Էջը Պատրաստեց՝
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
1- Յարգեցէք «քաղաքավարութեան քառորդ ժամ»ը
Առօրեայ կեանքի մէջ ճշդապահութենէն լաւ բան չկայ, բացի մէկ պարագայէ՝ երբ տեղ մը ճաշի, ընթրիքի հրաւիրուած էք: Նման պարագաներու կենցաղավարութիւնը կը պահանջէ, որ ճշդուած ժամէն քառորդ ժամ ուշ հասնիք: Ուշադի՛ր, եթէ ձեր ուշացումը այդքանէն աւելի է, պէտք է անպայման տանտիրուհին տեղեակ պահել:
2- Պարապ ձեռքերով չերթաք
Աւանդութիւնը կ՛ըսէ, որ փունջ մը ծաղիկը լաւագոյն ձեւն է, սակայն կարելի է զայն փոխարինել տուրմով, խմիչքով եւ այլն… Խուսափեցէ՛ք կարկանդակ կամ անուշեղէն տանելէ. տանտիրուհին վստահաբար անուշեղէն նախատեսած կ՛ըլլայ:
Ուշադի՛ր, կենցաղավարութիւնը կը թելադրէ, որ ծաղիկի պարագային, նախօրօք ղրկէք ձեր ծաղկեփունջը՝ պզտիկ երկտողով մը, ուր շնորհակալութիւն կը յայտնէք հրաւէրին համար:
3- Դուք ձեզ ներկայացուցէք մնացեալ հրաւիրեալներուն
Երբ կը հասնիք հրաւէրի վայրը, նախ դուք ձեզ ներկայացուցէք, ապա ձեռնուեցէք:
Եթէ միւս հրաւիրեալներուն առաջին անգամն է, որ կը հանդիպիք, նախընտրելի է յոգնակիով դիմել:
4- Խուսափեցէք կարգ մը նիւթերէ
Երբ տեղ հրաւիրուած էք եւ մանաւանդ անծանօթներ կան, զգուշացէ՛ք վէճի դուռ բացող նիւթերէ: Այսպէս՝ կենցաղավարութիւնը կը թելադրէ, որ հրաժարիք քաղաքականութեան, կրօնքի, բարքերու հետ առնչուող նիւթերէ եւ նախապատուութիւնը տաք ընտանիքի, ասպարէզի, մշակոյթի առնչուող նիւթերու: Այսպիսով կանխած կ՛ըլլաք վէճերը, անյարմար կացութիւնները եւ փոխադարձ վիրաւորանքները:
5- Լսեցէ՛ք ուրիշները
Պերճախօս եւ ընկերային ըլլալը լաւ յատկութիւն է, սակայն շատ անյարմար է ձեր անձին մասին երկար խօսիլը. նաեւ պէտք է առիթ տաք խօսակիցին, որ իր ըսելիքը ըսէ, վերջապէս՝ պէտք չէ տեւաբար հակաճառէք դիմացինին. խուսափեցէ՛ք վէճի մէջ իյնալէ:
6- Յարգեցէ՛ք փրոթոքոլը
Սեղանին շուրջ՝ ճաշի մի՛ սկսիք այնքան ատեն, որ տանտիկինը սկսելու հրաւէրը չէ ուղղած: Նաեւ, բոլորէն առաջ մի՛ նստիք սեղան, այլ սպասեցէ՛ք, որ բոլորին հրաւէր ուղղուի, ապա մօտեցէք ճաշասեղանին:
7- Յարգեցէ՛ք սեղանին կանոնները
Սեղանին շուրջ նախ ուղիղ նստէք, արմուկները սեղանին չդնէք, ոչ ալ անձեռոցիկը՝ ձեր վիզին շուրջ: Անձեռոցիկը կը տարածէք ձեր ծունկերուն վրայ:
Անշուշտ սեղանին շուրջ հայհոյանքը եւ կոպիտ խօսքերը անընդունելի են: Եղէք ժպտուն եւ բարձր տրամադրութեամբ:
8- Լեցուն բերանով մի՛ խօսիք
Այո՛, նոյնիսկ եթէ հարցի մը գծով ձեր կարծիքին կը դիմեն, այնքան ատեն, որ ձեր բերանը լեցուն է, մի՛ պատասխանէք: Նոյնիսկ եթէ կերակուր մը շատ հաւնեցաք, քանի մը անգամ մի՛ առնէք. ուրիշներուն ալ հաշիւը ըրէք:
Երբ տանտիրուհին առաջարկէ ձեր կերակուրը վերանորոգել, առաջին հրաւէրը մի՛ ընդունիք, այլ սպասեցէ՛ք, որ երկրորդ անգամ մը եւս հրաւիրէ:
9- Վայելչութեամբ կերէք
- Տաք ապուրը պաղեցնելու համար մի՛ փչէք:
- Աղցանը, հացը եւ դդմաճները դանակով մի՛ կտրէք:
- Կերակուրին թացանը դգալով չենք ուտեր, այլ պնակին մէջ կը ձգենք:
- Եթէ ձուկի փուշ մը կայ ձեր բերանին մէջ, բարձրաձայն մի՛ յայտարարէք, այլ զգուշութեամբ, առանց ուշադրութիւն գրաւելու, պատառաքաղին միջոցաւ պնակին ծայրը դրէք:
10- Ձեր կողքը նստողին խորհուրդներ մի տաք
Ինչ դուք կը սիրէք, կրնայ ձեր կողքը նստած բարեկամը կամ նոր ծանօթացած անձը չսիրէ: Բոլորին դիմաց մի՛ առաջարկէք, որ տուեալ ուտելիքը փորձէ ան. կրնաք զայն նեղ կացութեան մատնել:
11- Անհատական պատառաքաղը միշտ մի՛ գործածէք
Երբեմն անզգալաբար ու անզգուշութեամբ ձեր անձնական պատառաքաղն ու դգալը կրնաք օգտագործել կեդրոնը դրուած ուտելիքէն կամ աղցանէն բաժին մը ձեր պնակին մէջ զետեղելու:
Ասիկա անընդունելի սովորութիւն է, որովհետեւ ճիշդ չըլլալու կողքին, կրնայ ձեր շուրջիններուն մօտ զգայնութիւններ յառաջացնել:
12- Շնորհակալութիւն յայտնեցէ՛ք
Մեկնումի ժամուն, հրաւիրեալներուն ընդհանուր ցտեսութիւն ըսէք, իսկ ձեզ մինչեւ դուռ ճամբող տանտիկինին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեցէք:
Կրնաք նաեւ յաջորդ օրը հեռաձայնով կամ ծաղկեփունջ մը ուղարկելով (շնորհակալական երկտողով մը) ձեր շնորհակալութիւնը յայտնել նախորդ օրուան հրաւէրին համար:
—————————————————————————————
ԱՅԼԱԶԱՆ
Տխուր Երգերը
Կը Բուժեն… Դժբախտ Սէրը
Ամերիկեան «Ճըրնըլ աֆ Քընսիումըր Ռիսըր»չ ամսագիրին մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը համաձայն՝ տխուր երգերը կ՛օգնեն համեմատաբար դիւրին տոկալու սիրածէն բաժանումին:
Փորձարկումը ցոյց տուած է, թէ տխուր, մելամաղձոտ երգերը կ՛ազդեն բաժանումէ տառապող սիրտերուն վրայ այնպէս, ինչպէս կ՛օգնէ ընկերոջ մը կարեկցանքը:
Տխուր երգերը նաեւ կը ցրուեն վատ միտքերը, կ՛օգնեն մեղմելու ցաւը եւ կը դարմանեն սիրտի վէրքերը… Իսկ երգիծական ժապաւէններն ու ուրախ երգերը կարճ ժամանակով մը կը թեթեւցնեն տառապող անձին վիճակը:
Ուշադրութիւնը Մարզելու Վարժութիւններ
Եթէ ձեր շրջապատը յաճախ կը գանգատի ձեր անուշադրութենէն, ցրուածութենէն, ապա թերեւս իսկապէս կարիքն ունիք մարզուելու: Ահաւասի՛կ քանի մը օրինակ.
- Ժամացոյցին վրայ ճշդեցէք 1 վայրկեան եւ այդ միջոցին, առանց դադարի, թուարկեցէք բոլոր իրերը, զորս կը տեսնէք ձեր շուրջը: Ձեր նպատակը պէտք է ըլլայ հասնիլ այն հանգրուանին, ուր կը յաջողիք թուարկել առնուազն 50 իր:
- Պիտի զարմանաք, սակայն ուշադրութեան հետ սերտ կապ ունի համբերատարութիւնը: Համբերատարութիւնը մարզելու համար, որոշեցէք աշխատանք մը, որով պէտք է զբաղիք 40 վայրկեան: Յիշեցնենք, որ հեռատեսիլ դիտելը այս նպատակին յարմար աշխատանք չի՛ նկատուիր:
- Աղմկոտ միջավայրի մէջ կեդրոնանալու համար, փորձեցէք աշխատանք մը կատարել հաճելի երաժշտութեան ընկերակցութեամբ՝ չշեղելով ձեր կատարելիքէն: Ժամանակի ընթացքին, ամէնէն զօրաւոր աղմուկն անգամ պիտի չխանգարէ ձեզ:
————————————————————————————————-
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՀԱԳԻՐԸ
Ֆեթա Պանիրով Կարկանդակ
Բաղադրութիւն՝ 6 անձի համար
150 կրամ ալիւր
3 հաւկիթ
80 կր. նոր տաշուած փարմըժան պանիր
12 սանթիլիթր հեղուկ սեր
Ապուրի դգ. մը քիմիական թթխմոր
8 սանթիլիթր ձիթաիւղ
Սեւ պղպեղ
2 կարմիր պղպեղ
1 կանաչ պղպեղ
2 ապուրի դգ. մանրուած, թարմ ռեհան,
150 կր. ֆեթա պանիր
Պատրաստութիւն
Պղպեղները փուռին մէջ խորովել, կեղուել եւ մանր կտրտել:
Ֆեթա պանիրը խորանարդաձեւ մանր կտրտել:
Խորունկ ամանի մը մէջ հաւկիթները հարել, յաջորդաբար աւելցնել ալիւրն ու թթխմորը, սերն ու ձէթը, միատարր խմոր մը ստանալէ ետք աւելցնել տաշուած փարմըժանը եւ սեւ, փոշի պղպեղը:
Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով: 22 սմ. տրամագիծով ափսէի մը յատակն ու կողմերը ձէթով ծեփել:
Խմորին աւելցնել մանրուած պղպեղները, մանրուած ռեհանը եւ ֆեթան, խառնել եւ փոխադրել կաղապարին մէջ, ապա եփել 45 վայրկեան:
Երեսը անմիջապէս երբ գոյն առնէ, ալիւմինիոմ թուղթով ծածկել, շարունակել եփել, մինչեւ որ կարկանդակին մէջ մխրճուած ցպիկը մաքուր դուրս ելլէ:
Ձգել, որ պաղի, ապա շերտել եւ հրամցնել: