Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Հարցում՝ Պատասխան

$
0
0

ԶԱՐԵՀ ՍԱՓՍԶԵԱՆ

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Վերջերս ամերիկեան մամուլն ու հասարակութիւնը շատ զբաղած են սեւամորթ Թրէյվըն Մարթինը սպաննած, Ճորճ Զիմըրմընի դատավճիռով, ուր ան ազատ արձակուեցաւ: Նոյնիսկ նախագահ Օպաման յայտարարութիւն ըրաւ՝ ըսելով. «Եթէ ես մանչ զաւակ ունենայի, հաւանաբար ան նմանէր Թրէյվըն Մարթինին»։ Նախագահ մը պէ՞տք է միջամուխ ըլլայ այս տեսակ հարցերու։ Ուրիշ որեւէ երկրի նախագահ այսպիսի յայտարարութիւն մը ըրա՞ծ է:
Սարգիս, Փասատինայէն

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ոչ, ուրիշ ոչ մէկ նախագահէ լսած եմ այդպիսի յայտարարութիւն մը։ Նոյնիսկ Հայաստանի մէջ, երբ օլիկարխ Նեմեց Ռուբոյին թիկնապահները ծեծի տակ սպաննեցին զինուորական բժիշկ Վահէ Աւետեանը, Հայաստանի նախագահը չըսաւ՝ «Եթէ ես մանչ զաւակ ունենայի, ան հաւանաբար նմանէր Վահէին… », բայց ներողութիւն. եթէ ըսէր՝ վստահաբար այսպէս պէտք է ըսած ըլլար. «Եթէ ես մանչ զաւակ ունենայի, ան հաւանաբար ոչ թէ Վահէ Աւետեանին՝ այլ Նեմեց Ռուբոյին նմանէր»։

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Երկու շաբաթ առաջ, Ամերիկայի Գերագոյն ատեանին որոշումով, Քալիֆորնիոյ մէջ միասեռականներուն ամուսնութիւնը օրինաւոր դարձաւ։ Չէ՞ք կարծեր որ այս ժխտական ազդեցութիւն պիտի ունենայ յետագայ սերունդներուն վրայ։
Սեդա, Սան Մաթէոյէն

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Այդ մէկը հոգեբան–ընկերաբաններուն մասնագիտութիւնն է։ Բայց զիս հետաքրքրողը սա է։ Ամերիկայի մէջ աւանդութիւն է, որ տղամարդը ծունկի գալով իր ընկերուհիին առաջարկ (proposal) ներկայացնէ՝ ամուսնութիւն խնդրելով։ Հիմա որ խնդրոյ առարկայ անձինք երկու տղամարդ կամ երկու մանկամարդուհի են, անոնցմէ ո՞վ ծունկի պիտի գայ եւ առաջարկ ներկայացնէ. աւելի երկա՞րը թէ կարճը. գէ՞րը թէ նիհարը. ճաղա՞տը թէ գլխուն մազ ունեցողը (տղոց պարագային), մե՞ծ թէ փոքր կուրծք ունեցողը (աղջկանց պարագային)։ Իմ կարծիքով, Գերագոյն ատեանի դատաւորները (որոնք վերջերս, նախագահական ճնշումներուն տեղի տալով, սկսած են աւելի եւ աւելի Հայաստանի դատաւորներուն նմանելու) պէտք է այս հարցին առնչութեամբ ալ որոշում մը առնեն։

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Վերջին շաբաթներուն հայաստանեան մամուլին մէջ յաճախակի կը խօսուի օֆշորային սկանդալի մասին, ուր ընդգրկուած են վարչապետ Տիգրան Սարգսեան եւ Արարատեան թեմի առաջնորդ Նավասարդ արքեպիսկոպոս: Լսածիս համաձայն, ուրիշ կառավարական բարձր պաշտօնեաներ եւ կղերականներ ալ մասնակից են տարբեր օֆշորային սկանդալներու մէջ: Արդեօք տեղեա՞կ էք այդ մասին:
Զեփիւռ, Մոնթրէալէն

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Նախ բացատրեմ թէ ինչ է օֆշորային սկանդալը. Offshore scandal (անդրծովեան գայթակղութիւն), ուր Աշոտ Սուքիասեան անուն գողական գործարար մը Կիպրոսի մէջ ընկերութիւն կը հիմնէ, որուն մէկ երրորդական տէրերն են վարչապետ Սարգսեանն ու 300,000 տոլար արժէքով Պենթլի ինքնաշարժ քշող Արարատեան թեմի առաջնորդ Նաւասարդ (Սամուէլ) արքեպիսկոպոս Կճոյեանը: Եւ այս ընկերութիւնը մաս կազմելով ուրիշ ընկերութիւններու ցանցի մը, կը ջանայ զեղծարարութեամբ տարբեր հաստատութիւններուն բաժնետոմսերուն տիրանալ: Եւ ներկայիս դատական հետապնդումի ենթակայ է Կիպրոսի իշխանութիւններուն կողմէ: Իսկ հարցումիդ պատասխանելով, այո, ես ալ լսած եմ թէ կառավարական եւ կղերական բարձրաստիճաններ այն աստիճան առնչուած են այս տեսակի գայթակղութիւններու մէջ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կը ծրագրէ հիմնել օֆշորային սկանդալներու նախարարութիւն, իսկ Ս. Էջմիածինը՝ օֆշորային սկանդալներու գերագոյն հոգեւոր խորհուրդ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Յուլիսին Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ բժիշկներու միջազգային ժողով: Այս ժողովներուն նպատակը ի՞նչ է եւ ի՞նչ քննարկումներ կ՛ըլլան հոն:
Սահակ ատամնաբոյժ,
Պըրպենքէն

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Նախ հայ բժիշկները իրարու կը ծանօթանան՝ նաեւ բժշկական վերջին նորութիւններուն: Ապա կ՛անցնին բուն քննարկումներուն, ուր իրենց կը զեկուցուի, թէ ինչպէս կրնան լաւագոյնս կթել medicare-ը, medical-ը եւ ապահովագրական ընկերութիւնները:
Ձեր հարցումները կրնաք ղրկել՝ sazareh@yahoo.com հասցէին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles