենց ժողովուրդը՝ ամբողջ պողպատէ միասնականութեամբ, եւ թէ ոչինչ է փոխուած զիրենք հրազինող հաւատքէն, բացի մէկ հատիկ՝ անդրդուելի ու համայնական մաղթանքէն՝
- Տառօսը՝ Վանին ու Կարսին։
*Հատուած՝ կարգ մը յաւելումներով, Փարիզի «Յառաջ»ին մէջ 1985ին տպուած «Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ» վերնագիրով յօդուածէն։
–Այս Էջը Կը Հովանաւորեն
ՄՈՎՍԷՍ ԵՒ ՄԻՇԷԼ ՇՐԻԳԵԱՆՆԵՐ ԵՒ ԸՆՏԱՆԻՔ