Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Ագռաւին Սեբ-Սեւ Ձագը

$
0
0

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ

ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ


Ապերախտութեան հոմանիշ իբրեւ, դժբախաբար միայն կատուին անունը ելեր է: Նման պարագաներու համար ըսուած է՝ «Աչքը ելլէ, անունը չելլէ» հայկական առածը:
Իր քաղցած ստամոքսը լեցնելու համար միսի կտորը առնելով անկիւն քաշուելու արարքը եթէ ապերախտութիւն պէտք է որակել այդ անվնաս ընտանի կենդանիին՝ կատուին պարագային, հապա ի՞նչ որակում պէտք է տալ արարքին այն մարդոց, որոնք իրենց ամբողջ կազմաւորումը ստանալէ ետք նուիրեալ դաստիարակներու ձեռքին մէջ, կը յանդգնին ապերախտութեամբ թքել իրենց կերած ամանին մէջ: Չէ՛, կատուն այդ գործը չ՛ըներ: Անոր պարագային ամէնէն մեծ «յանցանք»ը թողել հեռանալն է, առանց իսկ ետին նայելու, որովհետեւ իր ուզածին հասաւ, ու կրցաւ իր անսուաղութիւնը յագեցնել, գողցուած միսի կտորով:
Կատուի այս արարքին մասին գրած պահուն, բնաւ մտահան պէտք չէ ընել նաեւ ագռաւը, որ նոյնքան ապերախտ թռչնազգի մըն է: Այսպիսով հաւանաբար մեղմանայ կատուին վրայ դարերէ ի վեր փակցուած ապերախտութեան պիտակը:
Բաւական խեղճ մանկութիւն ունենալէ ետք, ագռաւը անգամ մը որ մեծնայ, իր ըմբռնումով թշուառ իր մանկութեան վրէժը կարծէք կը լուծէ, ապերախտութեան ջրտուք կատարելով իր հոգիին մէջ: Առհասարակ սեւ արտաքինով կենդանիներու պարագային բնութիւնը բարութեան հոգի դրած կ՛ըլլայ անոնց ներսիդին: Օրինակ՝ հսկայ կէտերը, որոնք ովկիանոսներու ամէնէն խորերը թափանցող միակ լուղորդներն են, այնքա՜ն անվնաս բնութեամբ կը յատկանշուին: Շուներու ցեղին մէջէն զատորոշուող գայլաշունը՝ «գերմանական հովիւ»ը, որուն կռնակը ամբողջութեամբ սեւով պատուած կ՛ըլլայ, այնքան բարի ու հաւատարիմ կենդանիի համբաւ կը վայելէ ամէնուրեք: Կ՛երեւի թէ միայն սեւ ագռաւին արտաքին ու ներքին պատկերները՝ ֆիզիքական փետուրներու եւ ներքին՝ բնաւորութեան գիծերու, ամբողջութեամբ կը համապատասխանեն իրարու, իրենց սեւ գոյնով:
Լեռնային շրջաններու մէջ ծառերու մնայուն բնակիչներն են ագռաւները, որոնք իրենց կռնչոցով, երբեմն անընդհատ աղմուկ կը ստեղծեն, ու անտանելի ներկայութիւն կը դառնան շրջապատին մէջ: Անոնց ձայնը լսողը անմիջապէս կը յիշէ, թէ այդ պահուն մէկն է, որ կը բամբասուի հոս կամ հոն: Թերեւս նախապաշարում է սա, սակայն բաւական տարածում գտած արդէն: Ինչքա՜ն կը յիշեցնեն անոնք սեւ սիրտ ունեցող բամբասողները, որոնք եթէ ուտելիք չճարեն, մարդոց միսը ծամելու ցանկութիւնը արտայայտելու համար կը կռնչեն ամէնէն տգեղ «ղա-ղա»ով: Եւ մարդիկ միշտ կը զգուշանան անոնցմէ, նոյնիսկ հանրային պարտէզներու մէջ, ուր ժողովրդային նստարաններ կ՛ըլլան, եւ հեռու կը մնան այն ծառերէն, որոնց վրայ սեւ ագռաւները հաւաքուած ըլլան: Մէկը փախչելով ագռաւներով լեցուն ծառին տակ դրուած աթոռէն, կ՛ըսէր.
_ Չեմ ուզեր ագռաւը գլխուս վրայ նստի, որովհետեւ նախապաշարուած եմ. գլխուս վերեւ ծառին վրայ երբ կենայ ու կռնչէ, ուրեմն այդ պահուն մէկը զիս կը բամբասէ…
Աւելի անհանդուրժելին այն է, որ ագռաւի կռնչոցին կը ձայնակցի անոր նորահաս սեփ-սեւ ձագը, որուն փետուրները դեռ չեն բաւեր իր յետոյքը ծածկելու: Սակայն, տակաւին գլուխէն մեծ ու երիզաւոր կտուցը առաջ նետած, բերանը պատռելու չափ կը բանայ, հասակէն մեծ ձայներ հանելով: Այնքան կը կռնչէ, որ կարծէք ուղեղը դուրս պիտի թափի, հակառակ անոր, որ այս գծով մտավախութիւն չի՛ կրնար ըլլալ (որովհետեւ հաւկթաձեւ այդ գանկին մէջ կարելի չէ՛ եղած ուղեղ տեղադրել, անոր ծննդեան օրէն ի վեր):
Կատուին ձեռքէն մրցանակը խլած այս տխմար թռչունը, հոգեպէս գէթ բուժուելու մէկ կերպ կրնար ունենալ, նախ ապերախտութիւնը նուազեցնելու եւ ապա ներքին ու արտաքին գոյներուն միօրինակութիւնը հաստատելով՝ որոշ չափով համեստանալու համար. այդ ալ հայելիի մը դիմաց կանգնելու պարզ արարքը պիտի ըլլար իր կողմէ: Աջ ու ձախ օրօրուելով ու շորորուելով, նոյնիսկ տնքալով ու դժգոհելով գէթ հասնէր հայելիի մը դիմաց, այն ատեն պիտի տեսնէր, թէ ինչքա՜ն բարի ջանքեր կատարուած են աշխարհի այս նեղ կրկէսի մարզիչներուն կողմէ, իր մուգ արտաքինին փոխարէն՝ հոգի՛ն կրապատելով սպիտակացնելու գծով: Վերջապէս, կան հայելիներ այս կեանքին մէջ, որոնք հոգեկան ներքին իրավիճակը կը ցուցնեն, խոնարհեցնելով ամէնէն ամբարտաւան հոգիներն անգամ:
Տեսած էք հաւանաբար, զբօսայգիներու խիտ ծառերուն մէջէն ինչպէս կը փախչին ու հեւասպառ կը հեռանան ճնճղուկները երամով, երբ յանկարծ սեւ ագռաւը իր անհամաչափ մարմինով յայտնուի յիշեալ տարածքին մէջ: Անոր սեւ կտուցին վախէն չէ՛ անպայման որ կը սարսափին անոնք, ո՛չ ալ կը սարսռան տեսքէն կեղտոտ մագիլներուն, որոնց վրայ միշտ որեւէ դիակի մնացորդ կը գտնուի, այլ կը զզուին անոր տգեղ կռնչոցէն՝ բամբասանքէն, որուն աղմուկը մինչեւ զբօսայգիի յաջորդ թաղը լսելի կը դառնայ:
Կատուին առաւելութիւններէն մէկն ալ, բաղդատաբար ապերախտութեամբ իրեն ճակատագրակից ագռաւին, մեղմ ու խղճալի ձայն ունենալն է: Մինչեւ իսկ զայրացած միջոցին, երբ կատուն վագրի կերպարանք կը փորձէ առնել, ձայնը կը մնայ մեղմ ու մէկ պոռչտուքով շուտով խափանելի: Կատուի այս խեղճութեան դիմաց, սակայն, ագռաւը կը մնայ անզիջող: Անիկա մինչեւ չտեսնէ գաւազանը, որ իր կուզ կռնակին պիտի իջնէ, չի՛ հեռանար դիակին վրայէն, ու մէկ կողմէ ատոր կեղտոտ լեղուցին մէջ կր խոթէ իր նեխած կտուցը, միւս կողմէ չի՛ դադրիր կռնչալէ՝ բամբասելէ մինչեւ անգամ իր կերած դիակին մասին…
Անխելք այս թռչնազգիի սեփ-սեւ ձագը տեսնելով, անցորդներ կը թելադրեն չհետեւիլ իր ցեղակիցներու վատ սովորութեան եւ նոր ուղի բանալ նոյն ցեղի արժանապատուութիւնը բարձրացնելու նպատակով: Սակայն, անոր արտաքին սեւութիւնը ներքին բնութեան այնքան միացած ըլլալով, անկարելիութեան դիմաց կը գտնուի անբան թռչնազգին, անել կացութեան մատնուած:
Անվերջ շաղակրատող ու անյագօրէն իր գտած դիակը լափող ագռաւի սեփ-սեւ ձագին վախճանը սակայն, պատահական անցորդ որսորդի նոյնքան  պատահական փամփուշտէն կախեալ է: Որովհետեւ ագռաւին անփորձ ձագին չակնկալած մէկ պահուն, իր հանած աղմուկէն աւելի բարձր կրակոցով, որսորդի հրացանի փողէն դուրս կու գայ փամփուշտը, ու աղբի տակառին ճիշդ քովը, մէկ դիակ եւս կ՛աւելցնէ՝ անոր անբախտ սեփ-սեւ դին, որուն աչքերը նոյն օր թաղի ժիր մրջիւններուն բերնի աքցաններուն տակ կը ոչնչանան, իսկ յաջորդ օր լրիւ մարմինը թաղի աղբահաւաքի աղբակալին մէջ մտնելով, աղբի տակառին մէջ կը նետուի: Բախտաւոր կ՛ըլլայ անիկա նաեւ, եթէ մինչեւ աղբահաւաքին ժամանելը, թաղի արհեստավարժ կատուներու ճանկերուն ներքեւ խաղալիքի վերածուելով չանարգուի անիկա…
Այսպէս կ՛ըլլայ նաեւ բամբասող կռկռաններուն վախճանը, որոնք մարդոց միսը ուտելու անյագ ցանկութեամբ, ամէնէն «կանաչ ծառեր»ը կ՛ընտրեն, ճի՛շդ ագռաւներուն նման, անոնց զովացնող տերեւներուն ամէն բարիքը վայելելէ վերջ, անոնց շուքին հանգչող մարդոց ականջին տակ անտեղի աղմուկ յառաջացնելու անկրթութենէն առանց խպնելու:
Այնպէս՝ ինչպէս սեւամորթին համար մաքրող ո՛չ մէկ օճառ, ի՛նչ գոյնով ալ պատրաստուած ըլլայ ատիկա, նոյնիսկ կաթնաթոյր համով ու հոտով, ո՛չ մէկ ձեւով կրնայ օգտակար ըլլալ անոր մորթին գոյնը փոխելու, նոյնպէս ալ ո՛չ մէկ տեսակի խրատ կրնայ ագռաւի բնաւորութեամբ մարդոց նկարագիրը ուղղել, գէթ անոնց հոգիին գոյնը որոշ չափով բանալու առումով:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles