ԴՈԿՏ. ՎԻԳԷՆ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Դժուար մարտահրաւէր է՝ իսկապէս, խօսիլ մարդու մը եւ իր գործի մասին, երբ արդէն Սօս Սարգիսեաններու, Պերճ Զէյթունցեաններու, Պօղոս Սնապեաններու պէսերը իրենց մտասեւեռման ու գրիչի թիրախը դարձուցած են անոր:
Այնքա՜ն հմտութեամբ եւ քանի ճարտար դարձուածքներով բնութագրած են Ցոլակ Յովսէփեան տիպարը, որ իրօք մարտահրաւէր կը դարձնէ իմաստալից բան մը աւելցնելը ըսուածին վրայ:
Գտնել ապաստա՞ն մտաւորական եւ փիլիսոփայական թռիչքներու մէջ՝ բան մը, որ Ցոլակի արուեստը՝ իր բնոյթով անպայմանօրէն թոյլ կու տայ ընել, թէ պարզապէս բաժնեկից դարձնել այն զրոյցին, որ սեղանի մը շուրջ պիտի ունենայի բարեկամներու հետ՝ Ցոլակի մասին:
Իր նախընտրութիւնը վստահ եմ պիտի ըլլար այն այլընտրանքը, որ հաւակնոտ չէր, ընկերական էր, բայց նախ, որ իր անձին մասին չէր, որովհետեւ Ցոլակը միշտ ալ նախընտրած է ըլլալ պատմիչը, տաղասացը, շրջիկ բանաստեղծը՝ բայց ո՛չ մեր ուշադրութեան կեդրոնը: Ահա այստեղէն, արդէն իսկ խարսխուած է իր բնածին տաղանդը: Ցոլակը կարծես ամէն տեղ է եւ իր ներկայութեամբ կրնայ բացակայ ըլլալ նաեւ: Այս՝ իւրայատուկ կերպար է՝ դիտարկողի տեսակ է, նկատողի տեսակ է, որսորդի հմտութիւնը իր էութեան հետ միաձուլողի տեսակ է. ընդմիշտ թաւալող է՝ կորնչող րոպէները անդամալուծողի տեսակ է: Տեսակ՝ որուն համար գործիքը՝ այս պարագային լուսանկարչական գործիքը, շուտով կը դառնայ մարմինի մէկ անդամի շարունակութիւնը: Այս իմաստով, կարծէք լուսանկարչական գործիքը գտած է իր տէրը եւ ո՛չ հակառակը:
Ես կը հաւատամ, որ կեանքի մէջ չկան լոկ զուգադիպութիւններ: Կան միայն ընտրութիւններ եւ մարդու ազատ կամքն ու պարտաւորութիւնը՝ կատարելու ընտրութիւններ: Այս իմաստով, Սագօ Շատախունիի Պաղտատ այցելութեան եւ մեկնումի գրեթէ զաւեշտական պատմութիւնը ուխտագնացութիւն ըլլար կարծես, լուսանկարչական գործիքը միացնելու իր վարպետութիւնը եւ Ցոլակը, բարեբախտաբար, ընտրեց միանալ իր կեանքի ընկերոջ: Լուսանկարչական գործիքը ի՛ր ընկերը, իսկ ինք՝ բոլորին ընկերը:
Այնքա՜ն հանգիստ Ցոլակ կ՛ըսեմ, որ լսողը կը կարծէ թէ համատարիք ընկերներ ենք, նոյն բակին մէջ պասքէթ կամ ֆութպոլ խաղացած միասին: Հակառակ որ հօրմէս տասնամեակ մը մեծ է, լիարժէք հանգստութեամբ կրնամ հաստատիլ, որ Ցոլակը ընկերս է: Այս ալ ահա այս մարդուն մէկ այլ յատկանիշը, որ անքակտելիօրէն կապուած է իր արուեստին եւ երաշխաւորող հանգամանք է անոր յաջողութեան:
Ցոլակի ընկերութեան մէջ կայ հարազատութիւն: Չեմ գործածեր եղծումի առարկայ դարձած անկեղծութիւն բառը, հակառակ որ այդ գծով կասկածէ վեր է Ցոլակի ոճը:
Իր հարազատութեան մէջ սակայն կայ աւելին: Կայ միւսին կապուելու, գրեթէ վերանձնական հաղորդականութիւն, որ կ՛անհետացնէ տարիքի, մասնագիտութեան, տիտղոսի եւ յարաբերական այլ շինծու գիծեր: Անոր համար ալ Ցոլակի ընկերութիւնը երբեք ալ խնդրոյ առարկայ չի կրնար դառնալ:
«Ճիկեր»ով սիրող է Ցոլակը եւ իր ոսպնեակը օժտուած է սիրողի ցոլքը ճառագայթելու նուէրով, զոր կարելի չէ վերարտադրել:
Նայեցէ՛ք իր դիմանկարները. իւրաքանչիւրին մէջ խօսուն է Ցոլակի ընկերութիւնն ու սէրը: Լուսանկարչական գործիքի ոսպնեակը մեզմէ իւրաքանչիւրը դէմ հանդիման կը դնէ մեր ինքնագիտակցութեան, բան մը, որ խորապէս կ՛անհանգստացնէ մարդ արարածը: Մերկացնող ոսպնեակը, որովհետեւ քեզ որսացող այդ մէկ րոպէին ընթացքին կ՛ոչնչացնէ մարդը զբաղեցնող առօրեայ բոլոր յանձնարարութիւնները եւ զինք կը դնէ իր մերկ ինքնագիտակցութեան դիմաց: Անոր համար է, որ «քամերա»ին հետ մեր փոխյարաբերութիւնը կը թուի ըլլալ այնքան տարօրինակ եւ կը փորձենք այլանդակ դէմքի մէկ արտայայտութեամբ կամ անսովոր ժպիտով մը փախուստ տալ անձկութիւն պատճառող այդ վայրկեանէն:
Ցոլակը՝ շնորհիւ իր հարազատ փոխյարաբերական ոճին, յաջողած է շրջանցել իր արուեստի այս արգելքը՝ արուեստագէտը եւ իր նիւթը տեղադրելով ենթակայական նոյն տարածութեան վրայ: Նկարուողը երբեք չզգար առանձին, որովհետեւ նկարողը մարդասիրական հարազատութեամբ միաձուլուած է իր հետ: Նայեցէ՛ք դիմանկարներուն. հոն է նախ Ցոլակը, ոչ թէ անջատուած իր լուսանկարչական գործիքին ետեւը:
Ազգային մարդ է Ցոլակը: Հայրենասէր մարդ է Ցոլակը: Պինդ Դաշնակցական մարդ է Ցոլակը: Հայրենիքը Ցոլակի կիզակէտն է, իսկ Դաշնակցութիւնը իր գոյութեան խարիսխը: Բազմերես մակարդակներու վրայ իր արուեստը արտացոլումն է նախ այս իրականութեան:
Ալպոմի յանձնախումբի իր ընկերները բազմիցս արտայայտուած են իրենց ժողովներու մասին, լսողին կռահել տալով, որ նկարներու իր հաւաքածոյի ետին կայ նաեւ գանձ մը՝ պատմութիւններու մթերք մը, որ իւրաքանչիւր առնուած նկարի կ՛ընկերանայ: Անկեղծ պահեր են, հարազատ վկայութիւններ, որոնք անկասկած հարստացուցած են Ցոլակի ներաշխարհը, սակայն նախ ուռճացուցած են նկարներու իր լայն հաւաքածոն:
Գուսանին նման, որ կը ստանայ աւիշ ու աւիւն իր անմիջական մարդկային շփումներու ընդմէջէն, Ցոլակն ալ կեանք մը ամբողջ ներշնչուած է պատմութիւններով, զորս ոսպնեակը չի կրնար արձանագրել, սակայն վստահաբար կ՛արտացոլայ: Ահա հոս է, ուր մեր նախանձը կ՛արթննայ: Հարստութիւնը, որ ինք ամբարած է իր շփումներուն ընդմէջէն, բան մը, որուն մենք միայն կրնանք տիրանալ երեւակայական մեր աշխարհին մէջ: Թերեւս անոր համար ալ է, որ մեզմէ շատերը ունին գաղտնի փափաքը Ցոլակի ոսպնեակին արժանանալու համար ազգակերտման եւ հայակերտման ճամբուն վրայ իրենց դրոշմը ձգած հսկաներու փաղանգին հետ: Այդ փափաքը ունին շատերը, նոյնիսկ եթէ իրենց նկարները միանան Ցոլակին այն միւս ալպոմին, որուն ածականը յարմար պիտի չըլլար արտասանիլ այստեղ:
Վարձքդ կատա՛ր, սիրելի աւագ ընկերս: