Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ- Ընծայագիրք՝ Մեսրոպ Մաշտոցի

$
0
0

ԿԱՐՕ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Կա՞յ արդեօք հայ գրող, որ անդրադարձած չըլլայ ազգային մեր Ոսկեղնիկին, գիրի գիւտարար առաջին Մեծ Ուսուցիչին, եւ սրտի խորերէն ընծայաբերած չըլլայ իր անուշ բանքն ու գիրը:
Հրապարակի վրայ է արդէն նորոգ հրատարակուած 687 էջերով պատկառելի գիրք մը, որ անկասկած պիտի խօսի ամէն հայու սրտին, որովհետեւ հոն պիտի գտնէ առաւելագոյն հունձք մը քաղցրահամ այն բոլոր զգացումներէն, որոնք աղօթքի մը հանգոյն բխած են մշակոյթի ու միտքի բազմահարիւր երկրպագուներու, հանճարեղ եւ տաղանդաւոր քերթողներու, գրողներու, ականաւոր եկեղեցականներու, բանասէրներու, պատմաբաններու, արուեստագէտներու, նոյնիսկ օտարազգի գիտնականներու կողմէ, թէ՛ մօտիկ անցեալին, թէ՛ նոր ժամանակներուն. եւ այս բոլորը՝ ե՛ւ հայրենի, ե՛ւ աշխարհի բոլոր ծագերէն:
«Մեսրոպ Մաշտոց Մեծասքանչը». այսպէս տիտղոսագրուած է հատորը:
Խմբագիրն ու կազմողը՝ Յովսէփ Նալպանտեան, Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի շնորհալիներէն, վերջին գրեթէ բոլոր տարիներուն հայագիտական-բանասիրական-մատենագիտական իր հրատարակութիւններով ծանօթ է արդէն հասարակութեան մտաւորական եւ գրասէր շրջանակներուն:
Տակաւին 2012ին էր, երբ իր խմբագրութեամբ ի լոյս կ՛ընծայուէր «Հայոց Լեզու» հատընտիրը՝ 377 էջերով:
Նոյն տարուան ընթացքին՝ ի լոյս կ՛ընծայուէր «Ուղղագրութեան Նիւթերու Ժողովածու. Բառարան» գիրքը՝ 154 էջերով:
2011ին՝ «Ամերիկահայ Գիրքի Պատմութիւն» եւ «Հայկական Բառարաններու Համառօտ Պատմութիւն» համատեղ գիրքը՝ բանասիրական-մատենագիտական իւրայատուկ աշխատութիւններու բովանդակութեամբ:
Յիշեալ բոլոր իրագործումները՝ իբրեւ շարունակութիւն 2006ի եւ 2009ի միջեւ «Լոյս» ընդհանուր գիտելիքներու վեցհատորեայ հանրագիտարաններուն, նաեւ իր խմբագրութեամբ եւ հրատարակութեամբ՝ 2009էն 2011ի միջեւ գրական հինգ այլ շահեկան աշխատութիւններուն:
Արդարեւ, պատկառելի վերջին հրատարակութիւնը՝ «Մեսրոպ Մաշտոց Մեծասքանչը», իրապէս որ գերազանցիկ աշխատութիւն է: Մենք արժանի կը գտնենք զայն որակելու՝ Փառագիրք: Երբ ընթացիկ մեր կեանքին մէջ կը հնչուի փառատօն՝ հայ երգի, փառատօն՝ մարզախաղերու, փառատօն՝ հայ աւանդութիւններու, ինչո՞ւ այսպիսի գիրքը եւս չորակուի Փառագիրք, որ մեզ հաղորդակից կը դարձնէ բազմահարիւր հեղինակներու սրտաբուխ զգացումներուն, եւ բոլորը՝ ձօնուած Մեծագոյն հայուն եւ անոր գիւտի փառքին:
«Մեսրոպ, հայ դարերու դիմաց կեցող
Դուն ադամանդեայ ապառաժ,
Գիտութեանց անստգիւտ փարոս,
Դուն բարբառի արարիչ, բանի իշխան,
Դուն անբաւ բաւիղ տեւողութեան…
Դուն անվատնելի ցորեանի դաշտ,
Դուն ձրի հաց,
Դուն հունձքի հարուստ, եւ դուն հնձան հրաշէկ…»
«Ով իմ ըղձալի հայերէնս, առաւօտեան պէս թարմ եւ գիշերուան պէս խորունկ, մանուկի մը պէս զուարթուն եւ տարեցի մը պէս իմաստուն, սիրոյ պէս հաճելի եւ գարնան պէս գեղեցիկ…»:
«Մեսրոպ Մաշտոց Մեծասքանչը» հատորի բազմահարիւր էջերէն փրցուած վերեւի հատուածները Սիամանթոյէն ու Շաւարշ Նարդունիէն, թող նկատուին պատառիկներ հոգեթով այնպիսի զգացումներու, որոնք գիրքի ամէնօրեայ թերթատումն ու ընթերցումի հարիւրաւոր էջերը կրնան պարգեւել Մեծն Մաշտոցի ու Ոսկեղնիկի սիրով ապրողներուն:
Ջերմօրէն շնորհաւորելով հայագէտ հեղինակին երախտաշատ աշխատութիւնը՝ կ՛ուզենք յաւելուլ, որ ան օժտուած է գիտական հրատարակութիւն մը արդարացնող օգտաշատ հետեւեալ յատկութիւններով եւ մասնաբաժիններով.
- Էջ 665-670. Այբբենական կարգով հեղինակներու անուններ ու անձնանուններու ցանկ, որմէ կատարուած է քաղուածք՝ քերթուածներու կամ արձակ գրութիւններու (334 անուն):
- Էջ 673-682. Էջադրութեան կարգով հեղինակներու անուններ եւ գործերու խորագիրներ. Արեւմտահայ՝ 70, իսկ Արեւելահայ 127 անուններ:
Մասնաբաժիններ
- Էջ 411-604. Հայեր՝ Հայ Լեզուի Մասին (94 անուն).
- Էջ 615-628. Օտարներ՝ Հայ Լեզուի Մասին. քերթուածներ եւ արձակ ընծայագիրներ (25 անուն).
- Էջ 629-664. Վկայութիւններ՝ հեղինակութիւն նկատուող գրողներէ եւ գրաքննադատներէ, որոնք ըստ արժանւոյն բարձր գնահատած են հեղինակին՝ Յովսէփ Նալպանտեանի, աշխատութիւնները (11 անուն):
Անկասկած՝ առաւելութիւն է «Մեսրոպ Մաշտոց Մեծասքանչը» գիրքի կողքին տպաւորիչ ձեւաւորումը, որ գործն է արուեստագէտ Հէրի Մեսրոպեանի. հոն է՝ Առաջին Մեծ Ուսուցիչը, որ Հայ այբուբենի յաւերժի կտակը կ՛ուղղէ հայ դարերուն. մինչ՝ կողքի վերջին էջով, «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ» սրբազան պատգամը շրջանակուած է միջնադարու հայ արուեստի աւանդոյթներով, գործ՝ Սիրուն Երէցեանի:
Յիշատակութեան արժանի են, անշուշտ, գունաւոր եւ ամբողջական որոշ էջեր, որոնք կը ներկայացնեն գիւտին փառքը՝ Հայ այբուբենը, արուեստի հոյակապ էջեր, յղացք՝ կրկին արուեստագէտ Սիրուն Երէցեանի:
Հուսկ՝ «Մեսրոպ Մաշտոց Մեծասքանչը» գիրքին առաւելութիւններով թէեւ խանդավառ, սակայն այդ մէկը պատճառ չէ, որ նոյն ատեն մեր յուսախաբութիւնը եւ ցաւը չյայտնենք այն իրողութեան կապակցութեամբ, որ կը վերաբերի գրքի տպաքանակին… 350 օրինակ:
Այո՛, գիրք, որ իւրայատուկ հանրագիտարանի բնոյթով անհրաժեշտութիւն է հայ դպրոցին, հայ գրադարանին, հայ դաստիարակին, ուսանողին, մշակութային ձեռնարկներ կազմակերպող միութիւններուն ու հայեցի դաստիարակութիւն քարոզողներուն, տպուած է սահմանափակ այդ թիւով միայն:
Շրջանցելով երեւոյթին մեկնաբանութիւնը՝ անդրադառնանք սակայն դրական այն միւս երեւոյթին, որ հեղինակին եւ հրատարակիչին համար իրականացած երազ մըն է:
Կարդալով գիրքի յառաջաբանը՝ կը հաղորդուինք այն գեղեցիկ զգացումներուն, որոնք մղիչ ուժը եղած են կոթողական աշխատութեան.
- Երկու ուխտ…
Յովսէփ Նալպանտեան ամենափոքր տարիքին, Հալէպ՝ իր ծննդավայրին մէջ, ապագայի իր երջանկութիւնը իրականացած կը նկատէր, եթէ օր մը ոտք դնէր հայրենի հողին վրայ, եւ տեսնէր Օշականը, ուր կը հանգչի Մեծագոյն հայը:
Ուխտը իրականութիւն դարձած է:
Յ. Նալպանտեան ոչ միայն ոտք դրած է հայրենի հողին վրայ, այլեւ՝ լիցքաւորուած քաղաքամայր Երեւանի համալսարանի հայագիտական ուսումով:
Նաեւ ոչ միայն տեսած է Օշականն ու անոր նուիրական համալիրը, այլեւ անոր ընծայաբերած գովելի աշխատութիւնը՝ «Մեսրոպ Մաշտոց Մեծասքանչը», նուիրած է Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1650ամեակին:
Ջերմ շնորհաւորութիւններ. կը բաժնենք ուխտիդ իրականացման ուրախութիւնը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles