Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

«Ես Կը Մեռնիմ Մայր Հողը Չտեսած. Հոգ Չէ, Ուրիշները Կը Տեսնեն…»

$
0
0

ՍԵԴՐԱԿ ԱՃԷՄԵԱՆ ծնած է Պէյրութ Մարտ 1962ին։
Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Հայաշէնի Հայ Աւետ. վարժարանին մէջ, իսկ միջնակարգ ուսումը՝ Էշրեֆիէի Հայ Աւետ. կեդր. բարձր. վարժարանին մէջ։ Կը մտնէ արհեստից վարժարան եւ կը մասնագիտանայ պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի նորոգութեանց մէջ, ստանալով համապատասխան վկայական։ Նախաձեռնելով անձնական գործի՝ կ՛ունենայ իր սեփական վաճառատունը։
Իր ազգային կրթութեան առաջին օճախը կը հանդիսանայ իր տունը, իսկ հայրը՝ առաջին դաստիարակը։ Հայրը իր զաւակներուն միշտ կը պատմէ հայ-թուրք հակամարտութեանց, Հայկական Ցեղասպանութեան եւ տեղահանութեանց մասին։ Սեդրակի մօրը մեծ հայրն ալ զոհը դարձած է թրքական եաթաղանին, իրենց տան պատէն կախուած անոր նկարը աւելիով կը հրահրէ արդէն իսկ ալեկոծ Սեդրակին սիրտը։ Յաճախ իր մտածումներն ու մտահոգութիւնները կը պահէ իր շուրջիններէն։ Մասնաւոր հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէր երաժշտութեան եւ մասնաւորաբար յեղափոխական երգերու նկատմամբ, որոնց մէջ թերեւս կը տեսնէր իր երազներու իրականացումը։
Ընկերային ու կատակասէր այս տղան, իր տան մէջ յաճախ կ՛արտայայտուէր Հայ Դատի պայքարի մասին եւ կը շեշտէր հայ երիտասարդութեան պարտաւորութիւնները մեր դատի իրագործման ի խնդիր։ Բայց ոչ մէկ անգամ նուազագոյն կասկածը կ՛արթնցնէր, թէ կրնայ այսպիսի Սրբազան Գործի մը մէջ դերակատար դառնալ։
Իտէալն էր Հայ Դատի մարտիկ դառնալը։
Վերջին անգամ, տունը կը ձգէ 17 Յուլիս 1983ին, Լիբանանի գիւղերէն մէկը բանակումի երթալու պատճառաբանութեամբ։
Սեդրակի հայրը՝ Օննիկ Աճէմեանը կ՛ըսէ.
«Սեդրակ իր արհեստը շատ կը սիրէր։ Արհեստից վարժարանէն համապատասխան վկայական ստացած էր եւ եղբօրը հետ պզտիկ խանութ մը բացած էր։ Բայց իրեն համար գործը միշտ երկրորդական էր, մնայուն կերպով մտահոգութիւն ունէր ազգին ծառայելու։ Ազգային հարցերէն անդին ամէն ինչ երկրորդական էր իրեն համար։ Այսպէս էր Սեդրակը։ Իր կեանքի ամէն մէկ վայրկեանը իր ազգով հետաքրքրուած էր եւ գիտակցաբար իր ապագան զոհեց յանուն հայութեան։ Սեդրակը իր այս ազգային գիտակցութեամբ կը յատկանշուէր։ Իր մէջ բնածին էր այդ կէտը, եթէ մարդ այդ մէկը չունի իր մէջ, որքան ալ փորձես սորվեցնել իրեն, զինք մղել գիտակցելու, ապարդիւն կ՛ըլլայ, որովհետեւ եթէ մարդ համոզուած չըլլայ, ան երբեք իր հաճոյքն ու հանգիստը չի զոհեր դատի մը ի խնդիր։
Նահատակուելէն ժամանակ մը առաջ, ան մօրը ըսած էր, որ Էշրեֆիէ պիտի մնայ՝ բարեկամի մը մօտ։ Աւելի ուշ եկաւ ինծի ըսաւ, որ ստած է մօրը, որովհետեւ ինք խորքին մէջ Այնճար պիտի երթայ երկու ամսուան համար։ Իրեն ըսի. «Դուն խանութ ունիս, գործեր ունիս, ինչպէ՞ս երկու ամիս պիտի բացակայիս, ուրիշ մէկը չի՞ կրնար երթալ»։ Քանի մը օր ետք կրկին այս նիւթը արծարծուեցաւ, այս անգամ ան ըսաւ, որ ծրագիրը փոխուած է եւ միայն 15 օրուան համար պիտի մեկնի։ Այսպիսով ես ալ համոզուեցայ, որ Այնճար պիտի երթայ տասնհինգ օրուան համար։
Մեկնելէն շուրջ շաբաթ մը առաջ, ժրաջան աշխատանքի լծուած էր, կային կախեալ գործեր, որոնք իրենց աւարտին պէտք է հասնէին։ Կարիք ունէր քանի մը գործիքներու եւ կտորներու, միասին արեւմտեան կողմ (Ղարպիյէ) գացինք, որպէսզի պէտք եղած գնումները կատարէ։ Ճամբուն վրայ պզտիկ ճիփ մը կեցած էր։ «Վաղը», ըսի, «երբ Այնճար երթաս ու վերադառնաս, քեզի մէկ հատ ճիփ պիտի առնեմ»։ «Ես ինքնաշարժ չեմ ուզեր հայրս, եղբօրս ա՛ռ», ըսաւ։ Ես բնաւ չանդրադարձայ ի՛նչ նպատակով այս մէկը ըսաւ։ Եւ այդ ժամանակաշրջանին միշտ զբաղած վիճակի մէջ էր, շատ արագ կու գար եւ կ՛երթար, առանց բառ մը իսկ խօսելու, «կ՛երթամ» կ՛ըսէր եւ կը հեռանար տունէն։ «Տղաս», կ՛ըսէի, «քիչ մը կեցիր, քանի մը բառ խօսինք քեզի հետ, ո՞ւր պիտի երթաս»։ «Չեմ կրնար հայրս, գործ ունիմ», կ՛ըլլար անոր պատասխանը։ Այսպէս եղած է Սեդրակ։ Կը զարմանայի, որ տունը մնալ չէր ուզեր, միշտ պիտի երթար, ընելիքներ ունէր, միշտ զբաղած էր, միշտ յեղափոխական երգեր մտիկ կ՛ընէր։ Կը զգայինք, որ որոշ չափով ազգամոլութիւն կար անոր մօտ։
Գացած օրը՝ Կիրակի, նստած էին խանութս, երբ նշմարեցի, որ դիմացի դաշտէն երկու-երեք տղաք դուրս եկան, անոնց մէջ էր նաեւ Սեդրակը։ Աւելի ուշ քահանան ինծի ըսաւ, որ այդ օր եկեղեցի երթալով հաղորդութիւն ստացած էին։ Ձեռքերս կը լուայի, երբ խանութ մտաւ։
- Պապա՛, ես կը մեկնիմ,- ըսաւ։
- Ո՞ւր,- հարց տուի։
- Ըսի չէ՞,- ըսաւ,- քանի մը օրով Այնճար պիտի երթամ։
- Գնա՛ տղաս, Աստուած հետդ ըլլայ, – մաղթեցի։
Համբուրեց զիս, ես ալ իմ կարգիս համբուրեցի զինք։ Բաժանումը ժամանակաւոր էր ինծի համար, չէի գիտեր, որ վերջնական պիտի ըլլար եւ արդէն ամբողջովին պիտի մեկնէր։ Դուրս ելաւ խանութէն, քանի մը քայլ հազիւ նետած կրկին վերադարձաւ եւ քովս մօտեցաւ։ Խաչը հանեց վիզէն եւ իմ վիզս անցուց։ «Ինչո՞ւ խաչդ կը հանես», հարցուցի։ Ըսաւ, «թէ հոն պիտի վազէին ու ցատկռտէին եւ խաչը կրնար կորսուիլ»։ «Քովդ թող մնայ», ըսաւ ու մեկնեցաւ եւ ատիկա եղաւ վերջին մեկնումը։
Վերջաւորութեան կ՛ըսեմ, որ Սեդրակը այլեւս միայն իմ զաւակս չէ, ճիշդ է, որ մենք ծնանք զինք, բայց ան համայն հայութեան համար նահատակուեցաւ եւ դարձաւ համայն հայութեան զաւակը։ Բայց երանի ամէն մարդ այսպէս հասկնայ եւ ասոր գիտակցի։ Համայն ազգի մը վիզին պարտքն է, որ այս տղաքը անմահանան եւ անոնց յիշատակը միշտ վառ մնայ։
Ամօ՛թ ձեզի, եթէ ձեր զաւակը մոռացութեան մէջ թաղէք»։

ՍԵԴՐԱԿԻ ԽՕՍՔԵՐԷՆ

(..) Մենք բարի խենթեր ենք։ Բարի խենթ կայ, չար խենթ կայ։ Մենք ազգին սիրով խենթ ենք։ Մենք ոճրագործներ չենք, (…) որովհետեւ «ՀՅ Բանակ»ը ոճրագործ չէ, այլ իր արդար պահանջները կ՛ուզէ։ (…) Ես կ՛ուզեմ երիտասարդութեան ըսել, թէ երբեք թող չխրտչին, ինչքան ալ թուրքը զօրաւոր ըլլայ մեզմէ, աւելի նոր զէնքերով կամ նոր դիւանագիտութեամբ։ Երբեք մի՛ խաբուիք։ Դո՛ւք ձեր սրտերը զօրաւոր պահեցէք։ Դո՛ւք ձեր կամքին տէր եղէք։
(…) Մենք առաջինները չենք, որ կը քալենք։ Մեզմէ առաջ շատեր քալած են եւ կը յուսամ, որ մեզմէ աւելի լաւերն ալ պիտի գան, մեզմէ աւելի գործեր ալ պիտի ընեն։ Ես շատ ուրախ եմ եւ շատ լաւ կը հաւատամ, որ այդ մէկը պիտի ըլլայ։ (…) Պիտի ըսեմ, որ մենք այս պայքարին մէջ այսքան տարի է բաւական նեղութեան մէջ ենք, բայց գոնէ մեր գլուխները վեր են։ Երբե՛ք ոչ ծունկի եկած ենք, ոչ ալ մեր գլուխները կախ եղած են։ Մենք մեռած ենք մեր գլուխները վեր։ Մենք այսպիսով պիտի մեռնինք, մենք այս գործին կը հաւատանք։ Այս մէկը յաջող պիտի ըլլայ եւ ասիկա Թուրքիոյ գանկը պիտի փշրէ։ Ասիկա պիտի ըլլայ նախաքայլը։ Մենք այս ճամբուն մէջ դեռ շատ կը քալենք։ (…)
Կ՛ուզեմ ըսել, թէ մեզմէ վերջ եկողները՝ մեզի սիրողները եթէ պիտի գան, մեր սիրոյն թող չգան (…), ազգին սիրոյն թող  գան։ Մենք բան մը չենք, ազգէն քանի մը հոգիներ ենք։ Հոն ազգ մը սէր կ՛ուզէ, զոհողութիւն կ՛ուզէ։ Այնպէս որ աւելի հեռու թող մտածեն։
(…) Ասկէ առաջ «ՀՅ Բանակ»ը որեւէ փորձ տարած չէ։ Բայց անխնայ պիտի հարուածենք։ (…) Ասկէ ետք շատ բան պիտի փոխուի իրեն հետ։ (…) Պիտի չձգենք, որ հայու անունը աւրուի, կամ ըսուի, թէ հայը վախկոտ եղած է եւ կամ գործերը արդար պայմաններով չի տանիր։
Կ՛ուզեմ ըսել երիտասարդութեան, թէ մենք այսօր կանք, վաղը չկանք։ Այս ճամբէն, յուսամ, շատ ընկերներ պիտի քալեն եւ այս գործէն վերջ, ես վստահ եմ, հայութեան կեանքը պիտի փոխուի։ Ես այդ մէկուն կը հաւատամ։
Ես եւ ընկերներս մէկ հատիկներ չենք, որ հոս եկած ենք։ Մենք մեզի չենք գովեր։ Մեզմէ շատ աւելի լաւերն ալ կան կրնայ ըլլալ, որ մենք որոշ տկարութիւններ ունինք, բայց յուսամ, որ մեզմէ աւելի լաւերը կ՛ելլեն։ Եւ եթէ մենք սխալներ գործենք, իրենք իրենց գործերուն մէջ թող ճշդեն, ինչպէս մենք որոշ չափով կը շտկենք 1896ին եղած գործողութիւնը։ Այդ յանձնուիլը երբեք պիտի չըլլայ. հանած ենք մեր միտքէն։ Մենք, հոն, միայն մահ կը տեսնենք, ուրիշ բան չենք տեսներ։ (…) Շատ տանջուեցանք, այնպէս որ կը խնդրեմ մեր ընտանիքներէն, որ մեզի իրենք ալ օգնեն։ (…) Ես շատ հպարտ եմ, որ կ՛երթամ, որովհետեւ կ՛երթամ սուրբ գաղափարին, որուն մենք կը հաւատանք։ Ես կը մեռնիմ մայր հողը չտեսած. հոգ չէ, ուրիշները կը տեսնեն։ Ինչպէս «Ձորի Միրօ» ֆիլմին մէջ հայրը կ՛ըսէ, իր զաւակը ռուսական զինուորագրութեան երթալէ վերջ. «Մայր հողը չտեսաւ»։ (…)
Բարեւներս բոլորին։ Կ՛ուզեմ Աստուծմէ համբերութիւն տայ մօրս։ Կ՛ուզեմ, որ երբեք չնեղուի։ Թող ուրախ, հպարտ ըլլայ, որ այսպիսի զաւակներ ունեցած ենք։ Ասկէ ետք եթէ իրենց հետ ֆիզիքապէս ներկայ պիտի չըլլանք, մեր հոգիները ներկայ պիտի ըլլան։
(…) Յաջողութիւն գալիք պայքարին։
Վստահ ենք, որ մեր ուզածները պիտի չտան (…), բայց մենք՝ հայերս, մէկ անգամ կ՛իյնանք, ինչպէս օրինակ եղաւ Պանք Օթոմանը 1896ին։
Փորձեցին դիւանագիտօրէն մօտենալ յարձակողներուն. անոնք (դրամատուները գրաւողները) բանտերը նետուեցան եւ աքսորուեցան։ Այս պարագային մենք միտքերնէս հանած ենք նոյնիսկ յանձնուիլը։ Մենք գիտենք, որ մահ կամ ազատութիւն է։ Բայց այս պարագային մահ է, ազատութիւն չկայ։ Ազատութիւն կ՛ըլլայ, երբ որ մեր ուզածները տան։ Եթէ չտրուին, մենք չկանք ալ։ Մենք այս բոլորը աչքերնիս առած ենք եւ մեր ձեռքերը սրտերնիս վրայ են։ Անկէ ետք Աստուծոյ ձգուած բան մըն է։ Մեր նպատակները յստակ են։ Մեր արդար իրաւունքները՝ մեր հողերը։ Մենք կ՛ուզենք, որ ամբողջ աշխարհը իմանայ, թէ հայը իրաւունքներ ունի։


Այս Էջը Կը Հովանաւորեն

TCHAKERIAN FAMILIES
OF YOZGAT


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles